Յօդուածներ

Վտանգն Ու Առիթը

Միակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի իշխանութիւնները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին դէմ դատական հայց յարուցելու եւ զինք տուն կանչելու քայլին դիմելով վնասեցին այդ կառոյցին վարկին ու գործունէութեան, որոնք կարեւոր են Ռուսիոյ համար: Այժմ Արեւմուտք-Ռուսիա լարուածութեան աճի եւ մասնաւորաբար Քերչի նեղուցին մէջ արձանագրուած միջադէպի լոյսին տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն առած քայլին պատճառով ստեղծուած այդ խնդիրը Մոսկուայի համար վերածուած է առաւել անախորժ կացութեան...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Որակաւոր Աշխատատեղերի Ռազմավարական Գործօնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ներկայիս կը գտնուինք ընտրապայքարի թէժ բովին մէջ, եւ գործնականօրէն հնարաւոր չէ ծաւալուն եւ մանրակրկիտ վերլուծական քննարկումներու մղել հանրութեան բեմը Հայաստանի մէջ: Նաեւ պիտի ընդունինք, որ մեր երկրի քաղաքականութեան դաշտը դեռեւս լինելութեան մէջ է եւ շատ հեռու` յստակօրէն ընկալելի քաղաքատնտեսական (political economy) այլընտրանքներ կարենալ ձեւաւորելէ: Կը թուի, որ այսօր եւս ՀՀ քաղաքացին ծնունդ պիտի տայ խորհրդարանական մեծամասնութեան մը` լայնօրէն...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հաւատարիմ Հողին Ու Հայուն

ՀՅԴ-ի այս կարգախօսը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու նախընտրական փուլին, իրականութեան մէջ, իր իսկ էութեան ու անոր նշանակութեան եւ դերին արտացոլումն է: Հաւատարմութեան գաղափարը վեր է ամէն տեսակի նեղ հաշիւներէ, պաշտօններէ: Հաւատարիմ ըլլալ հողին` կը նշանակէ պայքարիլ կարելի բոլոր միջոցներով, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, կառավարութեան կազմէն ներս թէ դուրս, աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն մէջ արիւնով նուաճուած հայրենի հողի իւրաքանչիւր թիզ պաշտպանելու համար` ռազմական,...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի

Դեկտեմբեր 9-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որուն պիտի մասնակցի Հայաստանի մեր կառոյցը, հաւատարիմ` ՀՅԴ-ի մէկ եւ քառորդ դարէ աւելի ունեցած առաքելութեան` հաւատարիմ հողին ու հային կարգախօսով: Վերջերս, երկրին մէջ տիրող անկայուն ու անորոշ ներքին իրավիճակը, սկսած` տնտեսական յստակ տեսլականի բացակայութենէն, ապազգային երեւոյթներու թափանցումներէն, հասնելով մինչեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեսանելի ճեղքերուն, որոնք լրջօրէն կը սպառնան մեր հայրենիքի...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին հայրենի մեր ժողովուրդը պիտի ուղղուի քուէատուփ` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու մասնակցելու: Քաղաքական այլ ուժերու կողքին, Դաշնակցութիւնը եւս կը լծուի այս ընտրապայքարին` ինքնուրոյն, առանձին ցանկով, առանց որեւէ դաշինքի: Սոյն ընտրութիւնը առաջինն է Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգի հաստատումէն ետք: Առ այդ, մեր երկիրը կը թեւակոխէ նոր փուլ, այն պահուն, երբ կը շարունակեն մեր դիմաց ծառանալ ազգային մեր անվտանգութեան առնչուող հարցեր...

«Արաս» Հրատարակչութեան Կողմից Տպագրուած Նոր Գիրք` «Հրաժեշտ Այնթուրային»

«Արաս» Հրատարակչութեան Կողմից Տպագրուած Նոր Գիրք` «Հրաժեշտ Այնթուրային»

Թարգմանեց` ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ «Հրաժեշտ Այնթուրային» գիրքն ընթերցողին է ներկայացնում 1915թ. ստուերում մեծացած սերնդի հետ պատահածները: Գառնիկ Բանեանը, ով հինգ տարեկան հասակում տեղահանուել է` բռնելով մահուան ճամբան, Ճեմալ փաշայի կողմից Այնթուրայում կառուցուած որբանոցում իր հետ տեղի պատահածներն է պատմում ու ընթերցողին կոչ անում ականջալուր լինել որբացած սերնդի պատմութեանը: Գառնիկ Բանեանը 1915-1918թթ. մնացել է Միութիւն ու առաջադիմութիւն կուսակցութեան հիմնական ղեկավարներից Ճեմալ փաշայի...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Ազրպէյճանի Նախագահի Մուղամը Քուզանլիում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Քուզանլին աւանային կարգավիճակով բնակավայր  է Դաշտային Արցախում: Գտնւում է Պաքուից 315, նախկին ազրպէյճանական Աղդամից, պատմական ու ներկայիս հայկական Ակնայից` դէպի հիւսիս-արեւելք 50 քմ կամ աւտոմեքենայով հատելու դէպքում` մէկ ժամուայ հեռաւորութեան վրայ: Քուզանլիի բախտը չբերեց 1993թ. յուլիսին:  Աղդամ շրջկենտրոնը եւ յարակից մի շարք գիւղական բնակավայրեր ազատագրուեցին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ձեռնարկած հակայարձակողական գործողութիւնների արդիւնքում, իսկ Քուզանլին մնաց առկախ...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Իրանահայ Համայնքից Նոր Արտագաղթ Չի Սպասւում

Աշխարհը շարունակում է քննարկել նոյեմբերի սկզբին Միացեալ Նահանգների Իրանի դէմ գործի դրուած պատժամիջոցներն ու դրանց ազդեցութիւնը: Իրանի հայկական համայնքը նոյնպէս մտահոգուած է երկրի դէմ սահմանուած պատժամիջոցների կիրառման հետեւանքներով: Սակայն Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը SHANTNEWS.am-ի հետ զրոյցում ասում է, որ մտահոգութիւններին զուգահեռ կայ նաեւ եւրոպական հնարաւոր աջակցութիւնը, ինչը փոքր-ինչ մխիթարում է Իրանի բնակիչներին. «Ուժի մէջ մտած տնտեսական պատժամիջոցները...

Ձեռագիրը Եւ Համակարգիչը

Ձեռագիրը Եւ Համակարգիչը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Նախ գրամեքենայի գիւտով եւ արագ տարածումով, իսկ այժմ համակարգիչի ամբողջական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մարդոց ձեռագիրի վարժութիւնը (գրել եւ ձեռագիր էջ մը կարդալ) անհետանալու վրայ է: Սակայն ձեռագիրը եւ տետրակը, մանաւանդ նոթատետրը տակաւին ունին շունչ մը, որոնցմէ զուրկ են ե՛ւ մեքենան, ե՛ւ միայն ատկէ կախեալները: Ստեղծուած որեւէ նորութիւն բնականաբար անհրաժեշտութենէ մը կը բխի եւ պէտք է գործածել, սակայն գրիչը,...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Մուրատ Պետրոսեան Մուրատ Պետրոսեան (Ցրօնքցի Մուրատ). Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է 7 ապրիլ 1884-ին, Մշոյ հիւսիսարեւելեան կողմը` Քոսուր լերան արեւմուտքը: Սասունի 1894-ի դէպքերէն ետք մինչեւ 1896  քիւրտերը սկսած էին կողոպտել հայկական գիւղերը: Այդ օրերուն Ցրօնք ունեցաւ իր կազմակերպական խումբը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այդ շրջանին մեծ աշխատանքի լծուած էր, շուտով Ցրօնք կ՛ուղարկէ զինական խումբեր:...

Կեդրոնականցին Կը Վախնայ «Կատաստրոֆ»-Է

Կեդրոնականցին Կը Վախնայ «Կատաստրոֆ»-Է

Մակար ի Գաղղիա Արմենակը երբեք այս վիճակին մէջ չէի տեսած: - Նոյեմբերի արեւէն օգտուեցայ եւ եկայ` հակառակ ձեզ անհանգիստ չընելու Էլպիսի պնդումներուն: Խօսելու պահանջ ունէի: - Գիտես, որ անհանգիստ չես ըներ: Ի՞նչ է ցաւդ,- հարցուցի: - Չեմ հասկնար, թէ ո՛ւր կ’երթայ Հայաստանը, ո՛ւր կը տանին ժողովուրդը: Ի՞նչ կը նշանակէ իշխանութիւնը վերադարձնել ժողովուրդին: Քէն եւ կիրք հրահրելով կը ստեղծենք կարգախօսներու արձագանգող...

Խմբագրական.  Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում

Խմբագրական. Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում

(«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ռատիոթոնին առիթով) «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքային նոր ոճի եւ նոր բովանդակութեան մասին, հետեւելով մինչ այժմ կատարուած յայտարարութիւններուն, հարցազրոյցներուն, կարելի է առանձնացնել հետեւեալ նորարարական մօտեցումները: Ա.- Շարունակելով բրգաձեւ կառոյցի եւ անոր ներգրաւուած տարածաշրջանային-տեղական յանձնախումբերու աւանդական աշխատանքը` առցանցային դրամահաւաքներ կազմակերպելու հարթակներու ստեղծում: Այս ուղղութիւնը կ՛ենթադրէ առցանց ծառայութիւններու տարբեր դրութիւններու հաստատում` ամսական կշռութաւոր եղանակով  փոքրածաւալ ծրագիրներու համար փոքր գումարներ կանոնաւոր...

Վտանգն Ու Առիթը

Ինչո՞ւ Պէտք Է Քուէարկել Ի Նպաստ Դաշնակցութեան

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ եւ մանաւանդ «հապճեպ» ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբերին: Հապճեպ, որովհետեւ սոյն ընտրութիւններու յանկարծակի յառաջաձգման բուն դրդապատճառները, առնուազն` որոշ հատուածի մը համար, մինչեւ օրս կը մնան անհասկնալի եւ առեղծուածային: Հապճեպ, որովհետեւ բոլոր քաղաքական ուժերու համախոհութեամբ, ներառեալ` պրն. վարչապետի առաջնորդած կուսակցութեան, նախապէս որոշուած էր սոյն ընտրութիւնները ...

«Հասարակական Կարծիքի Ձեռնածութիւնը Երբեմն Կ՛իրականացուի «Ընկերաբանական Հետազօտութիւն» Անուան Տակ». Սպարտակ Սէյրանեան

«Հասարակական Կարծիքի Ձեռնածութիւնը Երբեմն Կ՛իրականացուի «Ընկերաբանական Հետազօտութիւն» Անուան Տակ». Սպարտակ Սէյրանեան

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդման ժամանակ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը խօսելով այս օրերուն ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքներ հրապարակող կազմակերպութիւններու մասին` ըսաւ, որ քաղաքական կեանքի անբաժան մասը դարձած է ընտրութիւնների շեմին հանրային կարծիքը ձեռնածութեան ենթարկելը: Եւ այդ ամէնը կը մատուցուի «Ընկերաբանական հետազօտութիւններ» անուան տակ: «Ո՞րն է այդ ընկերաբանական հետազօտութեան յղած հիմնական ուղերձը. ժողովո՛ւրդ, ի զուր տեղը ինչի՞...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Յառաջատուական Հարկային Համակարգն Է Այլընտրանքը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Չեմ յիշեր օրը, ամիսը կամ տարին, բայց շատ լաւ կը յիշեմ, որ նախկին ընկերվար-ժողովրդավարական վարչապետ Հիլլը Թոռնինկ Շմիթի կառավարման ժամանակաշրջանին (2011-2015) էր, երբ «Եուրոնիուզ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը վաւերագրական ժապաւէն մը ցուցադրեց Դանիոյ մասին: Վաւերագրական ժապաւէնին նիւթը Դանիոյ հարկային համակարգին մասին էր: Անիկա ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս դանիացիները ուրախութեամբ իրենց հարկերը կը վճարեն պետութեան. հարկեր, որոնք հիմնուած են...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը 20 նոյեմբեր 2018-ին  Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու հիմնականօրէն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին: Վեհափառը գնահատեց դեսպանին շուրջ երեք տարիներու դիւանագիտական ծառայութիւնը, յատկապէս` հայ համայնքին հետ իր մշակած սերտ գործակցութիւնը: Հանդիպում` Պապական Նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին Հետ Նոյն օրը Արամ Ա....

Հուրի Աբարդեանին Լիբանանեան Ուշագրաւ Համերգին Առիթով

Հուրի Աբարդեանին Լիբանանեան Ուշագրաւ Համերգին Առիթով

Կ. ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հայ աւետարանական քոլեճի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերին Զուիցերիայէն իր ճազ նուագախումբին հետ ժամանած Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլիի համերգը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր եւ սրահը բերնէ-բերան լեցուցած երաժշտասէրներու յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ ապահովաբար: Հալէպահայ երգչուհին, որ ճազային արուեստի մէջ իր երաժշտական կազմաւորումը ստացած է Ֆրանսայի մէջ նախապէս յաճախ ելոյթներ ունեցած է...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լիբանանի Անկախութեան 75-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ  Միացեալ Նահանգներ 18 նոյեմբերին, Լիբանանի անկախութ»ան 75-րդ տարեդարձին առիթով, ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ «Սիքէյտա» ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիի, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդական  փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու: Միրնա Խաուլին իր ելոյթին մէջ  շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ընդառաջողներուն եւ...

«Ոսկիի Նման Է Մեր Հայրենիքը, Պէտք Է Հոգ Տանինք Անոր, Որ Աւելի Փայլի»   Ըսաւ Գրիգոր Թերզեան

«Ոսկիի Նման Է Մեր Հայրենիքը, Պէտք Է Հոգ Տանինք Անոր, Որ Աւելի Փայլի» Ըսաւ Գրիգոր Թերզեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Փոխենք ներկան, կերտելու` ապագան» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինէն Գրիգոր Թերզեանին հետ` իմանալու համար հիմնադրամի աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն մասին: «ԱԶԴԱԿ».- Անցեալ տարուան ռատիոթոնի կարգախօսն էր` «Բերքառատ Արցախ»:...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ – Դրամահաւաք 2018

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ – Դրամահաւաք 2018

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` քաջ գիտակցելով, որ գոյատեւող Հայաստանի ժամանակը անցած է եւ հասած է զարգացող Հայաստանի ժամանակը, վերանորոգ շունչով, սակայն նոյն վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` սատար հանդիսանալով Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին: Հիմնադրամի մնայուն ծրագիրներէն տեւաբար կ՛օգտուին Հայաստանի ու Արցախի աւելի քան 500.000 բնակիչներ` հիմնադրամին կառուցած ճանապարհէն, ջրատարէն, հիւանդանոցէն, դպրոցէն, բնակարանէն, համայնքային կեդրոնէն, այլ ենթակառոյցներէ ու ծրագիրներէ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը...

Page 634 of 1111 1 … 633 634 635 … 1,111

Արխիւներ