Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որակաւոր Աշխատատեղերի Ռազմավարական Գործօնը

November 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ներկայիս կը գտնուինք ընտրապայքարի թէժ բովին մէջ, եւ գործնականօրէն հնարաւոր չէ ծաւալուն եւ մանրակրկիտ վերլուծական քննարկումներու մղել հանրութեան բեմը Հայաստանի մէջ: Նաեւ պիտի ընդունինք, որ մեր երկրի քաղաքականութեան դաշտը դեռեւս լինելութեան մէջ է եւ շատ հեռու` յստակօրէն ընկալելի քաղաքատնտեսական (political economy) այլընտրանքներ կարենալ ձեւաւորելէ: Կը թուի, որ այսօր եւս ՀՀ քաղաքացին ծնունդ պիտի տայ խորհրդարանական մեծամասնութեան մը` լայնօրէն ապաւինելով ենթակայական եւ «անձնաւորուած» գործօններու: Նոյնիսկ` դրամական ընտրակաշառքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Փաստը այն է, որ երկիրը կը գտնուի այրող իրականութիւններու առջեւ, որոնք անմիջական պահանջներ կը դնեն կառավարութեան ուսերուն: Անոնցմէ առաջինը տնտեսութեան ոլորտի աննախանձելի վիճակն է, որ անխուսափելիօրէն իր թիկունքէն պիտի հարուածէ պետութիւնը, եթէ ներկայ տնտեսական ծաւալներու թեքումները (trends) ձգուին իրենց բախտին: Պարզ խօսքով, յաջորդ կառավարութիւնը պիտի նստի տնտեսական կենդանի հրաբուխի մը վրայ, եւ իր անմիջական մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ կառավարել այդ հրաբուխը:

Հրաբուխը կառավարել` կը նշանակէ շարունակաբար կրակներ մարել: Այսինքն` զբաղիլ հակաճգնաժամային միջոցառումներով եւ, առաջին հերթին, աւելցնել ՀՀ արտաքին պարտքը: Ասիկա մեծ թակարդ մըն է ամէն թերաճ երկրի համար, որմէ Հայաստանը չկրցաւ խուսափիլ անցեալի բոլոր իշխանութիւններու օրով:

Արտաքին փոխառութիւններու ընդունուած տրամաբանութիւնը կը պահանջէր, որ փոխառութիւնները ծառայէին որպէս «սերմնացու»` առիթ տալով, որ երկրի տնտեսութիւնը հետզհետէ դիմէր դէպի ինքնաբաւութիւն եւ կարողանար մարել իր պարտքերը իր իսկ արտադրողական աճէն բխող միջոցներով: Փոխարէնը` տեղի ունեցաւ հասարակութեան մենաշնորհային շերտի հարստացման անհամաչափ եւ ընդվզեցուցիչ աճը եւ ժողովուրդի հսկայ մէկ զանգուածի գահավէժ աղքատացումը: Պարզ խօսքով, երկիրը մտաւ մեծ պարտքի մը տակ` կարելի դարձնելով մենաշնորհային տնտեսութեան ամրապնդումը ի հեճուկս ժողովուրդի բարգաւաճման: Ժողովուրդը աղքատացաւ երկակի ծաւալներով: Ան աւելի աղքատ է այսօր ոչ միայն իր կենսամակարդակով, այլեւ` իր ուսերուն ունենալով երկրին արտաքին պարտքը® Գրաւի տակ է ոչ միայն իր ներկան, այլեւ` իր ապագան:

Դժբախտաբար երկիրը այս թակարդէն դուրս բերելու ձգտող յստակ ծրագիր գոյութիւն չունի այսօր: Դաշնակցութեան ճիգը այս հարցը ազգային օրակարգի վերածելու` խափանուեցաւ նախկին իշխանութեան օրով եւ երբեք թափ չստացաւ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կարճատեւ գոյութեան ընթացքին:

Իրականութիւնը այն է, որ այս հարցը ունի իսկական լուծում, եթէ երկիրը որոշէ եւ կարենայ դուրս գալ իր ներկայի քաղաքական կոտորակումներէն եւ ձեւաւորէ իր ազգային ընդհանուր համաձայնութիւնը: Այս հարցը ունի լուծում, եթէ խորհրդարանական «ջախջախիչ» մեծամասնութեան ձգտող պր. Փաշինեանի կուսակցութիւնը եւ պր. Փաշինեանը ի՛նք անձամբ վերջ տան «յեղափոխական» փոփիւլիզմին եւ սկսին կոտորակները ի մի բերել: Կարեւոր չէ, թէ ովքե՞ր են մեղաւոր տնտեսական այս թակարդի ստեղծման համար (գիտե՛նք, թէ ովքե՛ր են® խօսեր ու գրեր ենք հազար անգամ): Այսօր, սակայն, երկիրը այս թակարդէն դուրս բերելու պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ՀՀ ԲՈԼՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ` ՅԱՋՈՐԴ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ` ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ԵՒ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (ենթադրելով, որ յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը պիտի վստահուի իրենց):

Իսկ այդ մէկը կը պահանջէ ազգային ընդհանուր համաձայնութիւն: Գրած եմ բազմիցս: Այժմու օրինակարգով ՀՀ նախագահը երաշխաւորն է ՀՀ սահմանադրութեան: Ինք ունի այս գործին անհրաժեշտ իրաւական եւ բարոյական հեղինակութիւնը: Այսօր իր օ՛րն է: Արտահերթ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք պէտք է անյապաղ սկիզբ առնէ վերամիաւորումի գործընթացը: Պէտք է, որ նոր իրականութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուի ՀՀ ազգային ուխտը: Իմ կարծիքով, ՀՀ նախագահն է, որ պիտի հանդիսանայ այդ գործին ղեկավար ուժը: Ինքն է, որ պիտի խթանէ երկրի քաղաքական ուժերը գերամեծար շահերու շուրջ համախմբուելու` զանոնք մղելով, որ միասնաբար սահմանեն Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերու միասնական հանգանակը: Սահմանեն եւ մտնեն այդ հանգանակի յանձնառութեան տակ:

Երկիրը պէտք ունի դրական եւ ստեղծարար մտայնութեամբ տոգորուած իրական բանավէճի մը: Ամէն բան պիտի դրուի սեղանի վրայ: Ամէն մարդ բարոյապէս պարտաւորուած պիտի ըլլայ (պարտականութեան քանթեան հասկացողութեամբ) լուծումին մաս կազմելու: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն իրենց կեղեքումներուն նշաւակ դարձնել ազգն ու հայրենիքը, անոնց վրայ միանգամընդմիշտ պիտի փակուի դուռը: Պէտք է յստականայ, թէ ո՛վ է ի վերջոյ այս երկրի իրական եւ անկեղծ քաղաքացին: Այն քաղաքացի՛ն, որ հարազատօրէն մաս կը կազմէ երկրի կառավարելիութեան ազգային տեսլականին:

ՀՀ տնտեսութիւնը պիտի հասնի այն տեղ, ուր ան պիտի կարողանայ ծնունդ տալ որակաւոր աշխատատեղերու` ներկայի ստրկային աշխատավարձերով յատկանշուող աշխատատեղերուն փոխարէն: Ներկայի մենաշնորհային տնտեսութիւնը պէտք է յեղափոխուի: Ան կրնա՛յ յեղափոխուիլ եւ վերածուիլ մրցակցային տնտեսութեան, եթէ յեղափոխուի ՀՀ պետական համակարգը, ի՛նք եւ ինքզինք դնէ ժողովուրդի տրամադրութեան տակ: Այսօր որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումը մեր առաջնահերթ խնդիրն է: Ցարդ երկրի ներդրումային դաշտը լայն բացուած է ներքին եւ արտաքին շահագործողներու ախորժակին առջեւ: Ան ենթակայ չէ եղած տնտեսութեան զարգացման հեռահաս հրամայականներուն: Եւ բնականաբար վերաներդրումային գործընթացը եղած է ցածրորակ, կցկտուր, ողբալիօրէն սահմանափակ եւ անհետեւանք: Ան շատ հեռու է որակաւոր աշխատատեղեր ստեղծելէ: Եւ այս իսկ պատճառով տեղի ունեցած է որակաւոր աշխատուժի զանգուածային փախուստը երկրէն: Վերականգնե՛լ պատմական այս փլուզումէն վթարուած ՀՀ տնտեսութիւնը` մեր առաջին խնդիրն է այսօր: Պարզ խօսքով, վերականգնե՛լ աշխատատեղերու ստեղծման առողջ եւ մշտական հոլովոյթը: Ան է ռազմավարական թիւ մէկ գործօնը, որ կարելի կը դարձնէ մնացեալը: Պատրա՞ստ ենք այս մարտահրաւէրին: Այս մարտահրաւէրին առաջին ընդառաջողը Դաշնակցութիւնն է եղած, դժբախտաբար` խափանուած քաղաքական միջավայրի մը մէջ: Հիմա ժամանակն է, որ ազգովին եւ ստուար շարքերով տէր կանգնինք այդ պատասխանատուութեան:

Ուաշինկթըն, 28 նոյեմբեր 2018

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հաւատարիմ Հողին Ու Հայուն

Յաջորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.