Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում

November 29, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter
(«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ռատիոթոնին առիթով)

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքային նոր ոճի եւ նոր բովանդակութեան մասին, հետեւելով մինչ այժմ կատարուած յայտարարութիւններուն, հարցազրոյցներուն, կարելի է առանձնացնել հետեւեալ նորարարական մօտեցումները:

Ա.- Շարունակելով բրգաձեւ կառոյցի եւ անոր ներգրաւուած տարածաշրջանային-տեղական յանձնախումբերու աւանդական աշխատանքը` առցանցային դրամահաւաքներ կազմակերպելու հարթակներու ստեղծում: Այս ուղղութիւնը կ՛ենթադրէ առցանց ծառայութիւններու տարբեր դրութիւններու հաստատում` ամսական կշռութաւոր եղանակով  փոքրածաւալ ծրագիրներու համար փոքր գումարներ կանոնաւոր հերթականութեամբ ապահովելու:

Բ.- Դասական կառոյցներէն հեռու գտնուող երիտասարդութեան ներգրաւում համահայկական հանգանակութեան աշխատանքներուն: Այս առաջադրանքը կը վերաբերի նաեւ ծրագրային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան` մշակելի նաեւ երիտասարդութեան կողմէ:

Գ.- «Հայաստան» հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել սփիւռքահայ կամաւոր երիտասարդներ: Առաջադրանքը` տարբեր երկիրներու մէջ կուտակուած մասնագիտական փորձառութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդութեան ճամբով ներածել Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Դ.- Ճանապարհաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան կենսական շրջափուլէն ետք նախապատրաստուիլ անցումային փուլի` ենթակառուցուածքային  բովանդակային ծրագիրներու, թէ՛ բարձր արհեստագիտութեան, թէ՛ կրթութեան, թէ՛ արեւային ուժանիւթի:

Նոր ուղղութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի սփիւռքահայ մասնագիտական մարդուժը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով հայրենաշինութեան աշխատանքին մէջ ներգրաւելու առաջադրանքը: Այստեղ կայ նաեւ յատուկ թիրախաւորուած աշխատանք` դասական սփիւռքի մէջ դասական կառոյցներու հետ չառնչուած երիտասարդ խաւի մասնագիտական հմտութիւնները հայրենաշինութեան տարբեր ոլորտներու մէջ օգտագործելու աշխատելաոճի անհրաժեշտութիւնը շեշտող:

Արեւային ուժանիւթը, որ յայտնաբար «Հայաստան» հիմնադրամի թիրախային նպատակներէն կը հանդիսանայ, կ՛առնչուի ո՛չ միայն ապագայագիտութեան հիման վրայ մեր երկրի զարգացման ուղիներու ուրուագծումին, այլ նաեւ հակառակորդի քարիւղով ձեռք ձգած առաւելութիւնը հակակշռելու եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ ուժանիւթ արտահանող երկրի կարողականութիւն ներառած միջավայր աշխարհին ներկայացնելու:

Նորարարական մօտեցումները կը թուի, որ նպատակաուղղուած աշխատանք ապահովելու այս հիմնադրոյթները ներառած են:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը  միշտ կը շարունակէ քայլ պահել հիմնադրամի կեդրոնական հոգաբարձութեան ճշդած ուղղութիւններուն, նպատակներուն, առաջադրանքներու կատարման եղանակներուն, եւ համագործակցութեան ամէնէն բարձր աստիճանով լիբանանահայ համայնքը լծուած է հանգանակութեան համահայկական մեքենային: Յառաջիկայ աշխատանքներուն համար վստահաբար լիբանանահայ երիտասարդ մասնագիտական մարդուժը աշխուժ ներկայութիւն կ՛ըլլայ տարբեր բնագաւառներու կայացման ու զարգացման համար ճշդուած առաջադրանքներու իրականացման գործին մէջ:

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակը: Գոյապահպանումէն դէպի զարգացում անցում կատարող մեր երկիրը արագօրէն պէտք է փակէ անօթեւան ընտանիքներու տխուր էջը` ամբողջովին լծուելու համար արագ կշռոյթներով ամէնէն արդիական մեթոտներով զարգանալու բազմաոլորտ աշխատանքներուն:

Լիբանանի մէջ ձեռնարկուող հանգանակութիւնը պիտի նպաստէ օթեւան ունեցող, տանիք ունեցող Գիւմրիի ընտանիքներու համալրման աշխատանքին:

Գոյապահպանման վերջին էջերը փակելու եւ տենդագին զարգացման գործին փարելու համար լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է աշխուժ մասնակցութիւն բերելու այսօրուան հանգանակութեան, հերթական անգամ ապացուցելու, որ այս համայնքը կը շարունակէ դրսեւորել արագօրէն ինքնակազմակերպուելու եւ հայրենիքին սատարելու համար օժանդակութիւններուն համագաղութային տարողութիւն ապահովելու բացառիկ հմտութիւնը:

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Երբ Հարցը Անվտանգութեան Կը Վերաբերի, Չենք Կրնար Լռել»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.