Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով Եփրեմ Վրդ. Տէր Ղազարեանը (Վախճանման 25-ամեակին Առիթով)

Յունուար 15, 2019
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հալէպի պատերազմը ծանր հարուած հասցուց մեր հայկական վարժարաններուն:

Այս սքանչելի դպրոցները, որոնք հիմնուեր էին արիւն-քրտինքով, եւ որոնք 90, 80 կամ 70 տարիէ ի վեր գիրկ բացեր էին իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու, յանկարծ ամայացան: Նօսրացաւ աշակերտութեան թիւը, հայաթափուեցան երբեմնի հայահոծ ու յորդուն թաղամասերը, շէնքերը: Իրենց դռները ընդմիշտ փակեցին քանի մը պատմական վարժարաններ…

Աւերի, լքումի ու տագնապի այդ դժխեմ տարիներուն (2012-2016), մինչ իւրաքանչիւր վերամուտին սրտատրոփ կը սպասէինք տեսնելու,  թէ սա կամ նա դպրոցը քանի՞ աշակերտ պիտի ունենայ, ես անպայման երկա՜ր-երկար կը մտածէի նաեւ ԷշրեՖիէի բարձունքին թառած Մխիթարեան վարժարանին մասին:

Կը լսէի, որ ա՛ն եւս կը գտնուէր անբաղձալի վիճակի մը մէջ: Շրջանը ամայացեր էր, աշակերտները մնացեր էին բուռ մը, մեծաւ մասամբ` օտարախօս: Տեսուչ-վարդապետ ալ չկար:

– Աստուա՜ծ իմ,- կը մտածէի,- այս փառաւոր կրթօճախը` իր նո՛յնքան փառաւոր ու սքանչատեսիլ դպրոցաշէնքով, չըլլա՛յ, որ օր մը ստիպուի փակ…

Վերահաս աղէտին առաջքն առնելու համար է երեւի, որ Ս. Ղազարու մայրավանքէն Հալէպ կը գործուղուէր երիտասարդ ու շատ համակրելի Մխիթարեան մը` Համազասպ վրդ. Քէշիշեան:

Իր ազնիւ հրաւէրին ընդառաջելով է, որ ամիսներ առաջ բարեկամական այց մը տուի դպրոց: Սիրալիր ու անմոռանալի հանդիպում մը եղաւ ատիկա: Վարդապետը գիտակից էր այն գրեթէ անյաղթահարելի ու լեռնակուտակ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի 80-ամեայ դպրոցը: Ներքին դպրոցավարական իմաստով,  ամէն ինչ պէտք էր սկսիլ զերոյէն: Բայց ո՞ւր էր այն մարդուժը, որ թափուր շէնքը ԴՊՐՈՑԻ կը փոխակերպէ…

*

Երբ հրաժեշտ կ՛առնէի իրմէ, հ. Համազասպ ինծի կ՛երկարէր հաստափոր հատոր մը` իբրեւ յիշատակի նուէր: Խորագիրը` «Գանձարան 3300 իմաստուն խօսքերու»: Տպագրութեան թուական` 1992: Հեղինակ` Եփրեմ վրդ. Տէր Ղազարեան…

*

Քաղցր յուշերու կծիկ մը քակուիլ սկսաւ, երբ նայեցայ իմ ափին մէջ դրուած գիրքի անուանաթերթին: Յիշեցի հ. Եփրեմին բարի ու մշտաժպիտ դէմքը:

Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին խորհրդանիշն էր ան, ու այդպէս մնաց, մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը:

Հալէպի մէջ կա՞ր մէկը, որ չէր ճանչցած հայր Եփրեմը: Ամէնո՜ւն հայր Եփրեմը:

Մեր սերունդը բախտն ունեցած չէր ճանչնալու Մխիթարի տան երեւելի դէմքերը: Մենք գիրքերու էջերուն վրայ է միայն, որ կը դիտէինք լուսանկարները Միքայէլ Չամչեանին, Ղեւոնդ Ալիշանին, Արսէն Բագրատունիին, Հացունիին, Ղազիկեանին եւ միւսներուն… Մեզի համար ԿԵՆԴԱՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԸ մէկ հոգի էր` Եփրեմ վրդ. Տէր Ղազարեանը, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի մեծաւորը:

Առաջին անգամ զինք տեսած եմ իմ պատանի տարիքին, 70-ական թուականներու վերջերը: Նոր աւարտեր էի Ազգ. Հայկազեան վարժարանը ու անյագ յափշտակութեամբ սկսեր էի «լափել» Սիմոն Սիմոնեանի հայոց պատմութեան դասագիրքերը, դիտել սքանչացումով` անոնց դեղնորակ էջերը զարդարող պատմական տպաւորիչ գծանկարները:

Օրերէն օր մըն ալ աւելի արդիաշունչ ու գունատիպ «Հայոց պատմութիւն» մը տեսայ բարեկամի մը տան մէջ: Ըսին ինծի, որ Մխիթարեան հրատարակութիւն էր ատիկա: Ըսին նաեւ, որ անկէ օրինակներ կը վաճառուէին քաղաքիս Մխիթարեան վարժարանին մէջ:

Կիրակի առաւօտ մը բարձրացայ ԷշրեՖիէի նորակառոյց Մխիթարեան վարժարանը: Առաջին անգամ է, որ մուտք կը գործէի անոր դարպասէն ներս: Գեղակերտ կառուցուածքով երկյարկանի հրաշալի դպրոցաշէնք մը գտայ իմ առջեւ, ընդարձակ ու ծառազարդ շրջափակով եզերուած:

Վանատան բաժնին մէջ քիչ մը վարանումով թակեցի դուռը հ. Եփրեմի սենեակին: Ի՛նք էր, որ բացաւ դուռը: Հսկայակազմ, բաց գոյն աչքերով, կզակին վրայ սպիտակ փոքր մօրուքով պատկառելի վանական մըն էր: Սեւ սքեմ կը կրէր վրան` կաշիէ հաստ գօտիով մը ամրացուած: Ոտքին` ձմեռնային հողաթափներ:

– Վա՛րդապետ, հայոց պատմութեան գիրքեր առնելու եկած եմ, ունիք չէ՞…

Հ. Եփրեմ զարմացաւ պահ մը: Հարցուց, թէ գիրքերը ե՞ս պիտի կարդայի: Յետոյ հարցուց իմ անուն-մականունը. ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ր դպրոցէն շրջանաւարտ եմ: Յետոյ պահ մը դուրս ելաւ սենեակէն ու թելադրեց, որ երկու վայրկեան սպասեմ զինք այնտեղ:

Շուտով վերադարձաւ` գիրքեր ի ձեռին: Սեղանին վրայ` իմ առջեւ դրաւ հ. Վահան Յովհաննէսեանի «Հայոց պատմութիւն» շարքին գունաւոր 6  հատորները (Վենետիկ տպուած) ու խնդրեց, որ վճարեմ խորհրդանշական գին մը…

Հրաշալի գիրքեր էին, գեղատիպ ու փայլուն:

Շաբաթներ, այլեւ ամիսներ շարունակ իմ ձեռքէն վար չէի դներ զանոնք: Գիշերներն ալ` բարձի գիրք դարձած էին բնականաբար…

Տարիները սահեցան արագ-արագ:

Օր մըն ալ, Ճեմարանը հազիւ աւարտած,  ուսուցչական պաշտօնի հրաւիրուեցայ Մխիթարեանէ ներս, հ. Յարութիւն Պզտիկեանի տեսչութեան շրջանին (80-ականներ): Հ. Եփրեմ, այդ օրերուն, քիչ մը աւելի ալեւորած ու կքած, քաշուած էր վարչական պաշտօններէ ու կ՛ապրէր վանատան իր փոքրիկ սենեակին մտերմութեան մէջ: Առիթը չէի փախցներ թակելու իր սենեակին դուռը ու զրոյցի նստելու իրեն հետ: Սենեակը կը յորդէր գիրքերու եւ թերթերու խառնիխուռն դէզերով: Միշտ նորութիւններ ունէր պատմելիք եւ կ՛ուրախանար զինք ուշադրութեամբ ու հաճոյքով մտիկ ընող մը գտած ըլլալուն համար…

Իրեն կը հանդիպէի մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին ալ: Կը սիրէր ներկայ ըլլալ հայկական ամէն բնոյթի ձեռնարկներու` դասախօսականէն մինչեւ երաժշտական, թատերականէն մինչեւ ոգեկոչական:

Պարկեշտ ու համեստ հոգեւորական, աստուածաբան ու հայ գիրի վաստակաւոր սպասարկու մըն էր հ. Եփրեմ:

«Գանձարան 3300 իմաստուն խօսքերու» ժողովածուն իր հրատարակած վերջին գիրքն էր հաւանաբար: Ասոր նախաբանին մէջ ան կը գրէր որ` «Ամէն իմաստուն խօսք կը նմանի դեղահատի մը: Դեղահատեր կան, որոնցմէ մէկ հատը ա՜յնքան կենսանիւթ կը պարունակէ իր մէջ, որքան պնակ մը կերակուրը»: Ու կ՛առաջարկէր, որ ամէն օր կուլ տանք իր այս սթափեցնող «դեղահատ»-երէն, որոնք փիլիսոփայական եւ կրօնաբարոյական խոկումներու գրգիռներ կրնային յառաջացնել մեր մէջ ու ըմպել տալ մեզի երեւելի դէմքերու մտածումներէն շիթերու կայլակներ…

Ո՞վ կը հաւատայ, որ արդէն 25 տարի սահեր-անցեր է իր վախճանումի թուականէն: 1993-2018:

Յարգանքով ու կարօտով կ՛ոգեկոչեմ զինք:

*

Բնիկ մարաշցի էր, ծնած` 1920-ին: Կ՛ըսուէր, որ ազգականական շատ մօտիկ կապ ունէր հալէպաբնակ հին սերունդի նշանաւոր ազգային դէմք ու «Հայկական Կիլիկիա»(1966) տեղագրական պատմագիրքի հեղինակ տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանին հետ: Կ՛ըսուէր նաեւ, որ Տէր Ղազարեաններու համբաւաւոր այս տոհմին մէկ շառաւիղն ալ զէյթունցի նահատակ վիպագիր Սմբատ Բիւրատն էր` «Եըլտըզէ Սասուն», «Բանտէ բանտ» եւ «Դիակապուտները» գիրքերուն հեղինակը:

Տասներեք տարեկանին մտած էր Ս. Ղազարու վանքը, որուն ընթացքը բոլորելէ ետք մեկնած էր Հռոմ եւ յաճախած` տեղւոյն Գրիգորեան համալսարանը: 1946-ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ, իսկ յաջորդ տարի ալ աւարտած էր համալսարանի աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան ճիւղերը: Նոյն տարին` 1947, ուսուցչական պաշտօնի կը կոչուէր արդէն Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, որուն հետ իր անունը պիտի նոյնանար հետագայ տասնամեակներուն:

Տէր Ղազարեան վարդապետին անդրանիկ հատորը քերթողագիրք մըն էր` «Թափառող ալիքներ», տպուած` 1951-ին: Ուշագրաւ յայտնութիւն մըն էր այս, մանաւանդ որ Վենետիկի Մխիթարեան ուխտին մէջ, Ալիշանէն ետք, շատ քիչեր համարձակեր էին տաւիղ ու քնար ձեռք առնել… «Թափառող ալիքներ»-ը, իր հայրենատենչ ու քնարաշունչ տաղերով, Տէր Ղազարեան վարդապետին անունը կու գար ագուցել Բ. Աշխարհամարտի յետպատերազմեան շրջանի Մխիթարեան միւս երկու բանաստեղծներուն` հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի ու հ. Վահան Յովհաննէսեանի անունին:

Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն»-ի Ա. հատորին մէջ (Գահիրէ, 1956) հ. Եփրեմին յատկացուցած է առանձին գլուխ` հակիրճ անդրադարձումով ու լուսանկարով: Թէօլէօլեանի արժեւորումը բարձր է. «Հ. Եփրեմ Տ. Ղազարեանի քերթուածը սեթեւեթ չունի. զուսպ յուզումի եւ հաղորդական ապրումներու գծով մը կը զարգանան անոնք, մասնաւորաբար` Վարուժանի ձգողութեան ենթակայ: Կշռոյթ ունին եւ` յղկուած լեզու»:

Եւ սխալ ալ չէ այս գնահատականը: Կարդանք, օրինակ, իր «Սիրոյ փեթակ»ը.

Բերէ՛ք ինծի դառնութիւննե՛րը բոլոր,
Բերէ՛ք սրտիս փեթակին
Կ՛ուզեմ քամել խորիսխներ ու մեղրը լոյս,
Վէրքերու մէջ մթագին:

Ա՜հ, թող հալի ամբողջ փեթակը սրտիս,
Սիրոյ անմար բոցերով.
Ու թող ձուլուին մեղրամոմէն մնացորդ
Յոյսի մոմեր հոգեթով:

Միայն թէ զարմանալին ա՛յն եղաւ, որ այս օժտեալ վանական բանաստեղծը աւելի ուշ չշարունակեց իր քերթողական տպաւորիչ երթը, կամ եթէ շարունակեց իսկ, տուաւ շատ քիչ ու պատահական բխումով միայն: Բանաստեղծական նոր հատոր ալ չհրատարակեց այնուհետեւ: Ու հաւանաբար այս էր պատճառը, որ Թէօլէօլեանը իր պատկառելի երկհատորեակին Բ. վերանայեալ հրատարակութեան մէջ (Ամերիկա, 1977), խուսափեցաւ հ. Եփրեմը կրկին հիւրընկալելէ սփիւռքահայ գրողներու նոր դասաւորեալ իր ցուցակին մէջ…

1953-ին հ. Եփրեմ ընթերցողին սեղանին դրաւ նոր գիրք մը` «Դէպի աղբիւրը լոյսին»: Ասով բանաստեղծական կալուածէն ոստում մը կը կատարէր ան դէպի խոհափիլիսոփայական ածու` քննելու համար «տիեզերքի առեղծուածը»: Հատորը իմաստասիրական մտածումներու եւ խորհրդածութեանց մատեան մըն էր, որ կ՛ուզէր «ապացուցել Աստուծոյ գոյութիւնը, բանականութեան յագուրդ տուող փաստերով»: Դիւրամատչելի լեզուով ու ոճով հ. Եփրեմ նախ կը յիշեցնէր Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող տեսութիւններն ու սխալ վարդապետութիւնները, այնուհետեւ ալ, հակադրաբար, մի առ մի կը շարայարէր բոլոր այն ապացոյցները, որոնք կը հաստատեն Գերագոյն Էակին` Աստուծոյ գոյութիւնը: 230 էջանի այս հետաքրքրական գիրքը Բ. հրատարակութիւն մըն ալ ունեցաւ 1991-ին:

Վերինին օրկանական մէկ շարունակութիւնն էր «Ես եմ լոյս աշխարհի» հատորը, որ հրատարակուեցաւ 1988-ին: Հոս ալ սեւեռումի կ՛ենթարկուէր  Քրիստոս` «գիտութեան լոյսին դիմաց»: Այս վերջին զոյգ հատորներով հ. Եփրեմ մեր առջեւ կը կանգնէր որպէս արդիաշունչ աստուածաբան մը, որ կը սիրէ դեգերիլ բնութեան, գիտութեան, ինչպէս նաեւ մտքի բոլոր օրէնքներուն միջեւ:

 

Ինծի կը թուի սակայն, որ հ. Եփրեմի ամէնէն գործնապաշտ ու ժողովրդական աշխատասիրութիւնը իր ֆրանսերէնէ-հայերէն բառարանը եղաւ, զոր հրատարակեց Պէյրութի մէջ, 1957-ին, եւ որ վերատպուեցաւ 1983-ին ալ: Շատ գործնական բառարան մըն էր այս, մօտ 700 էջանի, օժտուած` դժուար կարդացուող ֆրանսերէն բառերուն դիմաց դրուած հայատառ ճշգրիտ հնչումներով, ինչ որ դիւրութիւն մըն էր ուսանողներու եւ սկսնակներու համար:

Բայց նուազ ժողովրդական չեղաւ նաեւ այն փառաւոր ու մեծղի դպրոցական «Յուշամատեան»-ը, զոր հ. Եփրեմ պատրաստեց ու հրատարակեց Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, 1990-ին, որոշ յապաղումով մը: Լա՛ւ որ գրուեցաւ այդ յուշամատեանը այդ տարիներուն: Այլապէս, այսօր ո՞վ պիտի համարձակէր ձեռնարկել այդպիսի ծաւալուն գիրքի մը գրառումին…

Գիտենք, որ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը հիմնուած էր 1936-ին, ու առաջին տեսուչն ալ եղած էր տրապիզոնցի հ. Վրթանէս Խանպէկեանը: Տասնամեակ մը անց սակայն, երբ հ. Եփրեմ պիտի գար միանալու ուսուցչական կազմին, ա՛լ պիտի դառնար դպրոցին ամէնէն սիրական ու տիրական դէմքը:

Կրթական մարզի իսկական նուիրեալ մըն էր ան: Ճիգ ու քրտինք չէր խնայած Մխիթարեանի նորշէնքին կառուցման ու վերաբացման կնճռոտ աշխատանքներուն մէջ եւս, 70-ական թուականներու կէսերուն, անմիջական գործակից ունենալով հ. Արիստակէս Մանուկեանը (այս մասին հաւաստի վկայութիւններ ունի հ. Աւետիք Թալաթինեանը «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքի Բ. հատորին մէջ, 1978): Կը սիրէր շրջապատուիլ աշակերտներով, հաճոյք կը զգար` դիտելով երեխաները, լսելով անոնց ճռուողիւնը:

Կարդացէ՛ք իր «Հայ դպրոցը» քերթուածը, ուր դիւրաւ պիտի շօշափէք ո՛չ միայն բանաստեղծական տաքուկ ու վարակիչ շունչ մը, լեզուական վեհութիւն մը, արուեստի ու մտածումի կայլակներ, այլեւ` հայկական վարժարանին ու անոր գիրկին մէջ աճող դեռատի սերունդներուն նկատմամբ խորունկ հաւատք մը.

Տեսէ՛ք, ո՜րքան հոն գարուններ դեռատի
Կը բերեն երգ ու բերկրանք,
Քարայատակ բակը յանկարծ կը ծաղկի
Ծիծաղներով վարդերանգ:

Տեսէ՛ք, ի՜նչպէս հոն արփիներ հրաչուի,
Կը յորդին կեանք,- եւ ահա,
Կ՛ալեկոծի գաւիթն յանկարծ ամայի
Քրքիջներով արծաթեայ:

Հոն, քով քովի` ինչպէս աստղերն երկինքի,
Կ՛ըմպեն գաղտնիքն արարչին,
Եւ իրենց վառ աչքերուն մէջ կը բացուի
Գոց վարագոյրն Անցեալին:

Հոն, սիրտ սրտի, կարծես վարդեր հրեղէն,
Զուարթ յոյսեր կը ծլին,
Օր մը պիտի անոնց ճակտի բոցերէն
Առկայծ ճրագներ արծարծին:

Հոն, ձեռք ձեռքի` ինչպէս շղթայ մը լերան
Կան Վարդաններ ծաղկատի,
Պիտի ցոլայ աչքերնուն մէջ յաղթական
Ժպիտը գոհ Մասիսի:

Յատակն անոր թող սալարկուի սաթերով,
Ծեփուին պատերն ոսկիէ,
Այնտեղ լոյսի ջերմ օրրանն է, ուր երգով
Ցեղի հոգին կ՛երազէ…

Թող յորդի հոն գգուանքն,- ինչպէս ոսկեգոյն
Մեղրը կ՛իջնէ փեթակէ,
Այնտեղ բոյնն է, ուր յոյսերով ակաղձուն
Սիրտը ցեղին կը տրոփէ…

 

Չեմ մոռնար, որ հ. Եփրեմ «Բազմավէպ»-ի խմբագիր ալ եղած է երկու տարի, 1965-67: Ս. Ղազարու հայագիտական պաշտօնաթերթին այս շրջանի թիւերուն մէջ աւելի յաճախ կարելի է հանդիպիլ հ. Եփրեմի ստորագրութեան` գրական այլատեսակ յօդուածներու ներքեւ:

*

Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեան վախճանեցաւ 6 դեկտեմբեր 1993-ին, Հալէպ, կարճատեւ անհանգստութենէ մը ետք:

Երիտասարդ լրագրող մըն էի ու յաջորդ առաւօտուն իսկ պարտք սեպեցի հեռաձայնել Փարիզ` «Յառաջ»-ի խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանին` հաղորդելու համար Մխիթարեան այս սիրուած վարդապետին մահուան գոյժը: «Յառաջ» 8 դեկտեմբեր 1993-ի իր թիւին Ա. էջին վրայ լոյս ընծայեց վարդապետին մահագրականը: Սփիւռքահայ մամուլի այլ անուններ բան մը գրեցի՞ն կեանքէն հեռացող գիրի այս սպասաւորին մասին. չեմ տեսած: թերեւս բացառութիւն մը եղաւ Հալէպի «Գանձասար»-ին մէջ լոյս ընծայուած այն սեղմ յօդուածը, որով տպարանատէր Յովհ. Պասմաճեանը քանի մը տողով կ՛ողբար կորուստը իր վաղեմի բարեկամին: Զարմանալիօրէն լուռ մնաց նաեւ վենետիկեան «Բազմավէպ»-ը, ու կարծէք մոռցաւ, որ բարունակ մը  եւս փրթած-ինկած էր Ս. Ղազարու հաստարմատ կաղնիէն վար…

Հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ կայացած բազմամարդ յուղարկաւորութիւնը, որուն ընթացքին շատ յուզիչ դամբանախօսութիւն մը  կատարեց երկար տարիներու իր ուխտակիցն ու լծակիցը` հ. Արիստակէս, ապացոյցն էր այն սիրոյն, զոր ժողովրդական շրջանակներու մէջ վայելած էր հ. Եփրեմ,  տասնամեակներու տեւողութեան:

Այսօր կարօտն ունինք նո՛ր հայր եփրեմներու…

Հալէպ

Նախորդը

2019 Խոզի Տարի

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը ՄԱԿ-ի Մէջ Իր Գործունէութեան Նոր Համադրողներ Նշանակեց

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?