ԼԱԽՏ
12 յունիսին Սինկափուրի մէջ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ իր հանդիպումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ըն «շատ լաւ բնաւորութիւն ունի, զուարճալի է եւ շատ-շատ խելացի, հրաշալի բանակցող է: Ան ռազմավարական խառնուածքի տէր տղայ է»: Անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ որո՛ւ մասին «շատ-շատ խելացի» կ՛ըսէ, եւ թէ այդ արտայայտութիւնը պէտք է իբրեւ գովասա՞նք, թէ՞ նախատինք ընկալել, ահաւասիկ Թրամփի խօսքը «հաստատող» կարգ մը երեւոյթներ, որոնք իրականութեան մէջ հալածախտի ախտանշաններ են.
– Հիւսիսային Քորէայի բռնապետը «շատ լաւ բնաւորութիւն ունի», արդարեւ, ան անցեալ տարի հրամայեց գնդակահարել իր արտասանած «խիստ հետաքրքրական» ճառին ընթացքին քնանալու ծանր յանցանք գործած երկրին պաշտպանութեան նախարարը:
– Ըն «Ռազմավարական խառնուածքի տէր տղայ է», որովհետեւ` հետեւելով իր հօր օրինակին, իրեն հետ Սինկափուր տարած էր անձնական պէտքարան մը, որպէսզի կարողանայ «ազգային հարստութիւն»-ը իրեն հետ վերադարձնել հայրենիք: Այս առումով` ան նաեւ կղկղանքը ոչ ոքի զիջելու հայրական խրատը յարգող տղայ մըն է: Չարամիտ մարդիկ այս երեւոյթը կրնան նաեւ վերագրել ծայրայեղ կծծիութեան:
– Հիւսիսային Քորէայի մենատէրը Թրամփին հետ հանդիպումին ընթացքին` ձգտելով բարձրահասակ երեւիլ, բարձր յատակով կօշիկ հագած է: Իրողութիւն մը, որ կը հաստատէ, թէ ան հաւասարապէս «զուարճալի է եւ շատ-շատ խելացի, հրաշալի բանակցող է: Ան ռազմավարական խառնուածքի տէր տղայ է»:
– Ըն նաեւ մերժեց ամերիկեան կողմին հրամցուցած գրիչով ստորագրել համաձայնագիրը եւ փոխարէնը օգտագործեց իր քրոջ տրամադրած մելանը: Այդ ալ թերեւս ցուցանիշն է անոր «աչքը կուշտ» ըլլալուն: Նկարագիրի գիծ մը, որ կը թուի վրիպած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու «շրջահայեաց ու փափկանկատ» նախագահին ուշադրութենէն:



