Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Նոյեմբեր 29, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

20 նոյեմբեր 2018-ին  Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու հիմնականօրէն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին:

Վեհափառը գնահատեց դեսպանին շուրջ երեք տարիներու դիւանագիտական ծառայութիւնը, յատկապէս` հայ համայնքին հետ իր մշակած սերտ գործակցութիւնը:

Հանդիպում` Պապական Նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին Հետ

Նոյն օրը Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին հետ: Այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսիսկոս պապին` վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով իր ինքնաբուխ ղրկած ներկայացուցիչին եւ պատգամին համար:

Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած ներկայ կացութիւնը:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը:

«Աստուածաբանութիւնը Տեսութիւն Չէ, Ան Կը Քննէ Աստուած–Մարդ Յարաբերութեան Առնչուած Խնդիրներ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. կաթողիկոս իր Լիբանանի առաջնորդական օրերէն ի վեր աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Ամէն չորեքշաբթի առաւօտ, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ան դպրեվանքի աւարտական դասարանին նախ տեսական աստուածաբանութիւն եւ ապա հովուական աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ: Կաղապարուած ու աւանդական մօտեցումներէ հեռու մնալով` կաթողիկոսը նիւթը կը ներկայացնէ աստուածաբանական ժամանակակից մտածողութեան ծիրին մէջ, իսկ հովուական աստուածաբանութեան բաժինին մէջ հայրապետը կ՛անդրադառնայ ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններուն ու երեւոյթներուն եւ իրապաշտ մօտեցումով կը պարզէ հայ հոգեւորականին կոչումը կենսագործելու ճիշդ կերպերը:

Արդարեւ, 21 նոյեմբեր 2018-ին, դասապահի աւարտին, Cilicia TV-ի պատասխանատու միաբան հայրերէն մէկը, մօտենալով կաթողիկոսին, հարց տուաւ. «Վեհափա՛ռ տէր, գիտենք, որ մեր դպրեվանքի աւարտական դասարանի սաներուն կ՛ուսուցանէք տեսական եւ հովուական աստուածաբանութիւն եւ նկատի ունենալով, որ այս տղաքը հոգեւորականներ  պիտի դառնան, ընդհանրապէս ի՞նչ նիւթեր կը շօշափէք դասապահի ընթացքին:

Պատասխանելով հարցումին` Արամ Ա. ըսաւ. «Աստուածաբանութիւնը տեսական յղացքներու ամբողջութիւն մը չէ, այլ խօսքով, փիլիսոփայութիւն չէ. ան բանականութեան ու հաւատքի միացեալ ճիգ մըն է` հասկնալու, որքան որ կարելի է, Աստուած-մարդ յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր ու երեւոյթներ: Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը աստուածային յայտնութիւնն է. Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն, ճանաչելի դարձուց մարդուն: Հետեւաբար աստուածաբանութիւնը կը փորձէ, բնականաբար յայտնութեան սահմաններուն մէջ, հասկնալ քրիստոնէական հաւատքին ուսուցումները: Հետեւաբար աստուածաբանութիւնը մարդէն ու կեանքէն հեռու տեսական հարցեր չի քննարկեր, այլ` մարդկային կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող խնդիրներ. օրինակ, ո՞վ է մարդը, ի՞նչ է մարդուն կոչումը, ինչո՞ւ Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ բարիի ու չարի ներկայութիւնը կեանքին մէջ, ինչո՞ւ կենսոլորտային հարցերը, եւ այսպէս կարելի է մատնանշել խնդիրներ ու երեւոյթներ, որոնք, ըստ էութեան, աստուածաբանական հարցեր են, Աստուած-մարդ-ստեղծագործութիւն յարաբերութեան կապուած»:

 

Նախորդը

Հուրի Աբարդեանին Լիբանանեան Ուշագրաւ Համերգին Առիթով

Յաջորդը

Յառաջատուական Հարկային Համակարգն Է Այլընտրանքը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?