ԱՐՇՕ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Կիրակնօրեայ վարժարանը քրիստոնէական դաստիարակութեան լաւագոյն վայրերէն է, ուր նորահաս սերունդներ կը ստանան եկեղեցական համառօտ գիտելիքներ, տիպար հայու արժանիքներ, կը ծանօթանան հայ առաքելական ուղղափառ դաստիարակութեան` զինուելով ճշմարիտ քրիստոնեայի յատկանիշներով:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեան հիմնուած է 1930-ին, Լիբանան, Պուրճ Համուտի մէջ: Ան 95 տարիէ ի վեր իր առաքելութիւնը կը շարունակէ անվարան եւ վերանորոգ թափով, իր աշխուժ եւ նուիրեալ ուսուցչական կազմով:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեան բաղկացած է չորս բաժիններէն` մանկապարտէզէ, կրտսեր (Ա.Բ.Գ.), միջին (Դ. եւ Ե.) եւ պատանի (եօթներորդ եւ վեր) դասարաններէ: Իւրաքանչիւր դասարան ունի իր յատուկ ծրագիրը եւ դասատու անձնակազմը: Կիրակնօրեան կը սկսի լսարանային բաժինով, որուն ընթացքին աշակերտները մօտէն կը ծանօթանան` մեր Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծիսագիտութեան, Սուրբ Գիրքի անձնաւորութիւններուն եւ պատմութիւններուն:
Սիրելի՛ ծնողներ,
Մեր ջերմ փափաքն է, որ ձեր զաւակները առաջնորդէք կիրակնօրեայ, որպէսզի անոնք մաս կազմեն աննման շրջանակի մը, ուր պիտի վերահաստատեն իրենք ինքնութիւնը:
Սիրելի՛ փոքրիկներ,
Մեր խօսքը կ՛ուղղենք նաեւ ձեզի, որ միանաք մեզի` ամէն կիրակի ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ զօրացնելու ձեր հաւատքը եւ հարստացնելու ձեր գիտելիքները: Մեր կիրակի օրերը լեցուն են` խաղերով, զարգացման մրցումներով, ձեռային աշխատանքով եւ պտոյտներով:
Տարիներու իմ փորձառութենէս մեկնած` կրնամ վկայել, որ կիրակնօրեայի շրջանաւարտները հիմա դարձած են տիպար ծնողներ եւ ուսուցիչներ, որոնք, իրենց կարգին, իրենց զաւակները կ՛ուղղեն կիրակնօրեայ վարժարան: Անոնք միշտ կապուած կը մնան կիրակնօրեային: Միշտ կը ջանանք մեր լաւագոյնը տալ եւ նորութիւններ բերել: Մեր ուսուցիչները կը ծառայեն մեծ նուիրումով եւ կորովով: Մեր դռները միշտ բաց են ազգին բոլոր զաւակներուն դիմաց, անհամբեր կը սպասեն ձեր բոլորին անխտիր:
Թող Աստուած միշտ կանգուն պահէ մեր կիրակնօրեան եւ անոր անձնակազմը, որպէսզի միշտ տանք բարին, ճիշդն ու լաւագոյնը: Միացէ՛ք մեզի ամէն կիրակի, կէսօրուան ժամը 12:00-էն 1:30, Սրբոց Քառասնից Մանկանց նախկին վարժարանին մէջ, չորրորդ յարկ:
Բարով կը սպասենք ձեր բոլորին:








