1930-ին կը հիմնուի Համազգայինի Ճեմարանը, եւ անկէ մէկ տարի ետք Պոլիսէն կը բերուէին փունթօ բոլորագիր, արամեան եւ յոբելեան տարրեր եւ հիմը կը դրուէր Ճեմարանի կողքին Համազգայինի տպարանին: Սակայն առաջին փուլին տպարանը տպագրական մամուլ չունէր: Տողաշարական եւ սրբագրումի աշխատանքները աւարտելէ ետք տպագրութիւնը կ՛իրագործուէր այլ տպարանի մէջ:
Ճեմարանի սահմանափակ պիւտճէն չէր արտօներ, որ տպագրական մարզի ամբողջական կազմածները ապահովուին: Ճեմարանի օրուան պատասխանատու մարմինը մեծ զոհողութիւններով կը ջանար պահել սկսուած համեստ աշխատանքը` յոյս ունենալով, որ կարելի պիտի ըլլայ հետագային Համազգայինի առաքելութեան մաս կազմող այս բնագաւառը օժտել ամբողջական կազմածներով եւ այդ ճամբով իրականացնել արեւմտահայ գրականութեան տարածումը եւ զարգացումը:
Առաջին առիթով լոյս կը տեսնէր Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուէին դասագիրքեր:
Նոր հիմնուած միութեան եւ անոր Ճեմարանի այս դժուարութիւնները նկատի ունենալով` Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան իբրեւ լուծում կ՛առաջարկէր տպարանը դարձնել իր սեփականութիւնը, անշուշտ հաշուակցելով Համազգայինի հետ` զայն դուրս բերելով պիւտճէական յաւելեալ ծանրաբեռնուածութենէ: Առաջարկը կ՛ընդունուէր, եւ Աղբալեան առաջին առիթով կ՛ապահովէր տպագրական փոքր մամուլ մը` քանի մը էջ տպելու կարելիութեամբ օժտուած: Այդ օրերուն Աղբալեան տպարանը կ՛անուանէր «Յոյս»: «Յոյս» տպարանը շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կը դառնար բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը, եւ առանց ելեկտրականութեան աշխատող մամուլը կը փորձէր գոհացնել որոշ կարիքներ: Դասագիրքերու կողքին տպարանը կը հրատարակէր կարգ մը հեղինակներու գործեր, եւ այդ ընթացքին լոյս կը տեսնէին նաեւ Աղբալեանի «Բանասէրի յուշերը», որոնք նախօրօք այլ տպարաններու մէջ կը տպագրուէին:
1938-ին լոյս կը տեսնէր Համազգայինի առաջին օրացոյցը, իսկ յաջորդ տարիներուն Գասպար Իփէկեանի խմբագրութեամբ օրացոյցերը կը դառնային օրացոյց-տարեգիրներ եւ 3000 տպաքանակով կը ստեղծէին լայն հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն: Վերջին երկու տասնամեակներուն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը վերստին ձեռնարկեց օրացոյցերու եւ նաեւ աւելի ուշ նոթատետրերու հրատարակութեան:
1944-ին սկսաւ լոյս տեսնել Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան պարբերաթերթը` «Ակօս», որ դարձաւ գրականութեան եւ արուեստի կարեւոր հարթակ մը: Արդէն այս փուլին Համազգայինի հիմնադիր Լեւոն Շանթ ձեռնարկած էր իր ամբողջական գործերու հրատարակութեան: Այդ հատորները իրենց վերահրատարակուած տարբերակով այսօր տրամադրելի են ընթերցասէր հանրութեան:
Այս ժամանակամիջոցին անշուշտ տպարանի արդիականացումը կը դառնար Նիկոլ Աղբալեանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Տպագրական աշխատանքը դիւրացնելու եւ կարողականութիւնը աւելցնելու մտադրութեամբ տպագրական մամուլը կ՛օժտուէր ելեկտրականութեամբ գործելու կարելիութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելցնել ժամական դրութեամբ անոր տպաքանակները: Պէտք է վկայել, որ օրին բոլորը կը զարմանային ի տես փոքր տպագրական մեքենայով մը իրագործուած այս աշխատանքի տարողութեան:
Լեւոն Շանթ Ամերիկայէն իր վերադարձին կը վկայէր հետեւեալը. «Ամերիկա, երբ ընկերներով տպարաններ այցելեցի, հարց տուին. – ընկեր Շա՛նթ, ձեր մամուլն ալ ասոնց մեծութիւնը ունի՞: Ժպտալով կատակեցի. – Ի՞նչ կ՛ըսէք, մեր մամուլը ասոնց կրկին մեծութիւնը ունի: Յետոյ բացատրեցի, թէ եղածը փոքր մեքենայ մըն է եւ երկու էջ միայն կը տպէ: Զարմացան, չհաւատացին»:
1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի մահէն ետք ու իր կտակով տպարանը կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւնը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛որոշէ տպարանը անուանել Համազգայինի անունով, Համազգայինի տպարան, եւ անկէ ետք այլեւս բոլոր հրատարակութիւններուն վրայ կը տեղադրուի Համազգայինի նշանակը: Նիկոլ Աղբալեանի ապահոված մամուլը մինչեւ այսօր կը պահուի եւ իբրեւ մասունք տեղադրուած է հաստատութեան մուտքին (տեսնել նկարը): Այսպէս սկսաւ ու ընդարձակուեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործը, եւ յառաջիկայ տարի արդէն պիտի նշենք անոր հիմնադրութեան 95- ամեակը:
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ անուրանալի է Համազգայինի տպարանին ունեցած դերակատարութիւնը, եւ այդ դերակատարութիւնը անշուշտ կը պարտինք տեսիլք, կամք, վճռակամութիւն ունեցող ու բազմատաղանդ անձնաւորութեան մը, որ մեր կեանքին մէջ դարձաւ պատգամաբերը այն համոզումին, որ ազգակերտումի առաքելութիւնը կը պահանջէ հաւասարապէս քաղաքական, գաղափարական, հասարակական, գրական ու մշակութային առողջ ու ներշնչող միջավայրի հաստատում, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել սերունդներու կազմաւորման ու դաստիարակութեան ճիշդ ուղին:
Համազգայինի տպարանէն լոյս տեսած Լեւոն Շանթի «Մանկական աշխարհներ»-ու, «Հայրենի աշխարհներ»-ու, «Քերականութիւն արեւմտեան հայերէնի» պրակները, «Հայրենի բառակազմութիւն եւ յուզական զէնքերը լեզուի» հատորը դարձան սփիւռքեան կրթական համակարգի յենասիւները: Աւելի՛ն, անոր վէպերը, հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները, մանկավարժական տեսութիւնները մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը:
Արտակարգ ընթերցող ու բանասիրական պատկառելի վաստակ ունեցող Նիկոլ Աղբալեան իր բանասէրի յուշերով մեծ ներդրում ու նպաստ ապահովեց սփիւռքահայ գրական կեանքին: Ասոնց կողքին «Պատմութիւն հայոց գրականութեան» եւ իր մահէն ետք «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին» իր հրատարակած գիրքերը մինչեւ այսօր մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու իբրեւ աղբիւր կը նկատուին:
Աղբալեանի մահէն ետք, երբ Գասպար Իփէկեան Համազգայինի գործավարութեան կողքին ստանձնեց հրատարակչատան գործի պատասխանատուութիւնը, այդ փուլին եւս տպագրական մարզը արձանագրեց կարեւոր նուաճումներ: Լոյս տեսան ընթերցանութեան գիրքեր, եւ Շանթի, Գասպար Իփէկեանի եւ Կարօ Սասունիի խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ նաեւ մանկական մատենաշար:
Այստեղ պէտք է անդրադառնալ նաեւ Արշակ Յովհաննէսեանի թուաբանութեան դասագիրքերու շարքին, Գառնիկ Գիւզալեանի Հայոց պատմութեան դասագիրքերու, Կարօ Սասունիի մանկապատանեկան մատենաշարի եւ «Սասունցի Դաւիթ» աւանդավէպի հրատարակութիւններուն: Այս բոլորն ալ իրագործուեցան նոյն ժամանակամիջոցին` Համազգայինի տպարանին ճամբով:
Այսօր, երբ կը դիմաւորենք Համազգայինի հրատարակչական գործի սկզբնաւորութեան 95-ամեակը, իւրաքանչիւր հրատարակութեան իրագործման ընթացքին երախտապարտութեամբ կը յիշենք մեր մեծերը, որոնք օրին ունեցան տեսլականը` սփիւռքի մէջ այսպիսի կարեւոր բնագաւառի մը հաստատման: Թելադրական է անոնց պատգամը այսօր, երբ հակառակ հրատարակչական եւ գրատարածման մարզի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, սփիւռքի մէջ արմատ նետած հայ լեզուի նահանջին ու ընդհանրապէս հոգեմտաւոր արժէքներու հանդէպ տակաւ յամեցող անտարբերութեան եւ վերջապէս սփիւռքեան զանազան շրջաններու մէջ մեծ թիւով հայկական տպարաններու փակումին, Համազգայինի հրատարակչական գործը կը շարունակուի, եւ հիմնադիրներու կտակը կը ճառագայթէ ամէն օր` նորանոր հրատարակութիւններով:
Արժէ նշել, որ այս պարագային յարատեւութեան ու աշխատանքի անխափան շարունակման մէջ մեծ է դերը նաեւ Համազգայինի պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանի, որ օրին, երբ նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուած է հաստատութիւնը, ինք նաեւ, Աղբալեանի նման, անձնական ներդրումով ու որոշ ժամանակաշրջանի մը համար հաստատութեան վարչական ու տնտեսական գործառնութիւնը հետապնդելով, յաջողած է վերանորոգ ընթացք մը տալ այս առաքելութեան: Նոյն ձեւով, երբ Սէթեան տպարանը յանձնած է Համազգայինին, Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատութիւնը որոշած է անուանել անոր անունով:
Նիկոլ Աղբալեանի սկսած գործը պիտի շարունակուի անխափան, եւ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, Համազգայինը պիտի շարունակէ թիավարել հոսանքն ի վեր, մի՛շտ «Լոյսով` լոյսին» հաստատակամ քայլերով եւ իր հիմնադիրին «Յոյսը» անմար պահելու հաւատքով ու վճռակամութեամբ:
Պատիւը` արժանաւորա՛ց:



