Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Բնախօսական.- Հրթիռները կը մղուին արձակուած կազերու «հակ-ազդակ» (re-action) ուժով: Ծովային առնուազն 7 սեռեր, որոնց շարքին` ծովամայրը, ոստրէն եւ մելանաձուկը (Squid), այդ ձեւով կրնան արագ հեռանալ վտանգէ մը: Ծովամայրը, օրինակ, իր շօշափուկներու ետին գտնուող թաղանթապատ ծաւալը սեղմելով ջուրը դուրս կը մղէ:

Ազդակ-Հակազդակ.- Պատանի Ճէյմս Ուաթի թրթռացող կափարիչով թէյնիկի հեքիաթի յօրինումէն ամբողջ մէկուկէս հազարամեակ առաջ Աղեքսանդրիոյ մէջ գործող գիտնական Հերօ (կամ` Heron, առաջին դար, 10-70) գործածած էր շոգիի ուժը: իր «Pneumatica» (այսինքն  կազային) գիրքին մէջ կը նկարագրէ aeolipile (Աէլոսի գնդակ- Աէլոս հովերու աստուածն էր) (1): Գնդակը կը պտտէր դուրս մղուած շոգիի հակազդեցութեամբ: Հերոն եւ աւելի ուշ գործող միջնադարեան գիտնականներ տեսական բացատրութիւն չեն տուած երեւոյթին: Առաջին բացայայտումը եղած է Վերածնունդի շրջանին, հանճարեղ Կալիլէոյի (Galileo de’ Galilei, 1564-1642) կողմէ, որ ոչ միայն աստղադիտակի շինարար-հեղինակն է, այլ նաեւ նախահայրը` շարժումի գիտութեան: Իր «Երկու նոր գիտութիւններ» (1638) գիրքին մէջ գրած է. «Չէ՞ք տեսներ` ինչպէս թնդանօթը ետ կը մղուի, երբ կ՛արձակէ գնդակը: Չէ՞ք գիտեր, թէ նոյն ուժը, որ կը շպրտէ մէկ կամ երկու ֆունտ կշռող գնդակը, ետ կը մղէ հազարաւոր ֆունտ կշռող թնդանօթը, որ (ուրեմն) շատ աւելի դանդաղ կը շարժի (2): Նիւթոն շուրջ կէս դար ետք այդ սկզբունքը ձեւաւորեց` որպէս իր «շարժումի երրորդ օրէնք» (3): Ջրանիւներ գործածուած են Հին Եգիպտոսի մէջ եւ այլուր, բայց շոգիով կամ օդով բանող գործիքերը նկատուած են զուարճալի խաղալիքներ: Անոնք բաւարար կարողութիւն չունէին փոխարինելու ստրուկներն ու արհեստաւորները, թէեւ հաւանաբար նիւթապէս աւելի նպաստաւոր կրնային ըլլալ:

Վառօթականք.- Վառօթը Չինաստանի մէջ գտնուած է բժիշկներու կողմէ, երբ կը փորձէին պատրաստել անմահութեան «Էլէքսիր», առ այդ գործածելով երեք բաղադրիչներ` ածուխ, ծծումբ եւ «քարաղ» (salt-peter, potassium nitrate): Հրթիռներ նախ գործածուեցան տօնակատարութիւններու ընթացքին` որպէս զուարճալի հրավառութիւն: Այդ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ռազմական գործածութիւնը սկսաւ ԺԳ. դարու երկրորդ կէսին` հրկիզելու եւ ահաբեկելու համար հակառակորդը, եւ ոչ թէ` քանդելու կամ կործանելու որոշ թիրախ մը, նախ` որովհետեւ հրթիռներու ծիրը կարելի չէր նախատեսել, ապա` որովհետեւ անոնք ատակ չէին կրելու մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ: Այդ պատճառով աւելի ձեռնտու էին ծովային մարտերու ընթացքին: Մեծ թիւով հրթիռ արձակելով` կարելի էր հրկիզել կամ հեռացնել փայտաշէն նաւերը: Նախընտրելի էր պայթուցիկ մեծ ականը արձակել դասական բաբաններով:

Հրանօթային միջնարար.- Թնդանօթները արագ զարգացան, որովհետեւ անհամեմատ աւելի ճշգրիտ էին: Առաջին փորձերը կատարուած են հնդկեղէգ (bamboo) խողովակներով ձուլածոյ անագապղինձով (Bronze): Օսմանցիք առաջինն էին, որ ըմբռնեցին ոչ թէ հրթիռի, այլ թնդանօդի կարեւորութիւնը: Կը յիշուի, թէ մեմլուքներ թնդանօթ գործածած են 1260-ին` մոնկոլներու դէմ անկիւնադարձային յաղթանակ տանելու համար (4): Նոյնպէս, աւելի ուշ, Ժան Տարքի ընկերակցած ուժերը` անգլիացիներու դէմ: Մեհմետ Բ. Պոլսոյ պարիսպներուն մէջ բացուածք յառաջացուց ոչ թէ հրթիռներով, այլ` պատկերին մէջ ցոյց տրուած թնդանօթի նմանակով եւ քարէ գնդակներով, որոնք կրնային կշռել մինչեւ 540 քկ:

Բազմայարկում եւ պոչատում.- Բազմայարկ հրթիռը հնարած է K. Siemienowicz (1600-1651) Լեհական պալատի (ուր կը պաշտօնավարէր որպէս Raketenmeister – հրթիռավարպետ) հրավառութիւններուն ինչպէս եւ բանակին համար: Իր հեղինակած երկու գիրքերուն մէջ գծանկարներով բացատրուած մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ (5): Իւրաքանչիւր յարկ իր նախորդի աւարտէն կայծ կ՛առնէ եւ կը բաժնուի: Նոյն սկզբունքով կը բանէին չորս դար ետք կարծր (solid) վառելանիւթով պատրաստուած սիրողական հրթիռները, որոնց շարքին 60-ականներու «Լիբանանեան հրթիռի ընկերակցութիւն»-ի հրթիռները (Lebanese Rocket Society):

Վերը ցոյց տրուած հրթիռներուն ամրացուած են փայտէ ձողեր, որոնք երկու նպատակի կը ծառայէին: Նախ այն, որ զայն արձակողը կրնար ապահով հեռաւորութենէ մը որոշել արձակումի ուղղութիւնը: Աւելի կարեւոր հանգամանքը այն էր, որ ձողը կայունութիւն կու տար հրթիռի շարժումին, կ՛արգիլէր, որ ան սանձարձակ թաւալի: Յետ Ա. Աշխարհամարտի, Արեւմուտքի մէջ հրթիռի սիրողական խումբեր յայտնաբերեցին, որ այդ ծանր եւ օդի զգալի շփում (հետեւաբար եւ` դանդաղեցում) պատճառող ձողերը կարելի է փոխարինել փոքր «լողակ»-ներով (fin), որոնք կը շարունակուին գործածուիլ մինչեւ այսօր: Ընթերցողը կրնայ գիտական բացատրութիւնը տեսնել էջատակին (6): Ի դէպ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք շարք մը երկիրներ, յատկապէս` Խ.Միութիւն  եւ Գերմանիա, զարկ տուած էին (յատկապէս` ռազմական) հրթիռաշինութեան:

Անջրպետի հմայքը.- Ասիկա Ժիւլ Վերնի (1828-1905) «Երկրէն դէպի լուսին» (From the Earth to the Moon 1865) գիրքով չէ սկսած: Զայն կանխած են առնուազն երեքը. ականաւոր աստղագէտ Քեփլըր իր յետմահու հրատարակուած «Երազ»-ով (Somnium 1608), Կոլտուին` իր «Մարդը լուսնի վրայ»-ով, Francis Godwin (1562–1633) The Man in the Moone (1638), եւ Ֆլամարիոն իր «Բնակուած աշխարհներու բազմութիւնը (Camille Flammarion (1842-1925), French astronomer and writer.pluralité des mondes habités 1862) գործերով: Հարկ է նշել, որ Ժիւլ Վերն եւ այլք ոչ թէ բնագէտներ էին, այլ` երազողներ: Դէպի լուսին արձակուած արկի մէջ գտնուողներ պիտի ջախջախուէին, նախքան որ արկը դուրս գար թնդանօթի փողէն:

Յեղափոխական եւ ողբերգական սկիզբ.- Կառավարելի հրթիռով երկինք բարձրանալու գաղափարը յղացած է ուքրանացի ըներվարական ճարտարագէտ Նիքոլայ Քիպալչիչ, երբ իր խուցին մէջ մահապատժի կը սպասէր (7): Պայթուցիկներու մասնագէտ մը, որ մասնակցած էր Ալեքսանտր Բ. ցարի ականահար ահաբեկումին (1 մարտ 1881): Հասկնալի է, որ իր նախագիծէն մնացած է լոկ թուղթի պատառիկ մը:

Գիւտ լռութեան մէջ.- Հրթիռներու արագացման մինչեւ այսօր ի զօրու տարազին հեղինակն է Քոնսթանթին Ցիոլովսքի (1857-1935), որ մանկական հիւանդութեան որպէս հետեւանք` խլացած էր եւ հետեւաբար չէր ընդունուած  ուսումնարան: Այսուհանդերձ, գրադարարանի մէջ ինքնաշխատութեամբ յաջողած էր անցընել քննութիւնները եւ վկայուիլ որպէս գիտութեան ուսուցիչ: 1903-ին հրատարակած է «Տիեզերական տարածքի հետախուզումը հակազդեցական սարքերով» (The Exploration of Cosmic Space by Means of Reaction Devices) գիրքը, որ կը  պարունակէ իր անջրպետանաւի պատկերացումը (տե՛ս կողքի գծապատկերը): Երբ իր ժամանակի հրթիռները կարծր (solid) վառելանիւթ կը գործածէին, գիտնականը կ՛առաջարկէր հեղուկ ջրածին եւ թթուածինով բանող հրթիռ: Այդ հանճարեղ գաղափար էր, որովհետեւ այդ նիւթերը ե՛ւ թեթեւ են ե՛ւ անոնց այրումը պիտի յառաջացէր աւելի մեծ արագութեամբ դուրս մղուող կազ (շոգի): Օրուան արհեստագիտութիւնը, սակայն, ատակ չէր արտադրելու սարքեր, որոնք կը բանէին  զերոյէն վար 253 աստիճանի (հեղուկ ջրածին) եւ զերոյէն վեր աւելի քան 3 հազար աստիճանի (այրումէ յառաջացած կազ) (8): Այդ կարելի պիտի ըլլար տասնամեակներ ետք միայն: Յաջորդ տարիներուն Ցիոլովսքի շարունակեց արտադրել ուսումնասիրութիւններ` զարգացնելով իր հիմնական դրոյթը: Իր հիմնական առաջադրանքը մնաց յաղթահարել Երկրի ձգողականութիւնը եւ դուրս գալ դէպի անջրպետ: Մինչ այդ արդէն իսկ հրատարակուած էր Այնշթայնի յարաբերականութեան տեսութիւնը, որուն վստահաբար ծանօթ էր գիտնականը: Ծանօթ էր ուրեմն այն դրոյթին, որ բարձր արագութեան հասնելու համար հարկաւոր էր ծախսել աստղաբաշխական քանակի ուժանիւթ: Ցիոլքովսքի երբեք չէ ակնարկած տիեզերագնացութեան դէպի հեռաւոր աստղեր:

Ապագայապաշտներ.- 1911-ին Նոպելեան մրցանակակիր Է. Ռատըրֆորտ (Ernest Rutherford 1871-1956) յայտնաբերեց հիւլէի կառոյցը, հետեւաբար եւ` կորիզը (9): Ինք եւ իր նոյնպէս մրցանակակիր օգնական Սոտի (Frederick Soddy (1877-1956), որ աւելի արագ անդրադարձած էր Այնշթայնի նշանաւոր տարազին (տե՛ս կողքի նկարը), 1911 թուականէն սկսան կորիզային ջերմուժի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ հրատարակել: Թիւերը իսկապէս որ տպաւորիչ էին: Ըստ Այնշթայնի տարազին, օրինակ, լոկ մէկ կրամ զանգուածի «այրումը» (իմա` ձեւափոխումը) մեր ելեկտրական «ֆաթուրաներու» լեզուով կրնար արտադրել 25 մեկաուաթ ժամ:

Այդ կարելիութենէն խանդավառուած` ֆրանսացի մեքենագէտ օդաչու, օդանաւաշինութեան գործարանատէր Փելթըրի (Robert Pelterie 1881-1957) 1913-ին հրատարակեց ուսումնասիրութիւն մը, ուր Քիպալչիչի տարազին վրայ հիմնուած` հաշուարկած էր դէպի լուսին եւ մոլորակներ ճամբորդելու համար անհրաժեշտ ջերմուժը, եւ ի տես այդ քանակի հսկայ զանգուածին` առաջարկած էր կորիզային ջերմուժ գործածել: Այդ մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած: Ընդծովեաներու համար գործածուած կորիզային «փոքր» ջերմակայանները կը կշռեն շուրջ 2 հազար թոն, որ մօտաւորապէս հաւասար է հսկայ «Ափոլլօ» հրթիռի մը ծանրութեան:

Հեղուկ վառելանիւթով մղուող հրթիռներու առաջին գործնական ծրագիրը Հ. Օպերթի Hermann Oberth (1894-1989) 1923-ի դոկտորական աւարտաճառն էր, զոր ներկայացուց Փրուսիոյ կայսեր պատերազմական նախարարութեան եւ հետագային ընդլայնեց ու վերածեց 429 էջանոց գիրքի մը, որուն վերնագիրն էր` «Հրթիռ` դէպի միջմոլորակային տարածք»: Ծայրայեղ աջակողմեան Օպերթ ուսուցիչն էր հրթիռի ականաւոր մասնագէտ VonBraun-ի, որ նացի մըն էր, եւ երկուքը էական դեր խաղացին Բ. Աշխարհամարտին գերմանական հրթիռաշինութեան մէջ:

Յետպատերազմի բազմաթիւ այլ գերման գիտնականներու հետ երկուքը անցան Միացեալ Նահանգներ: Անոնք, այլ նացիներու նման, չենթարկուեցան դատական գործի, այլ հրաւիրուեցան հրթիռաշինութեան աշխատանքներու եւ մեծապէս զարգացուցին զայն: Գլխաւոր ծրագիրն էր «V1»  հռչակաւոր թռչող մէկ թոն պայթուցիկ պարունակող ռումբը, որմէ քանի մը հարիւրը տեղացին Լոնտոնի եւ եւրոպական այլ ոստաններու վրայ (11): Թռչող ռումբի գաղափարը հին է: 13-րդ դարու պատկանող նմուշ մը կը ցուցադրուի Փեքինի թանգարանին մէջ: V առաջին տառն է Vergeltungswaffe բարդ բառին, որ կը նշանակէ` «Վրէժի զէնք»:  Ծրագիրը բարեբախտաբար ուշ մտաւ ասպարէզ եւ չկարողացաւ փոխել պատերազմի ընթացքը (պարտութիւն), բայց ցոյց տուաւ անօդաչու հրթիռներու կարողութիւնը (12):

Գրեթէ 80 միլիոն մարդու (մեծ մասամբ` ոչ զինուորական) կեանք խլած պատերազմէն ետք սիրողական հրթիռաշինութեան փափաքը նուազած էր: Այդ շարունակուեցաւ մինչեւ այն պահը, երբ Պաղ պատերազմը յանկարծ սաստիկ ջերմացաւ: Այդ մասին յաջորդիւ:

(Շար. 1)

1.- Հեղուկներով խաղերը մաս կը կազմէին յունական ոսկե-դարուն, Հերոն հեղինակն էր նաեւ շարք մը այլ հեղուկով բանող առարկաներու, ինչպէս` ստորերկրեայ (ոչ բարձրադիր) ջրամբարէ վեր ցայտող շատրուան, որ մինչեւ օրս մաս կը կազմէ բնագիտութեան դասաւանդութեան ցոյցերուն:

2.- «Discourses and Mathematical Demonstrations Relating to Two New Sciences »: Կալիլէօ մեծ հնարամտութեամբ չափեց Երկրի ձգողութեան պատճառած արագացումը, երբ գոյութիւն չունէին ժամաչափեր (timer) եւ նոյնիսկ` մեքենական ժամացոյցներ: Ծանօթ անեկդոտին մէջ Կալիլէօ ճօճանակի օրէնքը կը յայտնաբերէ եկեղեցւոյ մէջ` ճօճուող ջահերու շրջանը չափելով, յենած իր բազկերակի զարկերուն:

3.- Երրորդ օրէնքը կ՛ըսէ. Իւրաքանչիւր ազդեցութիւն (ուժ) կ՛ունենայ իրեն հակառակ ուղղութեամբ հաւասար հակազդեցութիւն (reaction):

4.- Որուն իբրեւ հետեւանք` կործանեցաւ մոնկոլներու դաշնակից Կիլիկիան:

5.- Նիքոլա Քիպալչիչ (1853-1881)անդամ էր «Նարոտնայա վոլյա» (Ժողովուրդի կամք) շարժումին, որ 1879-ին, ինչպէս անունը կը թելադրէ, նարոտնիկներէ ծնած մարտական խմբաւորում մըն էր, որ յուսախաբ եղած էր խաղաղ միջոցներէ եւ որոշած էր դիմել բռնութեան: Կախաղան բարձրացած է 3 ապրիլին, ահաբեկումէն ամիս մը ետք: Հետեւած են իր ընկերներու մահապատիժները:

6.- Տե՛ս կողքի գծանկարը, ուր օդի դիմադրութիւնը հրթիռը կը մղէ դէպի ուղղահայեաց:

7.- Ինչպէս ծանրութեան կեդրոնը տարածքի «միջին» մըն է եւ կարելի է որոշ նպատակներու համար սեպել, թէ ամբողջ զանգուածը այդտեղ կը գտնուի, այնպէս եւ «միջին» մըն է «ճնշումի զանգուածը եւ կարելի է սեպել, թէ օդի դիմադրութիւնը ա՛յդ կէտին վրայ կը գործէ: Եթէ հրթիռի առանցքին վրայ այդ կէտը աւելի վեր է, քան` ծանրութեան կեդրոնը, ապա որեւէ փոքր շեղում կրնայ թաւալում պատճառել: Հաշուարկը կը կարօտի համարողական գումարումի (integral calculus), որ գործնականօրէն կարելի է միայն չափումի բարդ սարքերով եւ համակարգիչի օգնութեամբ: Բայց մարդիկ վաղուց փորձով յայտնաբերած են, որ հրթիռի ընթացքը կայուն է, երբ ճնշումի կեդրոնը կը գտնուի 1-2 հրթիռի տրամագիծ ներքեւ, ինչպէս գծանկարին մէջ կը տեսնուի:

8.- Տարբեր նիւթեր կ՛ընդլայնին եւ կը կծկուին տարբեր համեմատութիւններով: Այդ պատճառով երբ մօտենան բացարձակ զերոյի (-272 աստիճան), զօդեր եւ կպցնող խառնուրդներ (resin/epoxy) կրնան ճայթիլ, կափոյցներ (valve) չբանիլ եւ այլն, եւ այլն:: Անձնապէս շուրջ տաս տարի տառապած եմ այս տաղտկալի հարցերով:

9.- Առիթ չեմ կորսնցներ նշելու, որ Ռատըրֆորտի անկիւնադարձային փորձը կատարուած էր Մանչեսթրի համալսարանի Schuster-ի անուան բնագիտութեան շէնքին մէջ, ուրկէ վկայուած եմ ես:

10.- E= MC^2 = (10^-3)x(3×10^8)^2 = 9×10^13 Joule = (9×10^13)/(3600×1000)= (10^13)/(4×10^5)= 25 Mw.H

11.- Պատերազմի արհաւիրքը չէր փոխած Օպերթի մտայնութիւնը: Յետպատերազմի ան անդամակցեցաւ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան:

12.- Հրթիռը կը բանէր ոչ թէ շարունակուող այրումով, այլ` արագ յաջորդականութեան աղմկոտ պայթումներով եւ այդ պատճառով,  ստացած էր «Buzzbomb» (բզզացող ռումբ» ծաղրանունը:

 

Նախորդը

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Յաջորդը

Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.) Արան Եւ Սառան

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.