Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէ. Հանդիպում-Ընդունելութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

December 19, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի հրաւէրով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան կոմիտէութեան տարածաշրջանին մէջ գտնուող ու գործող ուղեկից միութիւններու, կառոյցներու պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` պարտականութեան վրայ գտնուող կոմիտէութեան ընկերները:

«Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան գործադաշտին մէջ գտնուող շրջաններու հայեցի դիմագիծի պահպանումը, հայկական մթնոլորտի աշխուժացումը եւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններու միջեւ փոխադարձ կապը հրամայական  անհրաժեշտութիւն դարձած են, որոնց հանգուցալուծման համար կոմիտէն կազմակերպած էր սոյն հաւաքը: Շրջանին մէջ ապրող հայութեան մեծ թիւը պարտաւորութեանց տակ կը դնէ կոմիտէն` յատուկ աշխատանքներով լուծելու շրջանին հարցերը:

Համայնքին ու գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրները` հայկականութենէ հեռացումը, հայ կեանքին մէջ մաս չկազմելու իրողութիւնը, նորահաս սերունդին ակմբային կեանքին հետ ընտելացումի պակասը եւ, վերջապէս, օտարն ու օտարին սովորութիւններն ու բարքերը ընդօրինակելու հոսանքը լիբանանահայ կազմակերպ համայնքին մտահոգութեան առարկան դարձած են, եւ  մեկնելով ա՛յս մտահոգութիւններէն` շրջանի կեանքը աշխուժացնելու եւ նպատակաուղղելու առաջադրութեամբ, «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն ծանօթացման, նախնական խորհրդակցութեան եւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ կազմակերպեց սոյն հաւաքը:

Հիւրասիրութեան ներկայ էին` Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէն, Պսալիմ- Մզհեր շրջանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեանն, Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեանը, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Ասլանեանը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թաղական խորհուրդի անդամներ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի, ԼԵՄ-ի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի պարտականութեան վրայ գտնուող ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Նաթալի Տեկիրմէնճեանը մեներգեց ՀՅԴ քայլերգ «Մշակ բանուոր»-ը: Երեկոյթին բացումը կատարեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի անդամ Պետօ Տեմիրճեանը. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ նեցուկ կը կանգնին այս նախաձեռնութեան: Ընկերը նշեց, որ ներքին գաղութային, թէ ներլիբանանեան համայնքային դժուարութիւնները, որոնք մեր դէմ ծառացած են,  կարելի է յաղթահարել միայն միացեալ ջանքերով: Հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայապահպանում կարելի է արդիւնաւէտ ձեւով իրագործել, երբ ակումբ – միութիւններ – դպրոց – եկեղեցի  եւ ընտանիք կապն ու յարաբերութիւնները ամուր են եւ համխմբուած ու համադրուած աշխատանք կը տանին: Երբ մեր ներքին կեանքը կազմակերպուած է եւ համերաշխ է, շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ դուրսէն եկած ճնշումը յաղթահարել եւ Լիբանանի քաղաքական ներքին կեանքին մէջ ունենալ մեր արդար եւ ճիշդ ներկայութիւնը:

Ան ըսաւ. «Բնական է, որ` իբրեւ լիբանանահայեր մեր աչքերը նաեւ յառած ըլլանք դէպի Հայաստան: Հայաստանի վերջին շրջանի քաղաքական իրավիճակը, որքան խանդավառութիւն, նոյնքան ալ անորոշութիւն ստեղծած է: Ապագայի հանդէպ պղտոր պատկերացումը, որ ունինք, մեզ կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ: Պէտք է ըլլանք միակամ, պատրաստ եւ զգուշ: Թոյլ պէտք չէ տալ հայկական ազգային արժէքներու ոտնակոխման եւ լուսանցքայնացման:

Պ. Տեմիրճեան նաեւ նշեց, որ այս ամառ շրջանին մէջ տեղադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած արձան-յուշակոթողը, եւ ապագային նոյն վայրին մէջ կը ծրագրուի իրականացնել կարգ մը մեծ ու փոքր  գաղութային ու ժողովրդային այլ նախաձեռնութիւններ: ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի այս հաւաք-հանդիպումը կը միտի սկիզբ մը դնել միասնական ծրագրուած եւ համադրուած աշխատանքի մը` ի շահ մեր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, շրջանին եւ լիբանանահայութեան ընդհանրապէս»:

Աւարտելով իր խօսքը,  ան շնորհաւորեց ներկաները եւ անոնց ներկայացուցած միութիւնը` մաղթելով բարի եւ ազգանուէր գործունէութիւն մը:

Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանի բնակիչ Իշխան Եղիայեանը, որ ներկայացուց իր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Նանոր Թաշճեանն ու Սիւզի Սեմերճեանը, որոնք եւս իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները ներկայացուցին:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն յառաջիկային պիտի հրաւիրէ այլ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանը եւ համայնքը յուզող հարցերը, եւ պիտի փորձուի գտնել անոնց լուծումները:

Խօսքերուն  յաջորդեց հիւրասիրութիւն: Երեկոն ճոխացուց ջութակահարուհի Սիւզի Չամսարեանը:

Աւարտին, ներկաներուն տրուեցաւ «Արամը» հատորէն օրինակներ:

Նախորդը

Սերունդներ Եւ Էլիբեկեաններ

Յաջորդը

Հայերէն Երգերու Սիրուած Մեկնաբան Յակոբ Մկրտիչեանը Եզակի Եւ Անդրանիկ Մենահամերգով Նշեց Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Խորհուրդը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.