Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ – Դրամահաւաք 2018

November 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` քաջ գիտակցելով, որ գոյատեւող Հայաստանի ժամանակը անցած է եւ հասած է զարգացող Հայաստանի ժամանակը, վերանորոգ շունչով, սակայն նոյն վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` սատար հանդիսանալով Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին: Հիմնադրամի մնայուն ծրագիրներէն տեւաբար կ՛օգտուին Հայաստանի ու Արցախի աւելի քան 500.000 բնակիչներ` հիմնադրամին կառուցած ճանապարհէն, ջրատարէն, հիւանդանոցէն, դպրոցէն, բնակարանէն, համայնքային կեդրոնէն, այլ ենթակառոյցներէ ու ծրագիրներէ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջին ամիսներուն անցաւ դժուար փուլէ ու հիմա պատրաստ է նորովի ներկայանալու համահայկական ընտանիքին: Անցնող ամիսներուն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշուարկները միջազգային հաշուապահական ընկերութիւններու կողմէ ենթարկուեցան մանրակրկիտ քննութիւններու` ստուգելու որեւէ հաւանական չարաշահում: Մասնագիտական եւ քննչական տարբեր խմբակներու ստուգումներուն շնորհիւ փաստուեցաւ, որ հիմնադրամը զերծ է նման չարաշահումներէ, եւ անոր հաշիւները ամբողջական ու բացարձակ թափանցիկութեամբ ներկայացուած են հանրութեան: Այս իրողութիւնը հաստատեցին նաեւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարն ու նախագահը, որոնք անցնող շաբաթներուն իրենց զանազան ելոյթներու ընթացքին կոչ ուղղեցին` փակելու անվստահութեան էջը` նոր շունչ հաղորդելով համահայկական հիմնադրամին, որպէսզի անիկա անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Այսպէս, այս տարուան համահայկական դրամահաւաքը կ՛ընթանայ անցեալ տարի որդեգրուած «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրով, որուն ընդմէջէն կը շարունակուին արթեզեան ջրհորներու հորատման եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցման աշխատանքները: Ծրագիր մը, որ կը նկատուի կենսական Արցախի գիւղատնտեսութեան վերականգնման համար:  Կը շարունակուի նաեւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման ծրագիրը, որ անցեալ տարի սկսած էր Շուշիէն: Անդրանիկ այս ծրագիրը իրականացաւ Քարինտակի մէջ, ուր ընտանիքներ իրենց բնակարաններուն մէջ կ՛օգտագործեն այլընտրանքային` արեւային ուժանիւթը տաք ջուր ունենալու համար: 2019-ին արեւային ուժանիւթէն պիտի օգտուին նաեւ Ասկերանի բնակիչները: Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէն, այս տարուան թելեթոն-դրամահաւաքի հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացուի Հայաստանի համայնքային ենթակառոյցներու նորոգութեան, ինչ որ պիտի նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Նախորդը

«Փոխե՛նք Ներկան, Կերտելու` Ապագան»

Յաջորդը

«Ոսկիի Նման Է Մեր Հայրենիքը, Պէտք Է Հոգ Տանինք Անոր, Որ Աւելի Փայլի» Ըսաւ Գրիգոր Թերզեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.