Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Շրջապտոյտը

Յունուար 16, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց իր երկրին համար գլխաւոր երեք առաջնահերթութիւնները` Իրանի դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումն ու շրջանային կայունութեան ապահովումը: Անշուշտ, երբ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը «շրջանային կայունութեան ապահովում» կ՛ըսէ, պէտք է հասկնալ, թէ կը խօսի Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատում: Այդ նպատակին իրագործման մէջ գլխաւոր արգելքը Իրանն է, ահա թէ ինչու «աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւոր»-ին դէմ պայքարը Ուաշինկթընի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է:

Իրաք, Եգիպտոս, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Յորդանան եւ Օման այցելած Փոմփէօ (հետագային պիտի այցելէ նաեւ Քուէյթ) իր հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկիրը հաստատակամ է Իրանի դէմ պայքարի հարցին մէջ, «եւ մենք ատիկա պիտի կատարենք շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ»: Ան ամերիկեան վարչակազմին համար Իրանի դէմ պայքարի չափազանց կարեւորութիւնը ընդգծելով նշեց, որ այդ պայքարը «առաքելութիւն մըն է, որ կ՛իրագործուի յանուն աշխարհի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի շրջան այցելութեան նպատակը յստակացնելն է, թէ ո՛վ «գործընկեր» է, ո՛վ այդ «առաքելութեան» հետ է եւ ո՛վ` դէմ, իսկ տողատակի պատգամը այն է, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը պարտութիւն չէ, այլ` ընդամէնը Ուաշինկթընի միջինարեւելեան քաղաքականութեան վերադասաւորման մէկ քայլը:

Յատկանշական է, որ Փոմփէօ իր արաբական շրջապտոյտին ընթացքին չայցելեց Լիբանան եւ վերոնշեալ պատգամին տեղւոյն իշխանութեան երեք պետերուն փոխանցումը վստահեցաւ իր քաղաքական հարցերու օգնական, Լիբանանի մէջ իր երկրին նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլին: Այդպիսով ի յայտ եկաւ, որ Լիբանան Ուաշինկթընի համար նուազ կարեւոր երկիր մըն է, սակայն ոչ անկարեւոր, որովհետեւ մայրիներու երկիրն է Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի օրրանը: Հէյլ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք յստակօրէն շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` դիմադրելու համար ամբողջ շրջանին մէջ գործադրուող իրանեան վտանգաւոր արարքներուն, որոնցմէ մէկն է «ֆինանսաւորումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին է նաեւ Հըզպալլան»: Ան մեծ հաւանականութեամբ այդ վերջին հարցով է, որ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ եւ ոչ թէ քննարկելու համար Լիբանանի ու շրջանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս հաղորդուեցաւ:

Լիբանանեան «Պինա» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը նախատեսած էին‚ որ Հէյլ նաեւ Լիբանանը հրաւիրէ մասնակցելու Լեհաստանի մէջ Իրանի դէմ պայքարի հարցին նուիրուած խորհրդաժողովին: Տողատակի Իրանի դէմ պայքարի «առաքելութեան» հետ կամ դէմ ըլլալու երկընտրանքի առջեւ կանգնեցնող, ուստի եւ լիբանանեան տեսանկիւնէն անբաղձալի հրաւէր մը, որ եթէ տրուած ըլլար վստահաբար նեղ կացութեան պիտի մատնէր շրջանային տագնապներէ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւն կիրարկող, ներքին ու արտաքին նուրբ հաւասարակշռութիւններ պահող եւ արդէն իսկ քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրը:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Գնած Է Անօդաչու Թռչող Սարքեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?