Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ
1922-ի սեպտեմբեր 13-ին Եգէական ծովու թագուհին` Զմիւռնիա քաղաքը հրկիզուեցաւ քեմալական ուժերու յառաջապահ ներխուժողներուն կողմէ: Յարձակման թիրախը, բնականաբար, քաղաքի յոյներն էին. իրե՛նք ալ զարմացան, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յունական հազարամեայ քաղաքը կործանելու սահմանուած հրդեհը սկսաւ հայկական թաղամասէն: Առեղծուածը այդպիսին կը մնայ մինչեւ այսօր: Հայութեան հանդէպ թուրք ազգայնականութեան այս բացարձակ ատելութիւնը բացատրելի չէ: Զմիւռնիոյ կործանումը յոյներու կողմէ «Փոքրասիական աղէտ» անունը կը կրէ. ան նոյն ածականը կրող զինուորական գործողութեան անփառունակ վախճանն էր: Յունական բանակի փայլուն արշաւ մը, որ սակայն կ՛աւարտէր ջախջախիչ պարտութեամբ` այլապէս ու բազմաթիւ ճակատներու վրայ ջախջախիչ պարտութիւն կրած թրքական բանակներուն դիմաց: Յունաստանը ողողուեցաւ մէկ միլիոնի հասնող թշուառ գաղթականներով: Փոքր Ասիոյ մէջ յունական հազարամեակներ տեւած ներկայութիւնը վերջ գտաւ: Իսկ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասը այսօր վերածուած է հանրային պարտէզի, ուր կանոնաւոր կերպով տեղի կ՛ունենայ Զմիւռնիոյ միջազգային ցուցահանդէսը:
Սկզբնական ամիսներու փայլուն յաղթանակը ինչպէ՞ս վերածուեցաւ ամօթալի պարտութեան: Յունական պարտութեան երեւոյթը սխալ հաշիւներու, անձնական շահերու եւ փառասիրութիւններու, սնափառութիւններու եւ պառակտումի երեւոյթներու հետեւանքին ուսանելի օրինակ կրնայ ըլլալ:
Կրետացի Էլեֆթերիոս Վենիզելոսը 20-րդ դարու առաջին յիսնամեակի Յունաստանի ամէնէն փայլուն քաղաքական դէմքն է: Ան առաջին անգամ ըլլալով Յունաստանի վարչապետ դարձաւ, երբ Կրետէն կը վայելէր յատուկ կարգավիճակ` երկար ու վայրագ ազատագրական պայքարէ մը ետք: Յունական պետութիւնը քաղաքական պատճառներով (պէտք է թարգմանել` վախնալով մեծ պետութիւններու հակազդեցութենէն) մինչ այդ չէր արտօնած Կրետէի կցումը Յունաստանին: Վենիզելոսը Պալքանեան առաջին պատերազմէն անմիջապէս առաջ յայտարարեց Կրետէի միացումը Յունաստանին: Պալքանեան պատերազմի աւարտը Յունաստանին պարգեւեց Սելանիկը. Պալքանեան երկրորդ պատերազմին նուաճուեցաւ հիւսիսային Յունաստանը` իր ներկայ սահմաններով:
Յունաստանի ներքին քաղաքական բեմը պառակտուած էր: Թագաւորական ընտանիքը իր համախոհներով մէկտեղ մօտ կը զգար Գերմանիոյ, մինչդեռ ազատական գաղափարներով տոգորուած Վենիզելոսը կողմնակից էր Գերմանիոյ հակառակորդներուն` Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի առաջին ամիսներուն Յունաստանը մասնակից չէր կողմերու դիրքորոշումներու այս արմատական երկուութեան պատճառով: Սակայն 1915-ի ընտրութիւններուն Վենիզելոսը յաղթական դուրս եկաւ: Վարչապետն ալ բացայայտօրէն հակադրուելով թագաւորին` պատերազմ յայտարարեց Առանցքի տէրութիւններուն դէմ: Թագաւորը մեկնեցաւ Յունաստանէն: Յունաստանի դաշնակիցները տարին ամբողջական յաղթանակ: Գերմանիոյ կողքին, պարտուած էր նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը:
Դաշնակիցները Վենիզելոսին խոստացած էին առաւելաբար յոյներով բնակուած Զմիւռնիոյ շրջանը: Այս երաշխիքով յունական բանակը մտաւ Զմիւռնիա 1919-ի մայիս 15-ին: Միաժամանակ յունական բանակի մէկ այլ թեւը գրաւեց արեւելեան Թրակիան` առանց համարձակելու մտնել մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ շրջանը: Յունական բանակին նպատակը քեմալական ազգայնական շարժումի զսպումն էր: Սկզբնական շրջանին գործողութիւնները ընթացան շատ յաջող կերպով: Յունական յաղթանակը ապահով կը թուէր ըլլալ: 1920-ի օգոստոսին Սեւրի դաշնագիրը կը հաստատէր այդ յաղթանակը: Զմիւռնիոյ շրջանը առնուազն պիտի կցուէր Յունաստանին:
1920-ի նոյեմբերին, «Փոքրասիական արշաւ»-ի ընթացքին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Վենիզելոսի կուսակցութիւնը անակնկալօրէն պարտուեցաւ: Վենիզելոսը երեսփոխան նոյնիսկ չընտրուեցաւ: Թագաւորական ընդդիմութիւնը յունական բանակի արշաւանքի ամբողջ ընթացքին տարած էր խաղաղասիրական քարոզչութիւն: Այս սխալը ճակատագրական հետեւանքներ ունեցաւ Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին համար:
Նոր կառավարութեան առաջին գործերէն եղաւ Փոքր Ասիոյ մէջ յաղթական յունական բանակի ղեկավարութեան փոփոխութիւնը: Բանակի շնորհազուրկ սպաները մարզուած էին դաշնակիցներուն կողմէ: Նոր կառավարութեան կողմնակից սպաները, բոլորովին անփորձ,չկրցան պահել իրենց նախորդներուն գրաւած դիրքերը: Միւս կողմէ` գերմանասէր թագաւորին հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակող նոր կառավարութիւնը Յունաստանի յաղթական դաշնակիցներուն վստահութիւնը չէր կրնար վայելել: Կառավարութեան փոփոխութեամբ, Յունաստանի թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ ալ զինուորական կացութիւնը բոլորովին շրջուած ըլլալով` յաղթանակի պտուղները պահելը չափազանց դժուարացաւ: Զինուորական տկարացում, բարդացած` աշխարհաքաղաքական շփոթով: Պարտութիւնը անխուսափելի դարձաւ:
Յունական բանակին պարտութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովրդային խաւերու թշուառութեան: Յունական բանակը նահաջեց դէպի… երկիր: Շուրջ քառորդ միլիոն մարդ ջարդուեցաւ թուրք բանակայիններու եւ անկանոն զինեալներու կողմէ: Դեռ կարճ ժամանակ մը առաջ տօնախմբութիւններուն մասնակից ժողովուրդէն շատեր, բառին իսկական եւ փոխաբերական իմաստով, ծով թափուեցան: Յունաստանը իբրեւ երկիր տասնամեակներ դրաւ ոտքի կանգնելու համար:
Պարտութեան թոհուբոհին մէջ, բանակի ամբողջական նահանջէն ետք, միայն մէկ յոյն զինուորական մնացած էր կորսուող հայրենիքի հողին վրայ, գնդապետ` Նիքոլաոս Փլասթիրասը: Ան զբաղած էր հաւաքելով մարդկային խլեակները զանոնք դէպի փրկութեան լաստ մը առաջնորդելու համար: Ան զանոնք ապահով վայրեր հասցնելէ ետք գնաց Աթէնք` հաշիւ պահանջելու աղէտի պատասխանատուներէն: Զինուորական դատարանը գթասիրտ չգտնուեցաւ:
Ութ տարի անց Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ բարեկամութեան դաշնագիր: Կրկին վարչապետ դարձած Էլեֆթերիոս Վենիզելոսը այցելեց Անգարա, Թուրքիոյ ղեկավար Իսմեթ Ինէօնիւ այցելեց Աթէնք: Մրցակցութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:
Այդ ժամանակներու Յունաստանի եւ այսօրուան Հայաստանի միջեւ զուգահեռներ տեսնողները, եթէ կրնան, թող… հանգիստ քնանան:
Պէյրութ, 19 դեկտեմբեր 2018


