Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան Եղեռնի 104-ամեակի ոգեկոչման հսկում: Հսկումին առաջին բաժինը, որ տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ, ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Պարոյր Սթամպուլեանը: Ան ըսաւ. «Մեզի համար փառաւոր անցեալը...



















