«Փոխե՛նք Ներկան, Կերտելու` Ապագան»
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, այս տարի իր մասնակցութիւնը բերելով հանդերձ «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, յարմար նկատեց իր նպաստը ունենալ հիմնադրամի ընթացիկ գլխաւոր ծրագիրներէն մէկուն` Գիւմրիի մէջ անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններու ապահովման` տրուած ըլլալով, որ 2018-ը կը զուգադիպի Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակին, եւ մարմինի այս տարուան դրամահաւաքը կը կազմակերպուի այդ յիշատակի նշումէն շաբաթ մը առաջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման հիմնական նպատակ-ծրագիրներէն մէկը...




















