Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.) Արան Եւ Սառան

December 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սառան եւ Արան

Գուցէ աւելի ճիշդ եւ արդար պիտի ըլլար, եթէ այս յուշագրութիւնը խորագրէի «Սառան եւ Արան» եւ ոչ թէ` «Արան եւ Սառան», նախ` առ ի յարգանս կին էակներուն եւ ապա ես Սառայի միջոցով է, որ ծանօթացած էի իր կողակիցին` Արային: Սակայն «Արան եւ Սառան» թէ՛ աւելի հնչեղ է եւ թէ՛ մեղանչած չեմ ըլլար մուսալեռցիական մեր աւանդութեան… Ուրեմն թող նոյնը մնայ…

Այնճար, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկ. վարժարան, 1968, Յուլիս

Այս պատմութիւնը, որ շատերու համար կրնայ տարօրինակ թուիլ, ո՛չ ընկեր-ընկերուհիներուս, ո՛չ հարազատներուս եւ ո՛չ ալ նոյնինքն Սառային պատմած եմ երբեւէ… Այնպէս որ, հետաքրքրութենէ աւելի` խիստ ուսանելի ըլլալուն համար կը հրապարակեմ զայն…:

Յառաջ վարժարանի ուսուցիչներէն` Մովսէս Քիւսպէկեանի իսկ վկայութեամբ, Այնճարի աշակերտական առաջին երգչախումբը ինք ստեղծած է, 1961-ին: Առաջին շարքէն ոտքի` ձախէն առաջինը Աննա Պայլուզեան, իսկ նոյն շարքէն աջին երրորդը` Մովսէս Հերկելեան:

Տրուած ըլլալով, որ եղանակը սկսած էր տաքնալ, դասարանին դուռը բաց էր: Քիմիագիտութեան դասապահն էր: Անձնապէս գիտական դասերը կը սիրէի, իսկ լեզուական դասերը ոչ միայն չէի սիրեր, այլ դասատուներուն հետ ալ յարաբերութիւններս վատ էին: Ծուլութեան զուգահեռ, նաեւ չարութեանս իբրեւ հետեւանք` իրենք աւելի դժգոհ էին ինձմէ, քան` ես իրենցմէ: Իսկ գիտական նիւթերու պարագային ճշմարտութիւնը հակառակն էր: Թէ՛ գիտական նիւթերը կը հետաքրքրէին զիս եւ թէ՛ համակրանք կը տածէի դասատուներուս հանդէպ, որոնց շարքին նաեւ` Յովհաննէս Գարագաշեանին (միաժամանակ դպրոցի տնօրէնն էր), որ հակառակ խիստ ճշդապահ ըլլալուն` այդ օր սովորականէն շատ աւելի ուշացաւ, իսկ մենք սկսանք աղմկել, իսկ երբ ես կը փորձէի դասարանէն դուրս ելլել ստուգելու համար ուշացման պատճառը, յանկարծ մտաւ վայելուչ հագուած գեղեցիկ օրիորդի մը հետ: Օ՜… Աստու՜ած իմ… Սառանիկն էր… իմ նախկին դասընկերուհիս… Բոլորս ոտքի ելանք… Պր. Գարագաշեանը հանդարտեցնելէ ետք մեզ, եզրափակեց.

Այնճարի «Ծարտակէրը» 1974-ին. ձախին` Յովհաննէս Գարագաշեան, իսկ աջին` Մովսէս Հերկելեան

– Սառա Պայլուզեանը մեր նախկին փայլուն աշակերտուհիներէն  է, այսօր քիմիագիտութեան դասնթացքը ինք պիտի վարէ: Այժմ կ՛ուսանի Պէյրութի BCW համալսարանը: Եթէ հետաքրքրուած էք համալսարանական կրթութեամբ, վերջաւորութեան կրնաք նաեւ այդ մասին հարցումներ ուղղել իրեն:

Ըսաւ ու մեկնեցաւ:

Իմ նոր «ուսուցչուհին» ընդհանուր հայեացք մը պտտցնելէ ետք մեր վրայ, ըսաւ.

– Կը ցաւիմ, որ քիչ էք, բայց նկատի առէք, որ այս պարագային քիչ ըլլալը բախտաւորութիւն է թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ուսուցիչներուն համար: Այսօր ձեզ դասի պիտի չհանեմ (որմէ շատ գոհ մնացի), այլ միայն յաջորդ նիւթը պիտի բացատրեմ, որպէսզի ժամանակ մնայ ձեր հարցումներուն պատասխանելու, ի վերջոյ դուք ալ համալսանական կեանքին պէտք է պատրաստուիք…

Ու սկսաւ…

Յառաջ վարժարանի վկայականաց բաշխում. Նստած` ձախէն առաջինը` Սառանիկ Պայլուզեան իսկ ոտքի տղաներէն` ձախէն երկրորդը` Մովսէս Հերկելեան

Դասընկերներուս համար ամէն ինչ բնական կը թուէր ըլլալ, սակայն ինծի համար` ո՛չ… հարուածը անսպասելի էր ու զօրաւոր… Ցնցուած էի ու խեղճացած… Ընելիքս չէի գիտեր: Եթէ հնարաւոր ըլլար, իսկապէս գետինը կը մտնէի ու կ՛անէանայի: Խիստ վիրաւորուած էր ինքնասիրութիւնս…: Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլար, որ իմ նախկին դասընկերուհիս (այժմ համալսարանական) եկած էր նոյն դպրոցը, ինծի դաս տալու` իբրեւ ուսուցչուհի, երբ ես տակաւին աւարտական դասարանն իսկ չէի հասած…

Շուարած ու տագնապած` չէի համարձակեր հարցում ուղղել, ոչ ալ նոյնիսկ Սառանիկի աչքերուն նայիլ: Թէեւ միւս կողմէ ալ գոհ էի, որ դասընկերներս չէին գիտեր, որ Սառանիկը դասընկերուհիս եղած է, ոչ ալ տեղեակ էին, որ ան ինծի համար շարքային դասնկերուհիէ մը շատ աւելին էր: Վերջաւորութեան, մեկնելու ընթացքին ան թելադրական, սակայն բարի կամեցողութեամբ թաթաւուն խորիմաստ «ժպիտ» մը շնորհեց ինծի ու… մեկնեցաւ: Մինչ այդ կեանքի հանդէպ իմ կազմաւորած հաւատամքը վերափոխութեան ենթարկեց այդ «ժպիտը», որուն մէջ թէեւ յադիմանութիւն չկար, սակայն կար կարեկցանք ու ափսոսանք իր աչքերուն մէջ, որոնք կը  կը խոցէին տղամարդու արժանապատուութիւնս: Անոր բարի ու գրաւիչ աչքերը ըսել չէին ուզեր, որ` «Ես ո՜ւր հասայ, իսկ դուն ո՜ւր մնացիր», ինչպէս կրնան ենթադրել ոմանք, այլ ըսել կ՛ուզէին, որ` «Դուն ալ կրնայիր հասնիլ հոն, ուր ես եմ հիմա, եւ բոլորովին ուշ չէ տակաւին»:

Ես հասկցայ, որ «ո՜ւշ չէ տակաւին» եւ այդպէս ալ ըրի:

Սակայն,

Իմ համակրելի եւ ուսումնատենչ ընթերցող,

Սառա Պայլուզեան

Հաւանաբար մտքէդ պիտի ըսես, որ` «Նման բաներ կը պատահին կեանքին մէջ, ի՞նչ կարիք կայ տագնապելու եւ խնդիրը այսքան մեծցնելու»: Վստահ եղիր, որ ես գրականութիւն չէ, որ կ՛ընեմ, այլ հարցը այն է, որ Սառանիկը ինծի համար շարքային դասընկերուհի մը չէր եւ ո՛չ ալ պարզ ընկերուհի մըն էր: Սակայն սխալ չհասկցուելու համար անմիջապէս աւելցնեմ, որ մենք ոչ քոյր-եղբօր պէս էինք եւ ոչ ալ ընկեր-ընկերուհիներ էինք (Boy Friend – GirlFriend հասկացողութեամբ), այլ որոշ համակրանք կը տածէինք իրարու հանդէպ եւ քիչ թէ շատ ընտելացած էինք իրարու, եւ ասոր մէջ իր գործնական դերը կը կատարէր նաեւ մեր ծնողներուն մտերմութիւնը: Իր մայրը` Աննան եւ իմ մայրս` Էլիզը (Ալիս), ԼՕԽ-ի աշխուժ-գործունեայ անդամուհիներէն էին, եւ երկար տարիներ միասին կը գործէին` թէ՛ իբրեւ վարչութեան անդամ եւ թէ՛ տարբեր յանձնախումբերու մէջ:

ԼՕԽ-ի «Ախթամար» մասնաճիւղի վարչական կազմի հանդիպումը ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամուհիներու հետ, Այնճարի մէջ 1963-ին: Ոտքի` ձախէն առաջինը` Աննա Պայլուզեան, իսկ աջէն առաջինը` Էլիզ (Ալիս) Հերկելեան:

Իսկ Սառանիկին հայրը` Վարդանը, գիւղի ամենայայտնի ջորեպանը կը համարուէր: Աշխատասէր էր եւ հմուտ պարտիզպան: Իսկ հայրս` Սեդրակը, թէեւ նոյնպէս պարտիզպան էր, սակայն մասնագիտութեամբ որսորդ էր եւ այդ պատճառով ալ կը ճանչցուէր իբրեւ «Որսորդ Սըդդան»: Երբ տակաւին նոր կառուցած էին Այնճարի դաշտերը ոռոգող գլխաւոր ջրանցքները, օր մը, երբ Վարդանը առաւօտ կանուխ դեռ արեւը չծագած, ձիով պարտէզ կը մեկնէր (այն ատեն տակաւին ջորի չունէր), ձին կը մօտեցնէ ջրանցքին, որպէսզի ջուր խմէ: Յանկարծ կրակոցի մը իբրեւ հետեւանք` ձին կը խրտչի, կը ցնցուի, եւ Վարդանը կ՛իյնայ ջրանցքին մէջ… գլուխը կը զարնուի ջրանցքի պատին: Նոյն պահուն հայրս որսի երթալու ատեն պատահաբար կը գտնէ զինք արիւնլուայ վիճակի մէջ: Սակայն երբ կը նշմարէ, թէ տակաւին ողջ է ու կը շնչէ, տուն կը տանի ու  կը փրկէ զինք… ստոյգ խեղդամահ ըլլալէ:

Այս դէպքը պատճառ եղած էր, որ Վարդանը եւ հայրս «եղբայրանան», եւ որովհետեւ երկուքն ալ պարտիզպան էին, Վարդանը իր ջորեպանի հանգամանքով աւելի կ՛օգնէր հօրս, քան` հայրս իրեն: Իսկ Սառանիկը եւ ես մեր ծնողներու մտերմութենէն յաճախ կ՛օգտուէինք, թէեւ գիւղի բարոյական անգիր օրէնքներու սահմաններուն մէջ կ՛ըլլային մեր հանդիպումները, սակայն հաճելի պահեր կը պարգեւէինք իրարու…

Հակառակ անոր որ հետագային, երբ ես «լուրջ ընկերուհի» ունեցայ, Սառանիկի եւ իմ յարաբերութիւնները մնացին նոյնը… ջերմ ու հարազատ:

Բացատրեմ, թէ` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ:

Թէեւ, ինչպէս` բոլոր պատանիները, ես եւս արբունքի շրջանին սկսած էի  հետաքրքրուիլ գեղեցիկ պարմանուհիներով, սակայն ինք կը տարբերէր միւսներէն թէ՛ կանացի գրաւչութեամբ, թէ՛ աշխատասիրութեամբ եւ թէ՛ մանաւանդ… ուշիմութեամբ: Սկսեալ մանկապարտէզէն` մինչեւ չորրորդ նոյն դասարանը եղած ենք: Մինչեւ երրորդ ես եւս դասարանի լաւագոյն աշակերտներէն կը համարուէի, սակայն արբունքի տարիքին չարացայ եւ զուգահեռաբար նաեւ առողջական գետնի վրայ աչքի խնդիրներ ունեցայ… սկսայ դասարանին վերջինը ելլել եւ երկու տարի կորսնցուցի, իսկ ինք նոյն թափով շարունակեց միշտ դասարանի լաւագոյնը հանդիսանալ եւ ի վերջոյ  համալսարան ընդունուեցաւ փայլուն գնահատականներով: Հակառակ այս անհաւասար կացութաձեւին, եւ հակառակ անոր որ «Սառանիկ»-ը եղաւ «Սառա» եւ ես մնացի նոյն «Մովսէս»-ը, ան ինծի հանդէպ իր վերաբերմունքն ու կեցուածքը չփոխեց: Կ՛ենթադրեմ, որ պատճառը ոչ միայն իր կիրթ, համեստ ու խիստ մարդկային բնաւորութիւնն էր, այլ նաեւ` իրարու հանդէպ ունեցած մաքուր ու ընկերական ջերմ զգացումները: Նկատի առէք, որ այն ատեն մեր գիւղին մէջ «ընկեր» բառը տարբեր իմաստ եւ բովանդակութիւն ունէր:

Իմ համակրելի եւ ընկերասէր ընթերցող, հիմա կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ Սառանիկի յայտնութիւնը դասարանէն ներս ինծի համար ցնցիչ էր եւ ճակատագրական դեր կատարեց կեանքիս մէջ… Հակառակ անոր որ մինչ այդ ես որոշած էի բաւարարուիլ երկրորդականի վկայականով, ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել, սակայն Սառայի յայտնութիւնն ու մանաւա՛նդ անոր իմաստալից «ժպիտը» մղեցին, որ միտքս փոխեմ:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս այդ օր ես որոշեցի անպայման համալսարան  յաճախել եւ կրթական բարձրագոյն վկայականի արժանանալ… եւ ըրի՛…

Այս դէպքէն ետք, նոյն ամառը առաջին հերթին իմ ընթացիկ ընկերուհիներէս Լուսին Յովսէփեանի (որ իր սենեկակիցն էր) հետ այցելեցի Սառային յաճախած համալսարանը (BCW), որ ծառերով ու ծաղիկներով հաճելի միջավայրի մը մէջ կառուցուած էր: Իսկ երբ ուրիշ օր մը զիս տարին եւ AUB-ի համալսարանի համալիրէն ներս պտտցուցին, համալսարաններու հանդէպ իմ ունեցած պատկերացումը լրիւ փոխուեցաւ…

Սակայն,

Անխուսափելի ճակատագիրը 1971-ի աշնան զիս առաջնորդեց դէպի հայրենիք, ուր ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրականի գրականագիտութեան բաժանմունքը: Առաջին տարին, երբ տակաւին լրիւ չէի ընտելացած Հայաստանի բարքերուն, կենցաղին ու առհասարակ համալսարանական կեանքին, յանկարծ երջանիկ օր մը Սառան ժամանեց` իբրեւ զբօսաշրջիկ: Այն ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը, որոնք կային մեր երկուքի փոխյարաբերութիւններու մէջ, ոչ միայն նոյնը մնացած էին, այլեւ անկէ ետքն ալ շարունակուցան անփոփոխ: Սառային հետ շատ լաւ մտերմական ժամանակ անցուցինք եւ առիթ ունեցանք քանի մը թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր միասին այցելելու…

Այնուհետեւ Սառան ամուսնացաւ տաղանդաւոր երաժիշտի մը` Արա Որսկանեանի հետ (որուն մասին չեմ կրնար քանի մը խօսք չըսել ստորեւ), ընտանիք կազմեց (ունեցաւ երկու աղջիկ եւ տղայ մը), սակայն մեր յարաբերութիւնները դարձեալ մնացին նոյնը: Ամառները, երբ ընտանիքով կու գային Այնճար, մենք կ՛այցելէինք զիրար եւ հրաշալի զրոյցներ կ՛ունենայինք, յատկապէս` Արային հետ, որմէ շատ բան սորված եմ երաժշտութեան մասին:

Խմբավար Արա Որսկանեան

Պատահեցաւ, որ 1987-ին Եգիպտոս հրաւիրուիմ` շարք մը դասախօսութիւններ տալու Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայկական ակումբներէն ներս: Պատերազմական խիստ անապահով օրեր էին: Պէյրութի օդակայանը փակ էր, իսկ ես ստիպուած էի նախ Կիպրոս մեկնիլ նաւով, օր մը գիշերել հոն եւ ապա միայն օդանաւով փոխադրուիլ Եգիպտոս: Երբ տեղեկացուցի Սառային, ան խանդավառուեցաւ եւ անմիջապէս իրենց բնակարանը հրաւիրեց զիս: Սակայն երկու օր ետք հեռաձայնեց ու ըսաւ.

– Մովսէս, Տիգրան Փանոսեանը եւս հոս է: Իրեն հետ միասին կապ պահեցինք ԱՅՄԱ-ի եւ ՀՅԴ-ի երիտասարդացի հետ, որոնք  իրենց հերթին կը խնդրեն, որ իւրաքանչիւրին համար եւս դասախօսութիւն մը տաս: Այս կը նշանակէ, որ շաբաթ մը առաջ պէտք է գաս հոս: Անշուշտ պանդոկ երթալու պէտք չունիս…

Առաջարկը ինծի համար թէ՛ հետաքրքրական էր եւ թէ՛ քաջալերական: Առիթ պիտի ունենայի ոչ միայն կիպրահայ գաղութին հետ հաղորդակցելու, այլ նաեւ` վայելելու Որսկանեան ընտանիքի ասպնջականութիւնը:

Սառայի ուստրը` Տարօնը, նոր ծնած էր: Հակառակ այս իրողութեանն եւ հակառակ անոր որ Սառան տարուած էր նաեւ ընտանեկան եւ կրթական հարցերով, առիթ գտաւ, եւ կարգ մը թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր միասին այցելեցինք:

Իսկ ես առիթ ունեցայ նաեւ Արային հետ առանձին զրուցելու եւ աստիճան մը աւելի ճանչցայ զինք ու որոշ տեղեկութիւններ ստացայ իր բեղմնաւոր ստեղծագործական կեանքին եւ առհասարակ երաժշտութեան մասին: Մեր զրոյցներու ընթացքին մասնագիտական հարցեր կու տայի իրեն, ինչպէս`

– Թէ՛ իբրեւ ջութակահար, թէ՛ իբրեւ դաշնակահար ու մանաւանդ իբրեւ խմբավար, բացի Կիպրոսէն ու Միջին Արեւելքէն` ելոյթներ ունեցած էք նաեւ արեւմտեան աշխարհի, յատկապէս` Լոնտոնի, Լիզպոնի, Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի նման մշակոյթի կեդրոններու մէջ եւ գործակցած էք` Արթըր Ֆիտլըրի, Իկոր Մարգեւիչի, Շուարովըսքիի եւ կամ Արա Մալիքեանի նման միջազգայնօրէն ճանչցուած ու գնահատուած դէմքերու հետ, ինչո՞ւ նախընտրած էք մնալ Կիպրոս ու ղեկավարած` Կիպրոսի պետական դասական նուագախումբը (Cyprus Symphony Orchestra):

– Թէեւ ես ղեկավարած եմ նաեւ OCBC եւ ESSO կիպրական եւ անգլիական այլ նուագախումբեր, սակայն չեմ ձգտած աւելիին…

– Ինչո՞ւ:

– Տարբերութիւնը մեծ է: Նախ հոս` Կիպրոսի մէջ ես գնահատուած եմ ու անկախ կը գործեմ, իսկ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի պարագային թէ՛ մրցակցութիւնը մեծ է եւ թէ՛ յաջողելու պարագային կախեալ պիտի ըլլաս «ուրիշներէ»: Իմ հայու արժանապատուութիւնը թոյլ չի տար, որ գործադրեմ ուրիշներու երգացանկը…

– Իսկ ձեր յայտագիրներուն մէջ հայկականը կ՛ընդգրկէի՞ք:

– Այո, թէ՛ Կոմիտաս եւ թէ՛ Խաչատուրեան, սակայն` ոչ շատ…

– Ինչո՞ւ:

– Ես օտարներուն կը հրամցնէի լաւագոյնին նոազագոյնը, որպէսզի առիթ տամ իրենց պահանջելու առաւելագոյնը…

– Լա՛ւ, հասկնալի է, սակայն իբրեւ ջութակահար կամ դաշնակահար` ձեր մասնակցութիւնը բերա՞ծ էք հայկական ձեռնարկներու:

– Ի հարկէ՛, Կիպրոսի առաջնորդարանի, Մելգոնեան հաստատութեան եւ յատկապէս Համազգայինի կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներուն միշտ մասնակցած եմ:

– Իսկ այլ գաղութներու պարագայի՞ն…

– Ըլլայ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի թէ Ամերիկաներու գաղութներէն երբ հրաւիրած են զիս նուագելու, երբեք չեմ մերժած, յատկապէս` ապրիլ 24-ի առիթով, որ յաճախ կը պատահի…

Արա Որսկանեանը իբրեւ Կիպրոսի դասական նուագախումբի եւ երգչախումբի ղեկավար

Թէեւ համադրուած զրոյց մըն է այս մէկը, սակայն լի ու լի կը համապատասխանէ իրականութեան ու կը բացայայտէ կարգ մը էական գիծերը Արայի ազնիւ, ծառայասէր ու ծայր աստիճան համեստ բնաւորութեան: Սակայն ո՞վ էր ան.

Արա Որսկանեանը փոքր տարիքէն մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան նկատմամբ: կը սկսի ջութակի դասերով, սակայն այնքան արագ կը յառաջանայ, որ ծնողները միեւնոյն ատեն դաշնակի դասերու եւս կը ղրկեն զինք: Տասը տարեկանին արդեն բեմերէն ելոյթ կ՛ունենայ: Մասնագիտական կրթութիւնը կը ստանայ Պոսթընի մէջ, միեւնոյն ատեն կը ներգրաւուի Boston Symphony Orchestra-էն ներս:

Դաշնամուրի պարագային եւս քանի մը մրցանակներ շահելէ ետք կը սկսի նուագել նաեւ Steinway Hall-ի մէջ:

Ետքը կը մեկնի Լոնտոն եւ կը վկայուի` իբրեւ թէ՛ ջութակի եւ թէ՛ դաշնամուրի մենակատար միաժամանակ:

Կը վերադառնայ Կիպրոս կու տայ մենահամերգներ, կիպրական նուագախումբերուն մէջ կ՛ըլլայ առաջին ջութակահար, կը դասաւանդէ երաժշտացներու եւ մինչեւ 34 տարի English School-ի մէջ կը ղեկավարէ միակ Symphony Orchestra-ն:

Իբրեւ ջութակահար` 1971-ին Կիպրոսը կը ներկայացնէ Disney World Orlando եւ Kennedy Center Washington-ի մէջ կայացած Համաշխարհային սինֆոնիկ

նուագախումբերու ելոյթներուն:

Որովհետեւ երաժիշտի մը տաղանդը գնահատելու եւ արժեւորելու կարողութիւնն ու հնարաւորութիւնը չունիմ, տանք

իր աշակերտներէն, այժմ` հանրածանօթ երաժիշտ, Հայկ Իւթիճեանի վկայութիւնը, որ լաւագոյնս կը գնահատէ ու կը բնութագրէ անոր անձին ու տաղանդին մեծութիւնը:

«Պատիւը ունեցած եմ աշակերտելու Արա Որսկանեանին: Այն ատեն պատանի էի տակաւին, եւ երաժշտական ճաշակը նոր կ՛արթննար եւ կը զարգանար մէջս: Կը զգայինք, որ ան միջազգային մակարդակով երաժիշտ էր: Արա Որսկանեանը առաջին կարգի երաժիշտ էր, ունէր կատարեալ ոճի զգացողութիւն, նուրբ լսողութիւն եւ բծախնդիր մեկնաբանութիւն` տուեալ երգահաններու ստեղծագործութիւններուն հանդէպ, եւ մեծապէս կը բարձրացնէր իր ղեկավարած որեւէ նուգախումբի վարկն ու մակարդակը: Անգամ մը որ լսեցի ջութակ նուագելը, Խաչատուրեանի trioն էր: Առաջին անգամն էր, որ այդպիսի նուագ ունկնդրած էի Կիպրոսի մէջ: Իսկապէս` առաջին կարգի գեղեցիկ tone, կատարեալ intonation եւ legato եւ սքանչելի երգի tone: Զգացի, որ Կիպրոսի երաժշտասէր հանրութիւնը ի վիճակի չէր առաւելագոյնս գնահատելու իր տաղանդը: Իր Կիպրոս մնալու որոշումը ցոյց կու տայ իր համեստութիւնն ու նուիրումը նաեւ իբր մանկավարժ»:

Իսկ,

Իր մահէն ետքն իսկ Սառայի եւ իմ յարաբերութիւնները կը շարունակուին նոյն ջերմութեամբ, հարազատութեամբ եւ նոյնի՛սկ ընտանեկան մակարդակներու վրայ…

 

Այնճար, 2025, Հոկտեմբեր

Նախորդը

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

Յաջորդը

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.