Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 14, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան
100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Դամասկոս

Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ), ուրբաթ, 25 մայիսի երեկոյեան Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն: Հանդիսութեան ներկայ էին` Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, հայ կաթողիկէ համայնքապետ Գէորգ վրդ. Պահէեանը, դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը: Հայաստանի եւ Սուրիոյ զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավար Վրէժ Թովմասեանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը: ՍԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Արազ Պրունսուզեանը` դիտել տալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան խորհուրդը որպէս ջահ լուսաւորած է իրերայաջորդ սերունդներուն երթը` շունչ ու աւիշ ներարկելով ապագայատեսիլ հայ երիտասարդներուն: Օրուան պատգամախօսն էր Հալէպէն ժամանած Պարգեւ Աւագեանը, որ համապարփակ գիծերու մէջ ներկայացուց հարիւրամեայ պետականութեան կերտման եւ անոր յաջորդող փուլերուն քաղաքական պատկերը` դիտել տալով, որ բնական զարգացում ապրող ժողովուրդներու համար անկախութիւնը կենսական փուլ մըն է ազգային եւ քաղաքակրթական ամբողջական կազմաւորման ճամբուն վրայ: «Կրկին պիտի գրենք մայիս 28-ի սխրագործութեան ու անոր ետին թաքնուած ճշմարտութեան ու գործընթացի հոլովոյթին մասին, որովհետեւ հոն է, որ արդի պատմութեան մութ ծալքերէն դուրս կու գանք յայտարարելու, որ մենք խուժան չենք, այլ` ազգ ըլլալու հանգամանք նուաճած ժողովուրդ», ըսաւ ան:

Ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկան նախկին ՍԵՄ-ականներ` հալէպահայ Ճորճ Գալայճեան եւ դամասկահայ Մարտիկ Գաթըգլեանը` նուագակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի:

Միացեալ Նահանգներ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղի վարչութեան եւ աջակցութեամբ գաղութի այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու,  31 մայիսին Ուաթըրթաունի Հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Վարչութեան անդամ Վազրիկ Չիլոյեանը իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց անկախ պետութիւն կերտելու այն շղթան, որ կ՛երկարի մայիսեան հերոսամարտերէն մինչեւ արցախեան պայքար ու Հայաստանի վերջին ժողովրդային շարժում:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հայրենի «Երկիր Մետիա» կայանին պատրաստած` Արթուր Մկրտչեանի հեղինակային վաւերագրական «Պետութիւն վերջին հողակտորի վրայ» ժապաւէնին անգլերէն տարբերակը:

Յայտնենք, որ ցուցադրուած էին նաեւ 1918 թուականին անկախացած հանրապետութեան պաշտօնական արխիւներէն նմուշներ` զինուորական, դիւանագիտական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու, որոնց շարքին` այն գլխաւոր փաստաթուղթը, որ աւետած է հայկական անկախ պետութեան հիմնադրութեան մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը:

* Կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրախանութին եւ Համազգայինի Գեղարուեստական միաւորին, մասնակցութեամբ գեղանկարիչ Ռազմիկ Սամուէլցի «Արթ 4 արթ» գեղարուեստի դպրոցի սաներուն, 30 մայիսին Համազգայինի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած ստեղծագործութիւնները նուիրուած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Կիպրոս

* 27 մայիսին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եւ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ    հանրապետական մաղթանք եւ գոհաբանական աղօթք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման առիթով, իսկ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն`   Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ նահատակուած քաջարի մարտիկներու հոգիներուն համար:

* Հովանաւորութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 2 յունիսին ՀՄԸՄ-ի ՀԵՄ-ի կառոյցէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի հանդիսութիւններուն մեկնարկը նշող ձեռնարկը:

Բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Չիլինկիրեանը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` մայիս 28-ի պատմական իրադարձութեանց մասին:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ 28 մայիսը համայն հայութեան տօնն է, աւելցնելով, որ այնպէս` ինչպէս սուրբերը կը պատկանին համայն մարդկութեան, նոյնպէս ալ ազգային ու եկեղեցական մեր տօները կը պատկանին համայն հայութեան: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ վերջին  շրջանին տեղի ունեցած ներհայաստանեան  իրադարձութիւնները բնականաբար ազդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշման աշխատանքներուն վրայ, սակայն 100-ամեակը մէկ տարուան ժամանակով պէտք չէ պայմանաւորել: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ պէտք է այժմէական  իմաստ տալ պատմական դէպքերուն եւ կեդրոնանալ յատկապէս բանակաշինութեան, հայրենիքի հզօրացման,  դիւանագիտական աշխատանքներուն, փետրուարեան ապստամբութեան, հանրապետութեան անկումին եւ  խորհրդայնացման վրայ: Ան հաստատեց, որ  Սարդարապատով կերտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախով կերտուեցաւ վերանկախացումը: Եթէ չըլլար Ա. հանրապետութիւնը, չէր ըլլար երկրորդը, չէր ըլլար երրորդը: Ան ըսաւ, որ այսօրուան Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութիւնն է, որ կը նշենք, իսկ հիմա նոր Հայաստանն է, որ կը բացուի ամբողջ հայութեան, որ պէտք է կառուցել 28 մայիսով կերտուած Հայաստանի արժէքներով, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, ազատութիւն եւ անկախութիւն,  բայց նաեւ` աշխատիլ միացեալ Հայաստանի կերտման համար: Սրբազանը հաստատեց, որ մեր դաստիարակութիւնը եւ իրերայաջորդ  սերունդներու կերտումը կը պարտինք մայիս 28 կերտած սերունդներուն, եւ եզրափակելով իր խօսքը` կոչ ուղղեց բոլորին մասնակից դառնալու եւ ոչ թէ դիտողի դերին մէջ մնալու եւ շարունակել վառ պահել մայիս 28-ի աւանդը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-խրախճանք, որուն ընթացքին ժողովրդային, ազգային ու յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանէն հրաւիրուած երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանը:

Միացեալ Նահանգներ

Մասնակցութիւն Կլենտէյլի
Նոր Ոստիկանապետի Երդման Արարողութեան

Ընդառաջելով ոստիկանական բաժանմունքի հրաւէրին` Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայ գտնուեցաւ նոր ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի երդման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ 31 մայիսին, Կլենտէյլի քաղաքապետարանին մէջ:

Կլենտէյլի քաղաքապետութեան վարիչ Եասմին Պիրզը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը եւ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը` կատարելու բացման աղօթքը: Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի առաջնորդէ ոստիկանապետին քայլերը իր այս պաշտօնին մէջ` անոր պարգեւելով ուժ եւ կորով, որպէսզի իր պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները լիարժէքօրէն իրագործէ` պարգեւելով իմաստութիւն ոստիկանութիւնը առաջնորդելու առաքելութեան մէջ, որպէսզի զայն կատարէ արժանապատուութեամբ, արդարութեամբ եւ ուղղամտութեամբ: Ան նաեւ աղօթեց բոլոր ոստիկաններուն ապահովութեան համար` մաղթելով, որ անոնք քաջաբար եւ անձնուրաց կերպով կատարեն իրենց առաքելութիւնը` ընդդէմ այսօրուան աշխարհի վտանգներուն: Առաջնորդը նաեւ օրհնեց բոլոր կառոյցները, որոնք միասնաբար կը գործեն Կլենտէյլ քաղաքի բարգաւաճման համար: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց նոր ոստիկանապետին:

Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, զոր վարեց Եասմին Պիրզը:

Շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, նաեւ` Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Ճիմ ՄըքՏանըլը:

Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսը, որ նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ խօսեցաւ իր ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն մասին:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կը Պարգեւատրէ Հայկուշ Քոհլըրը` Կեանքի Ծառայական Իրագործումներու Մրցանակով

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, վերջերս Կլենտէյլի «Լեկըսի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ի նպաստ Ջաւախքի երեք երիտասարդական կեդրոններու, մասնաւորապէս Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը տարեկան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ` աջակցելու Վրաստանի հայ բնակչութեան: Այս տարի յանձնախումբը պարգեւատրեց իր երկար տարիներու ատենապետ Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըրը` «Կեանքի ծառայական իրագործումներ»-ու մրցանակով:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը շնորհաւորեց Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըրը եւ յաջողութիւն մաղթեց հիմնադրամի յանձնախումբին, որ համայնքին կ՛ուսուցանէ ջաւախահայութեան աջակցիլ:

Յանձնախումբի անդամ Գառնի Արմէնեանը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը Ջաւախքի հայերուն` շեշտելով, որ հարկ է նեցուկ կանգնիլ Ջաւախքին աջակցելու ջանքերուն:

Այնուհետեւ  ցուցադրուեցաւ «Ջաւախք» հիմնադրամին գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեանը ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան յանձնախումբին եւ կ՛օգնեն անոր ծրագիրներուն:

Պօզոյեանը ներկայացուց հիմնադրամի վերջին 17 տարիներուն նուաճած ձեռքբերումները Ջաւախքի մէջ: Ան նաեւ քննարկեց Ջաւախքի հայերուն պայքարը` վկայակոչելով Ջաւախքէն արտագաղթի վտանգը եւ թրքական ներդրումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի հիւսիսային սահմանը, բացատրելով, որ հիմնադրամը կը ձգտի մեղմացնել այդ դժուար իրավիճակը` երիտասարդական կեդրոններու տարեկան կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու հովանաւորութեամբ:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր օրուան պարգեւատրեալ Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըրի կեանքը, նաեւ` կարգ մը անձնաւորութիւններու շնորհաւորական խօսքերը, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ պարգեւատրեալը:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ներկայացուցիչ-կապ Նենսի Պետիրեանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայ օգնութեան միութիւնը միշտ պատրաստ է օժանդակելու հայերուն, հոն, ուր կարիք կայ, աւելցնելով, որ Ջաւախքի հայութեան ինքնութիւնը պահպանելու համար պէտք է նոր ձեւեր գտնել:

Կիպրոս

Երկրի Անկախացման
242-րդ Տարեդարձի Նշում

5 յունիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանը եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը  ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնական հրաւէրին` ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած արարողութիւն-հանդիսութեան, գեղարուեստական յայտագրին ու ընդունելութեան` երկրի անկախացման 242-րդ տարեդարձին առիթով:

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քաթլին Տոհերթի իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Ամերիկայի պատմութեան եւ ներկայ աշխարհի իրադարձութեանց:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատիսը:

Հանդիսութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը եւ պետական ներկայացուցիչը կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեցին ու բարեմաղթութիւններ կատարեցին դեսպանին: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան զրուցելու խորհրդարանի նախագահին, կրօնապետներու, դեսպաններու եւ այլ պաշտօնական անձերու հետ:

Յունաստան

Էմիլիա Գասպարեան` Պրիւքսէլի
Միջազգային Մրցումի Դափնեկիր

18 մայիսին, յունահայ ջութակահարուհի, 16-ամեայ Էմիլիա Գասպարեանը հանդիսացաւ Պրիւքսէլի մէջ կայացած ջութակի «Ինթըրնեշընըլ վիոլին քոմփեթիշըն Լէոնիտ Քոկըն» հանրաճանաչ միջազգային մրցոյթի դափնեկիր:

Յայտնենք, որ Էմիլիա Գասպարեանը երաժշտասէր ընտանիքէ սերած է: Հայրը` Վահագն Գասպարեանը, յայտնի կիթառահար է,  մայրը` Յասմիկ Աթապէկեանը, տաղանդաւոր դաշնակահարուհի, իսկ փոքր եղբայրը` Դանիէլ` ջութակահար:

Պոլիս

«Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս»
Երգչախումբ

«Լուսաւորիչ դպրաց դաս» երգչախումբը կազմուած է 1929 թուականին եւ 2019-ին պիտի բոլորէ իր 90-ամեակը:

Վերջին 10 տարիներուն, զանազան առիթներով այցելութիւններ կատարած է հայրենիք եւ իր  մասնակցութիւնը բերած է զանազան  հանդիսութիւններու, համերգներու, ինչպէս նաեւ`  «Իմ Հայաստան», «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ», համահայկական մշակութային փառատօներու`  ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի:  Երգչախումբը արժանացած է մրցանակներու եւ  սփիւռքի նախարարութեան ոսկեայ մետալին:

Երգչախումբը  ամէն առիթ կ՛օգտագործէ  պատուելու եւ մեծարելու համար մեր ազգը, հայրենիքը եւ մեր դրօշակը:

Վեց տարի առաջ վերակազմուեցաւ մանկանց երգչախումբը` հաւատալով, որ նոր սերունդով է,  որ պիտի գոյատեւէ մեր մշակոյթը եւ  հայ երաժշտութիւնը: Սոյն երգչախումբը,  խմբավարութեամբ Հրանդ  Չիզմէճեանի,  2 յունիսին ելոյթ ունեցաւ համերգով մը:

 

 

Նախորդը

«Ֆըրթընա Հովտի Դռները». Համշէնեան Իշխանների Ամրոցին Նուիրուած Հրապարակումը Թուրքական Պարբերականում

Յաջորդը

Հայաստան 1988-2018

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?