Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաւե՛լ Գաղափարապաշտութիւն Նուա՛զ Ճառախօսութիւն (ԼԵՄ 45-ամեակ)

Դեկտեմբեր 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Ի յառաջագունէ յստակացնենք, թէ վերոնշեալ գաղափարապաշտութիւնը կը վերաբերի հայ երիտասարդութեան, մասնաւորաբար` ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, որուն ծննդեան տօնն է, որ կ՛ուզենք յիշատակել, հաւաքաբար, եւ այս պատեհ առիթին` մեր ըսելիքը փոխանցել:

Ըսելիք, որ գնահատանքի առընթեր, աշխատանքի ու ասպարէզի նորարար շերտեր կ՛ակնկալէ եւ ինքնաճանաչութիւն եզրը առաւել իմաստաւորելու կոչ կ՛ընէ, որպէսզի մէկ կողմէ հայ երիտասարդութիւնը իր ներկայութիւնը փաստէ, միւս կողմէ` իրեն հասցէագրուած քննադատութիւնները պատուով շրջանցէ:

Իսկ, նուա՛զ ճառախօսութեան հրաւէրը ուղղուած է երէց սերունդին, որ առիթ չի փախցներ, իր այլազան ու պսպղուն մտածումները, քարոզանման խօսքերը, հնաբոյր մօտեցումները, ժամանակավրէպ կարգախօսերը երիտասարդութեան սեփականութիւնը դարձնելու, իր կարգին չէզոքացնելու, այսպէս ըսած, այն բոլոր սուր ամբաստութիւնները, թէ երէց սերունդը ճամբայ չի բանար երիտասարդութեան եւ կ՛արգելակէ անոր թռիչքը, սլացքը ու կատարին հասնելու ներքին մղումը:

Ահա յաւերժահունչ բախումը, որ, ըստ էութեան, պիտի շարունակէ իր գոյերթը, կեանքի թաւալքին վերապահելով հետագայ դասաւորումներու շքեղութիւնը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 45-ամեակ:

Հարկ է խոստովանիլ, որ դաշնակցական միտքն ու գրիչը ԼԵՄ-ի ամեակներուն նուիրուած անհամար սպիտակ էջեր «մրոտած են» անոր երթին ու աշխատանքին մեծութիւնը` գնահատած, ի սրտի մաղթանքներ արձանագրած, տեղին քննադատած, այլապէս ալ, անով հպարտանալու սրտայոյզ խօսքեր հնչեցուցած:

Այս առումով աւելորդ է կրկին յիշեցնել այն բոլոր փուլերը, ուրկէ անցած է երիտասարդականի այս կառոյցը, որ իր ծնունդէն ի վեր յատկանշուեցաւ էապէս  գաղափարապաշտի, ժողովրդանուէրի եւ հայրենապաշտի բարեմասնութեամբ:

Հակառակ այն իրողութեան որ ԼԵՄ-ը կոչուած է ըլլալու դաստիարակչական միաւոր, երիտասարդական տարիքի ու ժամանակի փոխանցման հարթակ, կրցաւ իր վրայ դրուած յոյսը, երազն ու ակնկալութիւնը բացարձակ յանձնառութեամբ կատարել ու հայութեան ներկայանալ սէգ ճակատով եւ հպարտութեամբ:

Փաստօրէն, ԼԵՄ-ի անձնազոհութեան եւ նուիրումի ասպարէզ հանդիսացաւ առաջին հերթին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ապա` արցախեան ազատագրական պայքարի ողջ իրականութիւնը, երբ իրերայաջորդ սերունդներ, ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին ու հաւատամքին ընդառաջ, նետուեցան պատերազմի դաշտ, օգնութեան ձեռք երկարեցին բոլորին, հասան ժողովուրդի կարիքներուն, պաշտպանեցին թաղամասեր, տէր եղան ազգային արժանապատուութեան, իրենց քաջարի բազուկը ցոյց տուին բարբարոս թուրք-ազերիին, զարկին ու զարնուեցան եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին:

ԼԵՄ-ական ընկերներ այսօր կը ննջեն Եռաբլուրի մէջ` հայրենիքի հանդէպ սրբազան պարտք կատարելու գոհունակութեամբ:

Չափազանցած չենք ըլլար եթէ երբեք հաստատենք, որ երիտասարդականի այս կառոյցը ամէնուրեք արժանացաւ սեփական ժողովուրդի անխառն զգացումին, քաջալերանքին, յարգանքին ու երախտագիտութեան:

Մտահան պէտք չէ ընել իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ ամէն անգամ, երբ շեշտը կը դրուի ԼԵՄ-ին վրայ, հարկ է ընդգծել, որ այս կառոյցը, ըլլալով երիտասարդականի համախմբում, իր շարքերուն մէջ ունեցաւ նաեւ տկար կազմաւորումի տէր անձեր, վախկոտներ, յանձնապաստան տղաներ, քմահաճ ու թեթեւսոլիկ աղջիկներ, իրենց մաշկին ու ստամոքսին հարկատուներ, խոհանոցային հայրենասիրութեամբ տարուած տարրեր եւ այլն, որոնք առիթ տուին շատերու թիւր ըմբռնում ունենալ ԼԵՄ-ի մասին:

Ճիշդ է նաեւ այն,որ իրերայաջորդ սերունդի պատկանող ԼԵՄ-ական ընկերներ եւ ընկերուհիներ գտնուեցան իրենց գաղափարի եւ նուիրումի բարձունքին եւ ցոյց տուին անօրինակ ծառայութիւն եւ քաղաքակիրթ ունակութիւն: Անոնք եղան գաղափարի ու հաւատամքի զինուորագրեալներ, դարձան ազնուասիրտ հայորդիներ եւ տիպար դաշնակցականներ: Ու երթը շարունակուեցաւ 45 տարի անընդմէջ:

Հասանք մեր օրերը, 21-րդ դար, արհեստագիտութեան արագասոյր ընթացք, մարդկային կեանքի ու մտածելակերպի, այսպէս ըսած, արտասովոր փոփոխութիւն, համաշխարհայնացման ճնշիչ օղակներ, նիւթի բացարձակ տիրապետում, կրօնքի ու հաւատամքի հանդէպ կրաւորական կեցուածք, ընկերային կեանքի քայքայման գործօններ, տնտեսական ազատականութեան վայրագ դրսեւորումներ, քաղաքական ասպարէզի բիրտ գործընթացներ, այլամերժութեան եւ ատելութեան սոսկալի պատկերներ, պատերազմի ու քանդումի մութ ծրագիրներ, թմրամոլութեան ու սեռայնականութեան անհամեմատելի տարողութիւն, մոլեռանդութեան ու սպանդի ուղղակի քաջալերանք, գաղթականութիւն, աղքատութիւն, մարդուժի հոսք դէպի օտար ափեր, ճակատագիրի անորոշութիւն, ազգային արժէքներու հանդէպ լիրբ մօտեցումներ, ազատութեան ու անկախութեան կաշկանդումներ, կեղծ ու ազգաքանդ քաղաքական վարքագիծեր, նիւթի շռայլութեամբ յագեցած ընկերային շարժումներ, վտանգաւոր ցանցեր եւ մասամբ նորին:

Իրօք, այս բոլորի կիզակէտին կանգնած է երիտասարդութիւնը, որ թէ՛ թիրախ է դարձեր, եւ թէ՛ ոգի ի բռին կ՛աշխատի պաշտպանուելու եւ պահելու իր ինքնութիւնը, տեսակն ու խանդավառութիւնը:

Յայտնապէս դաշնակցական երիտասարդութիւնը, իր կարգին, կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ: Փաստօրէն, ազգային-քաղաքական, գաղափարական- դաստիարակչական ծրագիրներ կը գտնուին դժուար կացութիւններու դէմ յանդիման:

Համաշխարհային ուժի ցուցադրութիւններու ազդեցութեան տակ են նաեւ ազգային կառոյցներ, որոնք, իրենց կարգին, պարտաւոր են փոփոխութեան ենթարկել իրենց հնաբոյր աշխատելաոճերն ու մտածելակերպերը, որպէսզի կարենան քայլ պահել կեանքի թաւալքին հետ:

Այսինքն` աւանդապահ ըլլալու կողքին, անհրաժեշտութիւն է այլեւս լծուիլ հաստատութենական աշխատելաձեւի որդեգրման եւ առաւել զարգացման, որպէսզի նորահաս երիտասարդը կարենայ իր գիտական փորձառութիւնը ի սպաս դնել ազգային ու միութենական աշխատանքի արդիւնաւէտութեան:

Արդ, չի բաւեր ամէնօրեայ ճառեր արտասանել եւ երիտասարդութիւնը հրաւիրել ազգային կեանքի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, դերակատար ըլլալու, նոր շունչ ու եռանդ բերելու, այլ պէտք է գիտակցիլ (եթէ ուշ չէ տակաւին), որ ջերմեռանդ խօսքերն ու սրտաճմլիկ պատումները ոչ մէկ նպաստ կը բերեն հայ կեանքի առողջացման ու վերանորոգման: Առանց յապաղումի հարկ է ճամբայ հարթել եւ ունկնդիր ըլլալ երիտասարդական միաւորներու ձայնին ու պահանջին եւ լծուիլ բիւրեղացման աշխատանքի, եթէ երբեք կ՛ուզենք գաղութահայ կեանքի ու միջավայրի վերաշխուժացում, յառաջդիմութիւն:

Իր կարգին, դաշնակցական երիտասարդութիւնը կոչուած է ըլլալու առաջամարտիկ իր ըմբռնումներուն մէջ, գերազանցապէս օրինակելի, համոզումի տէր, հաւատարիմ իր յեղափոխական անցեալին, ինքնավստահ ու ջանադիր իր առած քայլերուն մէջ,  նորարար մտածումի եւ խանդավառ կեանքի ընդունակ, քննական մտքի տէր եւ հաշուետուութիւն պահանջող եզակի միաւոր, որուն առաքելութիւնը յստակօրէն սահմանուած է պատերազմի թէ խաղաղ օրերուն:

Այդուհանդերձ, իրաւունք է հարցադրել, թէ արդեօք ԼԵՄ-ը այս օրերուն ի վիճակի՞ է նման յանձնառութիւն կատարելու, ինչպիսի՞ կացութիւն կը պարզէ անոր  դաստիարակչականի, կազմակերպականի, քարոզչականի եւ աշխատանքային հարթակը: ԼԵՄ-ի շարքերը մուտք գործող երիտասարդ-երիտասարդուհին որքանո՞վ կը յագեցնէ իր ծարաւը` գիտութիւն եւ փորձառութիւն ամբարելու, ազգային ու համամարդկային քաղաքակրթական նուաճումներու հաղորդ ըլլալու, սեփական պատմութեան մէջ հմտանալու, յեղափոխական գրականութեան թէ դաշնակցական անգիր օրէնքի հարազատ թարգմանը հանդիսանալու, ՀՅ Դաշնակցութեան արժեհամակարգի թեւ ու թիկունք դառնալու, եզակի յեղափոխականներու ժառանգին տիրութիւն ընելու, նուիրեալներու օրինակով ընթանալու, քաղաքական միտք մշակելու եւ ազգային երազներու իրականացման ի խնդիր աշխատանքի նորովի ակօսներ բանալու:

Այո՛, քաջ հաւատացողն ենք, որ կուսակցական-կազմակերպական, ազգային-երիտասարդական թէ գաղութահայ կեանքի վերաշխուժացումին գրաւականը է՛ ու պիտի մնա՛յ հայ երիտասարդութիւնը, իր ուսանողականի թէ պատանեկանի շերտերով, որոնց հանդէպ պարտաւոր ենք ցոյց տալ գուրգուրանք եւ անմնացորդ քաջալերանք` յանուն վաղուան ու գալիք սերունդներու յաջողութեան:

Կ՛ըսեն, որ այսօրուան ԼԵՄ-ականը շատ տարբեր է անցեալի ԼԵՄ-ականէն, որովհետեւ անոր մէջ նուազ է գաղափարին նուիրուելու գիտակցութիւնը: Կ՛ըսեն նաեւ, որ այսօրուան միութենականը դադրած է շունչ ու ոգի ներդրելու ազգային թէ կուսակցական աշխատանքներուն մէջ, եղած է ինքնամփոփ եւ ոչ նախանձախնդիր երիտասարդ: Կ՛ըսեն, որ ան քաղաքավար չէ, ունի «փողոցային» վարքագիծ եւ հեռու է աւանդապահի ու ազգասէրի հաւատոյ հանգանակէն:

Կրնան ըսուածները ճիշդ ըլլալ, իսկ մատնանշումները` այս կամ այն ԼԵՄ-ականին վերաբերող, ոչ ոք կրնայ ժխտել իրականութիւնը: Այդուհանդերձ, մենք ալ, մեր կարգին կ՛ըսենք, թէ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը սեփական պատմութիւն եւ գաղափարական մշակոյթ կերտած երիտասարդական միաւոր մըն է, որ եղած է հաւատաւոր ժառանգորդը դաշնակցական գիր-գրականութեան, աւելի՛ն. ուղղակի կրողն ու ապրող միաւորը` յեղափոխական ու ազգային արժէքներու:

Փաստը` իր 45-ամեայ պատմութեան ոսկեայ էջերն են, ուր արեամբ ու անգին զոհողութեամբ արձանագրուած են հրաշալի սխրանքներ:

Առ այսօր, ընդգծելին կը մնայ այն, որ ԼԵՄ-ը պէտք է գիտակցի, որ կը գտնուի ազգաքանդ ու մարդկային արժէքները փճացնող այլազան հոսանքներու դէմ յանդիման, հաւանաբար ուղղակի անոնց ազդեցութեան տակ: Ի՛նչն է, ուրեմն, որ  պիտի կարենայ զինք կեանքի թաւալքին մէջ պահել եւ առաւել հզօրացնել եթէ ոչ առաւել գաղափարապաշտութիւնը, ինքնաճանաչութիւնը, յախուռն կեցուածքն ու նախաձեռնութեան ոգին, բայց մանաւանդ` պէտք է որ ունենայ այն ուժն ու կամքը մատնանշելու եւ սրբագրութեան մղելու, սխալ, այլանդակ եւ յոռի երեւոյթները, այո՛, ազգային, կուսակցական, կազմակերպական եւ միութեական կեանքը առաւել աշխուժացնելու եւ բիւրեղացնելու հրամայական պահանջով:

Արդ, դաշնակցական երիտասարդութիւնը պարտաւոր է գիտնալ, որ քննադատութիւնը հոգեկան տառապանք ու խայտանք է, ապրում եւ զգօնութիւն պահանջող գիտակցական մակարդակ, որով պէտք է զինուիլ եւ նետուիլ ինքնաբիւրեղացման պայքարի դաշտ` յանուն քննական մտքի ուռճացման եւ դաշնակցականի արժէքներու պաշտպանութեան:

Միւս կողմէ, երէց սերունդի ներկայացուցչութիւններ պէտք է իմանան, որ կեանքի թաւալքը ի նպաստ երիտասարդութեան է, անոնք են ներկայի ու ապագայի հրաշալի ներուժն ու ապաւէնը, ուստի, ճառերու փոխարէն քաջութիւն ունենալ մտիկ ընելու անոնց ձայնին ու շատ անգամ պոռթկացող կանչին:

Այլապէս, պատմութեան վճիռը դաժան կ՛ըլլայ:

 

19-12-2018                     

Նախորդը

Մկրտութեան Խոստումի Վերահաստատում

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?