Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս Մէկը` Նոր-Ազատականութեան Կապանքներէն Ազատագրուելու Օր

Մայիս 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի մայիս 1-ը` Աշխատաւորներու միջազգային օրը կու գանք նշելու ընկերային-տնտեսական բաւական տագնապալի մթնոլորտի մէջ:

Այս տարի հայրենի ժողովրդային շարժումէն` թաւշեայ յեղափոխութենէն մէկ տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը կը նշէ իր միջազգային սուրբ տօնը:

Հայաստանի աշխատաւորութիւնը մասնակիցը դարձաւ ժողովրդային շարժումին եւ որեւէ ճիգ չխնայեց անոր յաջողութեան համար` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: «Ընկերային արդարութիւն», «տնտեսական արդարութիւն», «բնութեան արդարութիւն» կարգախօսները բարձրացնելով`  փողոց իջաւ, մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն եւ, ահաւասիկ, օր առ օր կ՛ապրի նոր արդիւնքներով:

Աշխատաւոր ժողովուրդը, փողոցը ցոյցերուն մասնակցելէ ետք, ուզեց, որ ժողովրդային շարժումին նպատակները (ընկերային եւ տնտեսական արդարութիւն) որդեգրուին Ազգային ժողովին մէջ, որդեգրուին ընկերային-տնտեսական բարեկարգումներ` ի նպաստ աշխատաւորութեան: Այդ նպատակով իսկ աշխատաւորը 2018-ին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն քուէարկեց յանուն փոփոխութեան եւ արմատական բարեկարգումներուն:

Ի յայտ եկաւ սակայն, որ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքը, համաձայն իր տնտեսական ազատական սկզբունքներուն, բարձրացուց շուկայական եւ անհատապաշտութեան դրօշակը:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ փորձեր կը կատարուին միջազգայնօրէն ձախողած նոր-ազատականութիւնը կիրարկելու Հայաստանի մէջ:

Վերջին ամիսներուն ընթացքին երկու քայլեր առնուեցան` աւելի եւս ամրապնդելու նոր-ազատականութիւնը: Այդ երկու քայլերը հետեւեալներն էին.

Ա.- Պարտադիր կուտակայինի բաղադրիչը, որուն համաձայն, աշխատաւոր անհատը իր օրապահիկի մեծ մասը կը կուտակէ մեծ ընկերութիւններուն մօտ, եւ հոն թիւ մէկ շահաւորները կ՛ըլլան ապահովագրական մեծ ընկերութիւնները, իսկ վնասուողները` աշխատաւորները:

Բ.- Եկամտային հարկի բարեկարգումներ, որոնց պատճառով 150 հազար դրամաշխատավարձ ստացող քաղաքացիները եւ միլիոններ ու միլիառներ ստացող գործատէրերը կը վճարեն 23 տոկոս: Այսինքն 150 հազար եւ 2 միլիոն դրամ ստացողներու միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ` ըստ կառավարութեան: Այսինքն հասարակ քաղաքացին աւելի կը վճարէ (հաշուի առնելով եկամտային հարկն ու կուտակումը միասին), քան` մեծահարուստները:

Ինչպէս կը տեսնենք, թէ՛ պարտադիր կուտակային բաղադրիչի եւ թէ՛ եկամտային հարկի բարեփոխումներուն պատճառով վճարման բեռը ինկած է հասարակ եւ աշխատաւոր քաղաքացիներուն վրայ:

Նմանօրինակ քայլեր կը միտին շուկայացնել ընկերային բարօրութիւնը, սեփականաշնորհել հանրային ծառայութիւնները եւ հարուստին աւելի առիթ տալ հարստանալու, աղքատն ալ` աղքատ պահել:

Անշուշտ նոր-ազատականութիւնը նորութիւն մը չէ Հայաստանին համար. անիկա սկսաւ յետխորհրդային շրջանի առաջին օրերէն իսկ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւններուն գլխաւորած լայնածաւալ սեփականաշնորհումներով եւ դժբախտաբար շարունակուեցաւ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ:

Նոր-ազատականութեան սանձարձակ կիրարկումը ինքնին դաւաճանութիւն է ժողովրդային շարժման պահանջներուն: Պահանջներ, որոնց համար ժողովուրդը արդարացիօրէն փողոց իջաւ:

Ժողովուրդը չէր սպասեր, որ իր օրապահիկին մեծ մասը կուտակէր ապահովագրական մեծ ընկերութիւններուն մօտ, ու նաեւ չէր սպասեր, որ հարկային բեռին մեծ մասը իր վրայ բեռցուի:

Օգտագործել ժողովրդային խանդավառութիւնը` իրականացնելով նոր-ազատական օրակարգեր, արդէն ինքնին հեռացում է ժողովրդային շարժումի սկզբունքներէն: Այս ընթացքը ո՛չ  միայն յարմարուողականութիւն է նախկին իշխանութեան դրամատիրական-հարստապետական քաղաքականութիւններուն հետ, այլեւ անոնց զարգացումն ու արդիականացումն է, որպէսզի կարենայ գոյատեւել տարբեր քաղաքական ցնցումներէ ետք, բայց այս անգամ` մեծ ընկերութիւններու միջոցով:

Օրդ շնորհաւո՛ր, հայ աշխատաւոր:

Պայքարէ՛ յանուն պարտադիր կուտակային բաղադրիչի եւ եկամտային հարկի համահարթեցման ջնջման:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 1,5 Միլիոնի Սուրբ Ուղին

Յաջորդը

Մենք Ենք, Որ Պիտի Ճշդենք Պայքարի Կանոնները

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?