Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Նոյեմբերի Թիւը
Հրապարակուած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի նախավերջին թիւը, որ յագեցած է բազմազան եւ բազմաբնոյթ յօդուածներով` քաղաքական, պատմաքաղաքական, իրաւաքաղաքական, հասարակութիւն, տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային բնագաւառներու վերաբերող: Բնականաբար «Դրօշակ»-ի կիզակէտին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի առնչուող իրադարձութիւններն են, որոնք Հայաստանի հակազգային իշխանութիւններուն գործունէութեան իբրեւ հետեւանք` Արցախէն ետք Հայաստանը եւս կը տանին ազգային եւ պետական կեանքին սպառնացող փորձութիւններու ուղիով: Պատմաբան Անի Մելքոնեան զուգահեռներ կը...


















