Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Մարուխեան. Դաշնակցական Հսկան

December 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի, ինչպէս գիտենք, յոբելենական տարի մըն է: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը, բայց նաեւ` հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 90 եւ մահուան 20-ամեակն է:

Դժբախտաբար, բախտաւոր չեմ եղած հանդիպելու, զրուցելու կամ քննարկումներ կատարելու ընկեր Հրայրին հետ, բայց անոր գաղափարական էութեան ազդեցութիւնը առկայ է վրաս. իր որդեգրած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մտածողութեան ուղղութիւնը կանգուն է սերունդներուն մէջ ու պիտի մնայ յաւիտեան:

Հրայր Մարուխեանը կը պատկանէր այնպիսի սերունդի մը, որ կրցաւ եւ յաջողեցաւ քայլ պահել ժամանակի ոգիին հետ, երբ ՀՅԴ-ի 1972-ի Ընդհանուր ժողովին «Վերադարձ յեղափոխական արմատներուն» կարգախօսը որդեգրեց ՀՅ Դաշնակցութեան տեսական ու գործնական կեանքին մէջ: Սերունդ մը, որուն համար ներշնչանքի աղբիւր դարձան Ափրիկէի, Ասիոյ ու Հարաւային Ամերիկայի ազգային, ընկերային ու տնտեսական ազատագրութեանց պայքարները: Սերունդ մը, որ ջանք չխնայեց քայլ պահելու եւրոպական ցամաքամասին մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութեան զարգացման հետ ու կրցաւ հայկականացնել այդ փորձը` հայկական դիմագիծ տալով անոր` 1978-ին ՀՅԴ-ի վերամշակած ծրագիրին ընդմէջէն:

Հրայր Մարուխեանը, մեր կարծիքով, առանց որեւէ չափազանցութեան, կրնանք նկատել Դաշնակցութեան ժամանակակից մտածողութեան հայրը: Ան ապրեցաւ յետխորհրդային ժամանակաշրջանի դաժան օրերը, ականատես եղաւ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի մէջ կատարուած լայնածաւալ սեփականաշնորհումներուն, արհեստակցական ու գիւղացիական միութիւններու կեանքի վերացման ու տնտեսութեան ապաարդիւնաբերականացման:

Ան ականատես եղաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներու խախտումներուն, ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքներուն ու խօսքի ազատութեան բռնաբարումներուն: Ան նաեւ ականատես եղաւ արցախեան հարցի ու Հայ դատի հարցերով զիջողական յայտարարութիւններուն: Ազատագրուած հողեր յանձնելու ու Հայ դատի հետապնդումէն հրաժարելու կոչերուն:

Իբրեւ սկզբունքային գործիչի` անոր պատասխանը վերեւ յիշուած բոլոր մարտահրաւէրներուն եղաւ կտրուկ ու հիմնուած գաղափարական ուղղուածութեան վրայ:

Հրայր Մարուխեանի շնորհիւ է, որ գծուեցաւ ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը:

Մերժել լայնածաւալ սեփականաշնորհումները, պաշտպանել Հայ դատի արդար լուծումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պետական մակարդակով ու տէր կանգնիլ Արցախի անկախութեան եւ ազատագրուած տարածքներուն, այս բոլորը եղան ո՛չ միայն Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի, այլեւ Դաշնակցութեան բոլոր կազմակերպութեանց հիմնական արժէքները:

Ընկերային ու տնտեսական արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, արդար խաղաղութիւնը եւ Հայ դատի պայքարը կազմեցին դաշնակցական անհատի առօրեայ կեանքին հիմնական սիւները: 20 տարի անցած է Հրայր Մարուխեանի մահէն, սակայն գրեթէ

շատ բան չէ փոխուած հայաստանեան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ, իսկ այդ փոքր փոփոխութիւնն ալ դէպի ետդարձ կատարած է: Լայնածաւալ սեփականաշնորհումներուն պատճառով խորացած է ընկերային դասակարգերուն միջեւ անհաւասարութիւնը, անհատ սեփականատէրերը այսօր հիմնական մասը կազմած են հայաստանեան քաղաքական կեանքին, սակաւապետութիւնը տակաւին իր ակռաները սեղմած, կը գոյատեւէ, ու նաեւ սակաւապետները կը վայելեն կառավարութեան գուրգուրանքը` իբրեւ «մեծ սեփականատէրեր» եւ, ամէնէն կարեւորը, խորհրդային համակարգի անկումէն սկսեալ մինչեւ այսօր կը կիրարկուի նոր-ազատականութիւնը, որ յիշեալ բոլոր չարիքներուն պատճառն է:

Այսօր Հրայր Մարուխեանի թէ՛ պետականաշինութեան տեսլականի եւ թէ՛ փիլիսոփայական աշխարհահայեացքի կարեւորութիւնը աւելի կը զգացուի, քան` երէկ: Պետականաշինութիւն, Իբրեւ պետութեան դերակատարութեան վերարժեւորում` այսօր պէտք է զօրացնել պետութեան հսկողութիւնը մեծ ընկերութիւններուն վրայ, ընկերային բարօրութիւնը ապահովել բնակչութեան լայն խաւերուն համար, իսկ միւս կողմէ ալ Հայ դատի պայքարի ջահը միշտ վառ պահել միջազգային ատեաններու մէջ: Փիլիսոփայութիւն. իբրեւ ազգայինի ու միջազգայինի միջեւ կամուրջ գտնող անձ ու նաեւ իբրեւ ազգային, ընկերային ու տնտեսական հարցերու համակարգող, որ կրցաւ փաստել, թէ երեքն ալ կը փոխլրացնեն մէկը միւսը` հայկական կեանքին մէջ:

Ժամանակն է ներշնչուելու մարուխեանական շունչով` վերակառուցելու ազգայինի ու միջազգայինի միջեւ փուլ եկած կամուրջը եւ սկսելու վերստին առաջնահերթ նկատել ընկերային ու տնտեսական հարցերը` ազգային-քաղաքական հարցերուն կողքին:

 

 

Նախորդը

Կ՛ուզէ՞ք Երկար Եւ Առողջ Ապրիլ…

Յաջորդը

Գաղափարական Մարդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.