Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Գ.) Երիտասարդ Մարդուժի Խնդիր

December 19, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթերցողները այս տարուան ընթացքին նկատեցին, որ «Ազդակ» յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուց մանկապատանեկանին առընթեր պատանեկան-երիտասարդական խաւերը թերթին կապելու աշխատանքին վրայ: Մանկապատանեկան հրատարակութեան առընթեր մրցանքներն ու աշխատանոցները յաւելեալ առիթ եղան «Ազդակ»-ի յարկին տակ համախմբելու հարիւրաւոր աշակերտներ: Այստեղ ընտրուած թիրախային միջավայրը հայկական վարժարաններն են: Անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի տնօրէններու եւ առնչակից դասարաններու համապատասխան ուսուցիչներու հետ խորհրդակցութիւն կազմակերպելու` միասին քննարկելու համար անցած ճանապարհը եւ նախանշելու նոր ծրագիրները այս ուղղութեամբ: Ոլորտը մասնագիտական է եւ անպայման մանկավարժական մասնագիտութեան ներդրումը հետագայ ծրագիրներուն համար օգտակար է: Անհրաժեշտութիւնը կը զգանք նոր մեթոտներու որդեգրման:

Երկար ծրագրումներէ ետք կեանքի կոչուեցաւ նաեւ պատանեկան-երիտասարդական խաւին համար տեսական-գործնական լրագրութեան դասընթացքի բաժանմունքը: Անպայման պէտք է նշել, որ մասնակիցներու հետեւողականութիւնը, գրեթէ ամբողջ տարի մը, նախապայման էր ծրագիրի առաջին փուլը իր աւարտին հասցնելու համար: Համահայկական բնոյթի նիւթեր, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին, սփիւռքին վերաբերող շատ այժմէական նիւթեր, լրագրութեան օրէնքներ, հայ կեանքին հետ փոխանցուած տեսաբանութիւնը գործնապէս յօդուածագրելու  փորձեր, կառոյցներու ծանօթացումներ, այցելութիւններ եւ տարբեր ոլորտներու ամէնէն բարձր պատասխանատուութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ լեցուցին այս ծրագիրի ժամանակացոյցը: Օգտագործուեցաւ նաեւ Հայաստանէն թէ տարբեր երկիրներէ մասնագիտական մարդուժը` հեռակայ կարգով սքայփով դասախօսութիւններ տալու յիշուած նիւթերուն մասին:

«Ապագայ լրագրողներ» անուանումը կրող այս ծրագիրին մասնակիցները իրենց մէջ չպահեցին խանդավառութիւնը եւ ամբողջ ապրիլեան բացառիկ համարի բովանդակութիւնը հարստացուցին բացառապէս իրենց գրութիւններով: Իրենց միացան Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն իրենց հասակակիցները: «Ապագայ լրագրողներ»-ը կարեւոր հարթակ է մեր երիտասարդ աշխատակիցներուն գրելու, քննարկելու, ինքնադրսեւորուելու եւ հետզհետէ խմբագրական հմտութիւններ ձեռք ձգելու համար: Ծրագրային ընթացքի մէջ է երկրորդ փուլի պատրաստութիւնը:

Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ լրագրութեան նախաակադեմիա մը ուրուագծած ըլլալու: Այստեղ դժուարութիւնը առաւելաբար յօդուածագրութեամբ խանդավառ սերունդին լրագրութիւնը իբրեւ մասնագիտութիւն չընտրելու իրողութիւնն է, ասպարէզին ոչ հեռանկարային ըլլալու փաստին դիմաց:

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը այս ուղղութեամբ վճռական տրամադրուած է` անպայման շարունակելու գործը: Երիտասարդներու անուններու երեւիլը մեր մամուլի էջերուն ամէնէն հպարտառիթ երեւոյթը պէտք է նկատել. որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, մեր խմբագրութիւնը անվերապահ սատար կը կանգնի նորերու համալրումին եւ իր էջերը լայն կը բանայ երիտասարդ գրիչներուն:

Կը գիտակցինք, որ ապագայ լրագրողներէն երիտասարդ աշխատակից անցումի վիճակը մեր ակնկալած տարողութիւնը չունի: Անոնց քաջալերական երեւումը «Ազդակ»-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն թէ թերթի էջերուն պէտք է ապահովէ յաճախականութիւն եւ հետեւողականութիւն:

Լրագրողական մարդուժ ապահովելու առաջադրանքը զգալիօրէն կը սկսի իրականանալ, երբ մղում տրուի մասնագիտանալու այս ուղղութեամբ. մղումը ինքնին բարոյական իմաստ կ՛ունենայ միայն եթէ նաեւ չտրամադրուի կրթաթոշակը: Կայացած մասնագիտութիւնը կ՛ակնկալէ համարժէք աշխատավարձ: «Ազդակ»-ի հասողութեան սահմաններէն վեր է այս համալիր ծրագիրը: Այսուհանդերձ պարագայ առ պարագայ ուսումնասիրելու, հաւաքագրելու, գործուղելու եւ արդիւնք ստանալու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք, եթէ կ՛ուզենք, որ նպատակաուղղուած աշխատի կենսական սերնդափոխութիւնը: Մինչ այդ, մեզի վերապահուած պայմաններով եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ երիտասարդ խումբերու հետ: Բացառապէս երիտասարդ գրիչներով գոյացած յաւելուածներ եւ յատուկ համարներ եզակի կարգավիճակէն դուրս պիտի բերեն փակուող տարուան ապրիլեան բացառիկը:

Ապագայ լրագրողներուն ծրագիրը պիտի՛ շարունակուի:

Նախորդը

Փաշինեանը Անճէյ Քասփրչիքին Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցը

Յաջորդը

Ծննդեան 90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.