Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քրիստոնեայ աշխարհին այս մեծագոյն հերոսը` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (Յովհաննու Կարապետ) դարեր շարունակ ոգեշնչած է արուեստագէտներ, գրողներ, հաւատացեալներ: Ան, ըստ Նոր կտակարանին կը նկատուէր ամենամեծը կիներու ծնածներէն եւ երկրորդ Եղիա մարգարէն: Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ան արժանացած է մեծ յարգանքի եւ տօնակատարութեան, կառուցուած են տաճարներ եւ խորաններ` պանծացնելու համար մեծ սուրբին յիշատակը:
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Ծնունդն Ու Մանկութիւնը
Յովհաննէս Մկրտիչ որդին էր արդար կեանք ապրող Զաքարիա քահանային եւ Եղիսաբէթին: Անոնք ամուլ էին եւ երկար տարիներ զաւակ չէին ունեցած: Յովհաննէսի ծննդեան լուրը Զաքարիան ստացաւ Աստուծմէ` Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցով, տաճարին մէջ ծիսական խնկարկութիւն կատարելու ժամանակ: Գաբրիէլ հրեշտակին խօսքերը, թէ` մանուկը մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ շատերուն համար եւ Ս. Հոգիով լեցուած` մարդիկը պիտի պատրաստէ երկար սպասուած Մեսիային գալուստին, կասկածներ ստեղծեցին Զաքարիայի մէջ, որուն համար հրեշտակապետը համրութեամբ պատժեց Զաքարիան` մինչեւ Յովհաննէսին ծնիլը: Յովհաննէսի Աստուծոյ ընտրեալ ըլլալու հանգամանքը առաջին անգամ կ՛երեւի Եղիսաբէթին որովայնին մէջ մանուկը գտնուած ժամանակ, երբ Եղիսաբէթ Ս. Կոյս Մարիամին հանդիպեցաւ, որ յղի էր Յիսուսին, այդ ատեն իր որովայինին մէջ երեխան շարժեցաւ (Ղուկաս 1:45): Յովհաննէսի ծնունդէն ետք Զաքարիային լեզուն բացուեցաւ եւ սկսաւ օրհնաբանել զԱստուած: Մանուկը, համաձայն Գաբրիէլ հրեշտակի հրամանին, անուանեցին Յովհաննէս, որ կը նշանակէ` աստուածաշնորհ, Աստուծոյ ողորմութիւն: Աւետարանին մէջ վերջին տուեալը Յովհաննէսի մասին այն էր, որ ան կը բնակէր անապատին մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ երեւցաւ Իսրայէլի մէջ:
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Քարոզութիւնը
Նոր մարգարէն ասպարէզ ելաւ, երբ արդէն երեսուն տարեկան էր: Հրէական միջավայրին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչին յայտնուիլը մեծ կարեւորութիւն ունէր` նկատի ունենալով, որ չորս հարիւր տարի Հրէաստանի մէջ մարգարէ չէր յայտնուած եւ Ղուկաս Աւետարանիչ պատմական վեց հանգամանքներով այս փաստին մասին կ՛արձագանգէ: Յովհաննէս Մկրտիչի յայտնուելուն մասին հիմնաւորած են նաեւ Հին կտակարանի մարգարէութիւնները: Եսայի մարգարէն այսպէս կը վկայէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին. «Ահաւասիկ քու առջեւէդ կը ղրկեմ իմ պատգամաբերս, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»: Իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ կը նշէ. «Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցով հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ` Լոյսին համար վկայ մը» (Յովհաննէս 1:6-8): Լոյսին` Քրիստոսի նախորդելու այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որ Յովհաննէսին տրուի նաեւ Յովհաննու Կարապետ (նախակարապետ) անուանումը, որ կը նշանակէ առաջնորդ:
Յովհաննէսի քարոզչութեան նպատակն էր ապաշխարութեան մղել մեղաւոր ժողովուրդը մկրտութեան ճամբով եւ պատրաստել Իսրայէլի Մեսիայի գալուստին: Ապաշխարութիւն ըսելով` Յովհաննէս նկատի ունէր հրաժարիլ նախկին սխալ կեանքէն եւ դառնալ դէպի Աստուած, որովհետեւ հրեաները իրենք զիրենք ընտրեալ եւ փրկուած ժողովուրդ կը նկատէին: Մկրտութեան ժամանակ ջուրի գործածութիւնը խորհրդաւոր իմաստ ունի. անիկա արտաքինէն ներքին մաքրութեան կը տանի: Յովհաննէս Մկրտիչ նաեւ կը խօսի դատաստանի մասին, թէ` ժամը հասած է խոստովանելու: Հրեաները դիւրին չընկալեցին Յովհաննէսի խօսքերը եւ անոր հարցաքննութեան կանչեցին: Իսկ Յովհաննէս փաստեց, որ ինք կը պատրաստէ Քրիստոսի ճանապարհը:
Յիսուսի Մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչէն
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ տեղի ունեցած է 6 յունուարին` Ս. Ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի ետք, նոյն օրը: Մկրտութեան մասին ընդարձակ կերպով կը խօսի Մատթէոս Աւետարանիչը. «Այդ օրերուն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ` անկէ մկրտուելու համար: Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր` ըսելով. «Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս»: Յիսուս պատասխանեց. «Հիմա թո՛յլ տուր, որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը»: Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ: Յիսուս մկրտուելէ ետք անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ: Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՛իջնէր եւ կու գար իր վրայ: Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն եւ հաճեցայ»: Համաձայն Յովհաննէս Աւետարանիչի, աղաւնիին երկինքէն իջնելը նշան էր Յովհաննէսի համար, որպէսզի ան գիտնար, որ Յիսուսն է Աստուծոյ որդին:
Յովհաննէս Մկրտիչի Բանտարկութիւնը Եւ Գլխատումը
Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալէն ետք Յովհաննէս Մկրտիչը կը գտնենք բանտարկուած վիճակի մէջ, որովհետեւ յանդիմանած էր Հերովդէս չորրորդապետը` իր եղբօր կնոջ հետ ամուսնութեան պատճառով: Հերովդէսի եղբօր աղջիկը երբ իր ծննդեան տարեդարձին իր պարով հրապուրեց ներկաները, Հերովդէս երդում տուաւ կատարել անոր ուզածը: Հերովդէսի կինը առիթը յարմար նկատեց եւ ուզեց Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը սկուտեղի վրայ: Թագաւորը տրտմեցաւ, սակայն չկարենալով խախտել իր խոստումը` դահիճը ղրկեց եւ գլխատել տուաւ Յովհաննէս Մկրտիչը:
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Տօները
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին սուրբին յիշատակին սահմանած է չորս տօն`
1.- Տօն ծննդեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը կատարուի Քրիստոսի ծննդեան ութօրէքի յաջորդ օրը, 14 յունուարին (անշարժ տօն):
2.- Յիշատակութիւն գլխատման Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը տօնուի Ս. Զատիկին յաջորդող շաբաթ օրը (շարժական տօն):
3.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի` Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):
4.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յոբ արդարի` Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի յաջորդող երրորդ շաբթուան հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Շարականները
Հայոց եկեղեցին Աստուածածինէն ետք Ս. Յովհաննէսը կը նկատէ մեծագոյն սուրբերէն մէկը: Հայ հոգեւոր երաժշտութեան ամէնէն սիրուած հերոսներէն մէկն է: Ան արժանացած է բազմաթիւ գովեստներու, եւ անոր ձօնուած են բազմաթիւ շարականներ, ինչպէս` «Երկնաքաղաքացի» (Կանոն «Յիշատակ գլխատման Յովհաննու Մկրտչին»), «Հողանիւթ հրեշտակ» (Կանոն ծննդեան Յովհաննու Մկրտչի), «Զմարգարէ բարձրելոյն եւ զթագաւորն զինաւոր» («Կանոն Յովհաննու Մկրտչին»): Շարականները լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Յովհաննէս Մկրտիչի հաստատակամ եւ մարտնչող նկարագիրը:
Ս. Կարապետի «Մուրազ» Կատարող Ըլլալու Հանգամանքը
Քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ բաղդատած` հայոց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը Ս. Կարապետը ընդունած է իբրեւ տարբեր փափաքներ եւ իղձեր կատարող եւ բժշկող սուրբ: Հին ատեն Մշոյ Ս. Կարապետ վանք անդադար ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին, յատկապէս` ամրան, սուրբի տօնին յիշատակութեան ժամանակ: Դարեր շարունակ ուխտագնացութեան հոսքը շարունակուած է, եւ ասոր ապացոյցը կու գայ Ս. Կարապետին նուիրուած երգերէն: Ս. Կարապետին նուիրուած ժողովրդային երգերը 18 հատ են, որոնց մէջ յաճախ կ՛ընդգծուի սուրբին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալու հանգամանքը: Օրինակ` երգերէն մէկուն մէջ այսպէս նկարագրուած է Ս. Կարապետի վանքը.
«Սուրբ Կարապետ խորան խորան,
Մէջը կէրրվի օսկի օրան,
Եօթը գըլուխ սուրբ աւտըրան,
Մուրազս տուր, սուրբ Կարապետ»:
Ուխտը կը հետապնդէր տարբեր նպատակներ, ինչպէս` հիւանդութեան բուժում եւ սուրբին հովանաւորութեան աղերսում: Ամէնէն կարեւորը տարբեր իղձերու կատարումն էր, որուն շնորհիւ ժողովուրդը Ս. Կարապետը անուանած էր «մուրազատուր» կամ «մուրատատուր»: Երգերուն մէջ նշուած է նաեւ, որ սուրբը ոչ մէկը անտեսած է` «ձիաւորին ճուաբ կու տայ, ոտաւորին մուրատ կու տայ»: Ուխտագնացներու ձիաւոր երթալը կը խորհրդանշէ մեծ տարածութիւն կտրելը, իսկ ոտաւորի երթալը` հետիոտն, բոպիկ զոհաբերութեամբ սուրբին ուխտի երթալը:
Քրիստոնէութեան նախակարապետ Ս. Յովհաննու Կարապետին յիշատակը եւ տօնակատարութիւնը առիթ է քրիստոնեայ հաւատացեալներուն` խոկալու աստուածային ճշմարտութիւններուն եւ կեանքի ընթացքը շարունակելու Քրիստոսի ուսուցումներուն հետեւելով:









