Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոսկիի Նման Է Մեր Հայրենիքը, Պէտք Է Հոգ Տանինք Անոր, Որ Աւելի Փայլի» Ըսաւ Գրիգոր Թերզեան

Նոյեմբեր 28, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Փոխենք ներկան, կերտելու` ապագան» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինէն Գրիգոր Թերզեանին հետ` իմանալու համար հիմնադրամի աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Անցեալ տարուան ռատիոթոնի կարգախօսն էր` «Բերքառատ Արցախ»: Անոր հասոյթը պիտի յատկացուէր արթեզեան ջրհորներու հորատման ու ոռոգման նոր ցանցի կառուցման աշխատանքներուն: Որքանո՞վ իրագործուեցաւ այս ծրագիրը:

ԳՐԻԳՈՐ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Անցեալ տարի Արցախի տարածքին փորուեցան 18 արթեզեան հորեր, որոնցմէ 14-ին մէջ ջուր ելաւ, իսկ 4-ին մէջ միայն ջուր չգտնուեցաւ: Այս բոլորին գումարը ղրկեցինք: Ասիկա շատ կարեւոր ծրագիր էր, ուրախ ենք, որ ջրհորները արդէն կ՛աշխատին:

Իսկ այս տարուան ռատիոթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի Գիւմրիի մէջ չորս բնակարան նորոգելու եւ ընտանիքներու յատկացնելու գործին: Մենք պիտի գնենք, ապա նորոգենք բնակարանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’արժէ շուրջ 25 հազար տոլար:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ն են ձեր ակնկալելիքները ռատիոթոնէն:

Գ. Թ.- Ժողովուրդը կու տայ, ինչ որ կը բխի իր սրտէն: Մարդ պէտք է ինքզինքին լաւ նայի, որպէսզի կարենայ նաեւ ուրիշին օգտակար դառնալ: Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները անպայման կը մասնակցին դրամահաւաքին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, երբեմն ալ` աւելի: Կը հասկնանք, որ տնտեսապէս հիւանդ է ոչ միայն Լիբանանը, այլ` ամբողջ աշխարհը, բայց Հայաստանն ալ մեր հայրենիքն է, չենք կրնար երեսի վրայ ձգել:

«Ա.».- Որքանո՞վ սփիւռքը կարեւոր է Հայաստանին համար:

Գ. Թ.- Գիտէ՞ք ինչ, ամէն երկիր իր սփիւռքը ունի, իր սփիւռքով կ՛ապրի եւ կը զօրանայ, հետեւաբար մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք Հայաստանը ձգել ինքն իր վիճակին եւ լճացնել, այդ անկարելի բան է: Եթէ հարցնելու ըլլաք` մինչեւ ե՞րբ օգտակար պիտի դառնաք, ապա կը պատասխանեմ, որ մինչեւ վերջ պիտի օգնենք Հայաստանին եւ Արցախին, առանց սահմաններու: Այսօր ամէնէն զօրաւոր եւ զարգացած երկիրները իրենց  սփիւռքով կ՛ապրին: Ձեւով մը գումարներ պիտի ներմուծուին հայրենիք, որ անիկա զարգանայ եւ յառաջանայ: Սփիւռքը մինչեւ վերջ շատ կարեւոր է Հայաստանին եւ Արցախին համար, որովհետեւ ինչպէս որ Հայաստանը մեզի պէտք ունի, մենք ալ Հայաստանին պէտք ունինք: Կարելի չէ բաժնել Հայաստանը սփիւռքէն:

«Ա.».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ինչպէ՞ս յառաջ կը տանի իր աշխատանքները:

Գ. Թ.- Մենք շատ համակարգուած աշխատանք կը տանինք: Ամէն տեղ ճիւղաւորուած ենք: Լիբանանի մէջ հայկական բոլոր խաւերուն կը հասնինք, հայկական բոլոր դպրոցներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն, լրատուական միջոցներուն մեր պրոշիւրները եւ որմազդները կը բաժնենք: Կրնանք ըսել, որ հայ միջավայրի ու մթնոլորտի մէջ եղող ընտանիքները անպայման ձեւով մը լուր կ՛ունենան: Օրինակ` այսօր ինծի հանդիպող քանի մը հոգի արդէն հարցուց ռատիոթոնին մասին: Մեր աշխատանքը դիւրին կ՛ընթանայ: Արդէն տարիներու փորձառութիւն ունինք:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 1988-ի երկրաշարժէն ի վեր աշխատանք կը տանի: Այս տարի երկրաշարժին 30-ամեայ տարելիցն է եւ այս պատճառով ալ մենք Գիւմրիի վրայ կեդրոնացանք եւ որոշեցինք քանի մը ընտանիքի օգտակար դառնալ եւ տուն ապահովել: Գիտէք, քանի մը տարի առաջ, երբ Հայաստան երթայինք, կը տեսնէինք, որ Հայաստանը Լիբանանէն ետ է, բայց հիմա, երբ Հայաստան կ՛երթանք, կը տեսնենք, որ Լիբանանը Հայաստանէն ետ մնացած է: Կը նշանակէ, որ այս օգնութեան աշխատանքները օգտակար դարձան, որպէսզի յառաջանայ Հայաստանը:

Պատկերացուցէք` եթէ Արցախի ճանապարհները չկառուցուէին, որքա՜ն դժուար պիտի ըլլար ամէն բան: Ուրեմն, տեսէք, որքան մեծ ու կարեւոր գործ է կատարուածը: Գիտէք, եթէ մեր ունեցածը չուզենք պահել եւ անոր օգտակար դառնալ, մեր ձեռքէն կ՛երթայ: Երբ գանձ մը ունիս, ինչո՞ւ պիտի չպահես: Ոսկիի նման է մեր հայրենիքը, պէտք է հոգ տանինք, որ աւելի փայլի:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին մէջ Լիբանանի հայ երեք յարանուանութիւնները, համահայկական երեք կուսակցութիւնները եւ բոլոր միութիւնները իրենց ներկայացուցիչները ունին: Կը գործեն նաեւ ազատ քանի մը անձինք: Այսպէս, 14 անդամէ կը բաղկանայ մարմինը: Մեր նախագահը Սարգիս Արմէնեանն ալ շատ ճկուն մտածելակերպով յառաջ կը տանի այս գործը: Երբ մենք մեր ժողովասրահին մէջ նստինք, բոլորիս ուղղութիւնը կ՛երթայ միայն դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Այս ուղղութեամբ ալ ոչ մէկ դժուարութիւն ունինք:

Ըսեմ նաեւ, որ թափանցիկութիւնը «Հայաստան» հիմնադրամին ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկն է: Շատեր իրենց կատարած նուիրատուութիւնները լումայ-լումայ հաւաքած են եւ իրաւունք ունին մտահոգուելու: Բայց յայտնեմ, որ մենք ուղղակի գումար չենք ղրկեր, այլ պատրաստուած ծրագիրները կը սերտենք եւ կ՛որոշենք աջակցիլ տուեալ ծրագիրին: Հետեւաբար շատ դիւրին է ծրագիրը հետապնդել:

Մեր կայքէջին վրայ իրագործուած բոլոր ծրագիրներուն մասին բոլոր մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել: Ամէն բան յստակօրէն գրուած է, նոյնիսկ հաշիւի վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը զետեղուին հոն: Հետեւաբար թափանցիկ եւ յստակ կազմակերպութիւն մըն է «Հայաստան» հիմնադրամը:

——————————

Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք whatsapp-ի միջոցով պատգամ ուղարկել հետեւեալ հեռաձայնի թիւին 81-210939: Կրնաք նաեւ կապ հաստատել եւ կամ ներկայանալ դրամահաւաքի հետեւեալ կեդրոններէն մէկը.

Պուրճ Համուտ`
«Վանայ Ձայն», «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/267657 -01/241199
Համազգայինի գրախանութ, «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/241263 – 01/241264
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 01/265359 – 01/253793

Պէյրութ`
Հայկազեան համալսարան, 01/349230

Ժըմմէյզէ`
Թէքէեան մշակութային կեդրոն, 01/566709

Մար Մըխայէլ`
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն, 01/565599

Զալքա`
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն, 04/710736 – 04/710737

Տըպպայէ`
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, 04/523043

Այնճար`
«Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, 08/620319

Մասնակցինք, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 29 նոյեմբեր 2018-ի ռատիոթոնին:

——————————

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ – Դրամահաւաք 2018

Յաջորդը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?