Դեկտեմբեր 9-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որուն պիտի մասնակցի Հայաստանի մեր կառոյցը, հաւատարիմ` ՀՅԴ-ի մէկ եւ քառորդ դարէ աւելի ունեցած առաքելութեան` հաւատարիմ հողին ու հային կարգախօսով:
Վերջերս, երկրին մէջ տիրող անկայուն ու անորոշ ներքին իրավիճակը, սկսած` տնտեսական յստակ տեսլականի բացակայութենէն, ապազգային երեւոյթներու թափանցումներէն, հասնելով մինչեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեսանելի ճեղքերուն, որոնք լրջօրէն կը սպառնան մեր հայրենիքի անվտանգութեան ու հարցականի տակ կը դնեն անոր ապագայ երթն ու լինելիութիւնը, առաւել եւս կը պարտաւորեցնեն ու անհրաժեշտ կը դարձնեն միա՛կ համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող, յստակ ու անփոփոխ ծրագիր ներկայացնող եւ ընկերվարական իր սկզբունքներուն ամուր կառչած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընդգրկուն ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս:
Այս ընտրութիւնները, որոնք կը զուգադիպին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, անկանխատեսելի են ու ճգնաժամային: Այս ընտրութիւններէն շատ բան կախեալ է եւ զայն պէտք է համարել մայիսեան իշխանափոխութենէն ետք ամենակարեւոր իրադարձութիւնը, որուն արդիւնքը մեր երկրին համար ճակատագրական ու վճռորոշ կրնայ ըլլալ:
Առ այդ, ՀՅԴ Կիպրոսի Առանձնակի կոմիտէութիւնը, իր բոլոր ընկերներով ու համակիրներով, անսակարկ զօրակցութիւն ու անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ մայր հայրենիքին մէջ գործող մեր կառոյցին եւ առաջադրուած թեկնածուներուն` յաջողութիւն մաղթելով յանուն հայրենիքին ու հայութեան ծառայելու կոչուած ՀՅ Դաշնակցութեան:
ՀՅԴ ԿԻՊՐՈՍԻ ԿՈՄԻՏԷ
28 նոյեմբեր 2018



