Շրջանի եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն այցելութեան մը ծիրէն ներս, Սարպայի եւ շրջակայքի մարոնի եպիսկոպոս Պուլոս Ռուհանա ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Ռուհանա եպիսկոպոսը ընդունուեցաւ Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Խաչիկ քհնյ. Միսիրեանի, վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, խնամակալութեան եւ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:
Ռուհանա եպիսկոպոսին կ՛ընկերակցէին Տըպայէի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներ եւ քահանայ հայրեր:
Քոլեճին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց արաբերէնի դասատուներէն Էլմոն Գալֆայեանը, որ ողջունեց Ռուհանա եպիսկոպոսին այցելութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի նախօրեակին տեղի ունեցող այս այցելութիւնը խորհրդանշական է ու իմաստալից:
Քոլեճին մանկապարտէզի փոքրիկները բեմ բարձրանալով` ներկայացուցին փունջ մը երգեր, իսկ ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արաբերէնով ասմունքեցին հայրենասիրական քերթուած մը:
Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին անունով խօսք առաւ Խաչիկ քհնյ. Միսիրեանը, որ ըսաւ, թէ Ռուհանա եպիսկոպոսը իր հարազատ տունն է, որ կ՛այցելէ: Ան ըսաւ նաեւ, որ եպիսկոպոսը լաւ կը ճանչնայ հայերը եւ անոնց պատմութիւնը ու միշտ ալ սիրալիր կապեր ունեցած է անոնց հետ:
Ապա խօսք առաւ Ռուհանա եպիսկոպոսը, որ ըսաւ, թէ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է գտնուիլ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի նման կրթական յարկի մը տակ: Ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ իր կապերուն մասին: Ռուհանա դրուատիքով խօսեցաւ լիբանանահայերուն հայրենասիրական կեցուածքներուն եւ Լիբանանի հանդէպ իրենց հաւատարմութեան մասին:
Այցելութեան աւարտին խօսք առաւ նաեւ խնամակալութեան անդամ Մհեր Սարգիսեանը, որ վարժարանին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Պուլոս Ռուհանա եպիսկոպոսին:
 
			



