Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնախմբութեամբ Յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 128-ամեակը

Դեկտեմբեր 21, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յանուն ազգի եւ հայրենիքի» կարգախօսով կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ  փառաշուք տօմախմբութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծննդեան 128-ամեակը:

Տօնակատարութեան ներկայ էին` Բերիոյ հայոց թեմի եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդներուն ներկայացուցիչները, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեանը, ՀՀ Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոսը, Սուրիոյ հայազգի երեսփոխանը, հայկական կազմակերպութիւններու, Ազգ. իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը:

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Յովիկ Ղազարեանը, իսկ արաբերէն` Ճեմմա Տաուլէն:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը: Ասմունքով, երգերով եւ նուագով հանդէս եկան ՍԵՄ-ական երիտասարդ կատարողներ: Ելոյթ ունեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանակիր, հայրենի արուեստագէտ, ջութակահար Արմէն Ճէնտերէճեանը:

Օրուան հանդիսավարներն էին Մինաս Ապաճեանը եւ Սեւանայ Հալլաճեանը:

Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանը խօսք առնելով` շեշտեց, որ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս կը շարունակուի նորովի թափով ու կորովով, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ Թիֆլիսի մէջ որպէս Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն օրին նպատակ ունենալով մէկտեղել բոլոր յեղափոխական ուժերը` ի նպաստ հայոց ազատագրական շարժումին:

Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ համախմբող կուսակցութիւն, համայն հայութեան կուսակացութիւն, եւ կոչուած է ծառայելու հայ ժողովուրդին` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռք, նոյն յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, մինչեւ կերտումը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի: Ապա ան դիտել տուաւ, որ Հալէպի մայր գաղութը կարեւոր դերակատարութիւն եւ առաքելութիւն ունի ողջ սփիւռքին համար: Ան դիմացաւ պատերազմի ծանր պայմաններուն եւ անկոտրում կամքով պիտի շարունակէ իր երթն ու ծաղկի, վերականգնի` հոսանքն ի վեր դիավարելու գնով անգամ: Ապա ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին , որ դժուարին պայմաններու մէջ գրկաբաց ընդունեց Եղեռնէն ճողոպրած հայութիւնը եւ ծաղկելու առիթ տուաւ անոր: Եզրափակելով` Կ. Իւզպաշեանը յայտնեց, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները նոյն թշնամիին ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ կը պայքարին ու պիտի շարունակեն պայքարիլ, մինչեւ որ իրականութիւն դարձնեն անկատար տենչերը: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին` հայ համայնքին դերն ու մասնակցութիւնը բարձրօրէն գնահատելուն եւ անոր զօրավիգ կանգնելուն համար:

Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեանը ակնարկ մը նետեց ՀՅԴ հիմնադրութեան ու պատմութեան բոլոր փուլերուն վրայ` դիտել տալով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայոց հողին համար պայքարի տարիներուն ծնունդ առաւ եւ մղուեցաւ պայքարի` յանուն հայ հողին եւ հայ մարդուն:

Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութեան` տարբեր իշխանութիւններու օրերուն, թէ՛ որպէս ընդդիմադիր եւ թէ՛ որպէս համախմբական կառավարութեան անդամ, լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ի ջանքերով իրականացած սահմանադրական փոփոխութիւնները, թուրք-հայկական արձանագրութիւններու ստորագրման մերժումը, երկրի ղեկավարման համակարգը խորհրդարանական դարձնելու ուղղուած ջանքերը, Արցախի եւ Հայ դատի ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մղած պայքարը եւ այլն:

Բանախօսը ողջունեց հալէպահայ դիմացկուն գաղութը, դիտել տալով, որ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր նոր մշակոյթ բերին երկիր, ապա կոչ ուղղեց հալէպահայութեան` պահպանել կազմակերպ կեանքն ու ազգային առողջ գիտակցութիւնը, գործել նոյն խանդավառութեամբ ու ազգային արժէքներու հաւատարմութեամբ ու լծուիլ աշխատանքի` վերականգնելու հեքիաթային, հրաշք Հալէպը:

Աւարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին խօսքը կարդաց Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը: Սրբազան հայրը շնորհաւորելով Դաշնակցութեան 128-ամեակը` դիտել կու տար, որ տարեդարձները ոչ միայն պատմութիւնը յիշելու, այլ վերակազմակերպուելու եւ նորոգուելու առիթներ են: «Անբաւարար է միմիայն յայտարարել, որ կը հաւատանք երիտասարդ ու նոր բացուող սերունդին, անհրաժեշտ է ու պարտաւոր ենք վստահիլ անոնց կարողականութեան, իմացականութեան եւ նախաձեռնող ոգիին ու կամքին, ըստ այնմ նոյնպէս փոխանցել անոնց լուրջ պարտականութիւններ, որ նորոգեն իրենց ու մեր կեանքը, կազմակերպութեան եւ ազգին գործելաոճը, որպէսզի ՀՅԴ-ն կազմակերպ իր շարքերով հաւաքաբար յաղթահարէ իր դիմաց ծառացող դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գայ», կը գրէր Շահան սրբազանը:

Կարդացուեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ այս առիթով ուղղուած շնորհաւորագիրները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Պուլոս Ռուհանա Եպիսկոպոսին Այցելութիւնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?