Կարելի՞ է ժողովուրդի մը երեսնամեայ պայքարը եւ կեանքը լուսանկարներով ներկայացնել:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին վերջերս լոյս ընծայած շքեղ ալպոմը դրական պատասխանն է այս հարցումին:
Եռալեզու (հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն) ալպոմը ունի վեց բաժիններ.
– Համազգային շարժում.- Այստեղ ամփոփուած են Ստեփանակերտի եւ Երեւանի առաջին հանրահաւաքներու ու բողոքի ցոյցերու լուսանկարներ: Բոլորին հայեացքները հաւատք, հպարտութիւն ու վճռակամութիւն կը փոխանցեն:
– Երկրաշարժ.- Աւերի եւ ցաւի պահեր են այստեղ: Սեւ ու սպիտակ լուսանկարներու բաժինը կը փակուի նոր յոյս ներշնչող պատկերով մը. ծննդաբերութիւն` աւերակ Լենինականի մէջ:
– Ազատամարտ.- Արցախի խաղաղ բնակիչներ, հայդուկային խումբեր, մարտերու դժուար պահեր, վիրաւորներ, նահատակներ, ֆետայիներու կեանքէն պատկերներ ամփոփուած են այս բաժինին մէջ: Լուսանկարները համեմատաբար քիչ են, բայց պատկերացում կու տան այդ տարիներու պայքարի դժուարութիւններուն մասին, նաեւ` մարտական ոգիին:
– Թիկունքում.- Ցուրտ եւ մութ տարիներու համառօտ ներկայացումը կայ հոս. շրջափակում, հերթեր եւ այլն: Այստեղ կան նաեւ իրենց հարազատները սպասող մայրեր ու կիներ… Սովորական քաղաքացիի առօրեան է` դպրոցի բակէն մինչեւ հարսանիք` Արցախի մէջ: Կեանքը կը շարունակուի…
– Քառօրեայ պատերազմ.- Ապրիլ 2016-ի շատ հակիրճ նկարագրութիւնը կայ այս բաժնի նկարներուն մէջ: Թնդանօթները, խրամատները եւ ժպիտը դէմքին` ինքնավստահ հայ զինուորը…
– «Խաղաղ» կեանք.- Պայմանական է այս խաղաղութիւնը… Սակայն կեանքը վառ գոյներով կ՛ընթանայ հայկական երկու պետութիւններուն մէջ: Անկախ հայրենիքի շուքին մէջ ապրող երիտասարդ սերունդներու կեանքէն պատառիկներ կան այս բաժնին մէջ:
29 հայ եւ օտար, հանրածանօթ ու տաղանդաւոր լուսանկարիչներու տարբեր տարիներու հաւաքածոներէն լուսանկարներ համախմբող այս ուշագրաւ նախագիծին հեղինակն է Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, համակարգողը` Գերման Աւագեանը, իսկ գեղարուեստական խմբագիրը` Արտակ Պաղտասարեանը:
Այս ալպոմը թերթելով` անգամ մը եւս կը հասկնաս, որ մեր երկիրի եւ մեր ազգի ճակատագիրը դժուար է, բայց աւելի՛ զօրաւոր ու աննկուն է ապրելու, արարելու կամքը:











