Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէն Երգերու Սիրուած Մեկնաբան Յակոբ Մկրտիչեանը Եզակի Եւ Անդրանիկ Մենահամերգով Նշեց Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Խորհուրդը

Դեկտեմբեր 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հայ մշակոյթի պահպանման եւ գոյատեւման մէջ առանցքային դեր ունի երաժշտութիւնը: Ան առհասարակ կը ներկայացնէ ժողովուրդի մը յոյզերը, ապրումները, կենցաղը: Ան իր կախարդական ազդեցութիւնը ունի միաժամանակ, որուն միջոցով մարդը կ՛անջատէ իր առօրեայ կեանքէն, մտահոգութիւններէն եւ կը փոխադրէ այն մաքրամաքուր աշխարհը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կը տենչայ ապրիլ, եւ պապակ հոգիներուն ծարաւը կը յագեցնէ: Մէկ խօսքով, երաժշտութեան դերը հաւաքականութեան եւ ի մասնաւորի մարդուն կեանքին մէջ իր ներգործօն ազդեցութիւնը ունի: Ինչ կը վերաբերի հայկական երաժշտութեան, կասկածէ վեր է, որ հայ ժողովուրդի փոթորկալից, տառապալի եւ ուրախութեան պահերուն որքա՜ն կենսական դեր ունեցած է երաժշտութիւնը: Հայ մեծանուն երաժիշտներ, երաժշտահաններ եւ երգ մշակողներ ի՜նչ երախտարժան աշխատանք կատարած են եւ իրենց անմնացորդ լուման ներդրած` հայ երաժշտութեան գանձարանին մէջ այն խոր համոզումով, որ հայ երգը կազդուրիչ բալասան է մարդոց հոգիներուն եւ հոգիները դէպի երկինք սլացնող ոսկեպատ (լուսաւոր) ճանապարհ: Սակայն արդեօք բաւարա՞ր է գանձը ունենալ եւ չունենալ զայն ճիշդ ձեւով մեկնաբանող, ապրեցնող, մէկ խօսքով, ոգեղէն ներկայութիւն դարձնող երաժիշտներ ու երգիչներ:

Լիբանանահայ իրականութեան մէջ այս առումով վերջին քանի մը տարիներուն, արուեստասէրները ականջալուր եւ ականատես դարձան Սուրիոյ պատերազմի արհաւիրքէն Լիբանան կայք հաստատած բազմաշնորհ ու բազմատաղանդ երիտասարդ, հայ հարազատ երգի մեկնաբանողի մը` յանձինս Յակոբ Մկրտիչեանի, որուն ձայնային կարողութիւնն ու կատարումները արժանացան մեծ գնահատանքի: Արդարեւ, լիբանանահայութեան սիրտը համարուող Պուրճ Համուտի «Նոյ» ճաշարանին մէջ Յակոբ Մկրտիչեանին ելոյթները պատճառ դարձան, որ հայ երաժշտութիւնը սիրողներ, արժեւորողներ մնայուն յաճախականութեամբ փութան հոն` ունկնդրելու հայ երգերու ճոխ եւ հարազատ ընտրանի:

Իր տեսակին մէջ եզակի եւ անձնական նախաձեռնութեամբ մը Յակոբ Մկրտիչեանը կիրակի,16 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան համերգով հանդէս եկաւ արուեստասէր հանրութեան դիմաց:

Քրիստոնէական յատուկ պատգամ յղող այս համերգը սկսաւ նուագախումբին հնչեցուցած «Ամանորի զնգուն զանգեր» եւ Արա Գէորգեանի եղանակի կատարումներով: Ապա բեմին վրայ յայտնուեցաւ Յակոբ Մկրտիչեանը եւ մեկնաբանեց «Գիշերն իջաւ», «Երնէկ թէ այս Նոր տարին» երգերը: Եւ ահա հայկական երգերու մեկնաբանը իր կեանքի վկայութիւնը տուաւ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի պատերազմին ընթացքին կեանքի ու մահուան իրականութեան մէջ Աստուծոյ ներգործութեան եւ այս առիթով իր իսկ կողմէ գրուած «Աստուած սէր է անսահման» երգը: Ապա մեկնաբանեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բազմալեզու երգեր, ինչպէս` «Ծափ զարկ աշխարհ», «Ուի ուիշ եու», «Ֆելիս նաւիտատ»: Դարձեալ հեղինակային «Վերելք» երգով հանդէս եկաւ, որ նուիրուած էր իր կեանքի դժուարութիւնները Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթահարելու ճիգին եւ յաջողութեան: Յայտագիրին առաջին մասը վերջ գտաւ իր կնոջ` Զուքա Մկրտիչեանի արաբերէն «Եա թըֆըլ ըլ նէյէմ» երգով:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինը սկսաւ դարձեալ նուագախումբի կողմէ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար» երգի իւրայատուկ մատուցմամբ: Յակոբ Մկրտիչեանը երգեց «Կարծում էի թէ», «Ձիւնը եկաւ շատ առատ», «Լուռ գիշեր» երգերը: «Խաչին մօտ» երգի կատարման ժամանակ բեմին վրայ զետեղուեցաւ Քրիստոսի մեծ խաչափայտը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ կենդանի պատկեր` ներկաներուն հոգիներուն մէջ դրոշմելու խաչին զօրութեան խորհուրդը: Հուսկ, Յակոբ Մկրտիչեանը «Զանգակներ» բազմալեզու երգով եւ միաժամանակ հայկական մեկնաբանութեամբ եզրափակեց իր տեսակին մէջ իւրայատուկ Ս. Ծննդեան համերգը: Անշուշտ այստեղ պէտք է ընդգծել, որ համերգին ընթացքին հնչող երգերուն մեծամասնութիւնը կատարուեցան երաժշտական նոր ու հայկական գործիքաւորումով: Անուրանալի է դերը նաեւ նուագախումբի իւրաքանչիւր անդամին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս համերգի յաջողութեան եւ կայացման հոլովոյթին մէջ: Նուագախումբը կը բաղկանար հետեւեալ  վաստակաւոր անձերէ. երգեհոնի վրայ, ինչպէս նաեւ մելոտիա եւ կիթառ` Յարութ Մկրտիչեան, տրամզ` Վիգէն Ճինիշեան, պաս կիթառ` Յովսէփ Քէօշկէրեան, սոլօ կիթառ` Գէորգ Տէր Սարգիսեան, տուտուկ եւ քլարինեթ Արամ Աւետիսեան: Ձայնի եւ լոյսի մասնագիտական եւ կատարեալ սարքաւորումը ըրած էր «Միուզիք փիփըլ»:

Հարկ է նշել, որ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանին այս համերգը տարբեր բնոյթ կը կրէր: Ան իր հայկական, աշուղական, գաւառական երգացանկէն տարբեր յայտագիր մը պատրաստած էր` յիշեցնելով ներկաներուն, որ իբրեւ քրիստոնեաներ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդը հայկական ճոխ սեղաններու շուրջ միայն կերուխումի նպատակով հաւաքուելու առիթ չէ: Ս. Ծնունդը ներողամտութեան, սիրոյ եւ ինքնագիտակցութեան առիթ է, եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է վստահի Աստուծոյ գոյութեան եւ Անոր ամենակարող զօրութեան, ինչ որ երգիչը զգացած է իր կեանքին մէջ` թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ մասնաւորաբար Հալէպի պատերազմին դժնդակ պայմաններուն, նաեւ` Լիբանանի մէջ կայք հաստատելէն ետք դիմագրաւած դժուարութիւններուն ընթացքին:

Յիշարժան համերգի մը ներկայ գտնուելու ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը ապրեցաւ արուեստասէր հանրութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէ. Հանդիպում-Ընդունելութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?