Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Պայքարի Ժամանակակից Եղանակներ

Մայիս 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային վերջին զարգացումները վկայեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացին զուգահեռ, կարեւոր է նաեւ այլ լծակներու օգտագործումը` հանրային կարծիք ձեւաւորելու, Թուրքիոյ ուրացման եւ պատմական ճշմարտութիւններու աղաւաղման քաղաքականութիւնը իմաստազրկելու համար:

Աշխարհի արեւմտեան կողմը աւելի մեծ առաւելութիւններ ունի, հաւանաբար, պետական, իրաւական եւ օրէնսդրական լծակներ օգտագործելու իմաստով: Արեւելեան կողմին մէջ, սակայն, Թուրքիոյ հետ արաբական երկիրներու աշխարհագրական, ժողովրդային եւ կրօնական մերձեցումները նկատի առած` նոյնքան կարեւոր է օգտագործել հանրային կարծիքին լծակը:

Ասիկա զուտ քարոզչական նկատառումներէ թելադրուած չէ, որ կը շեշտադրենք, այլ արաբ հանրութեան իրազեկման կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը նկատի ունինք առաւելաբար:

Իրազեկում, որ հիմնուած ըլլայ փաստարկութեան վրայ, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ խորանալու մղիչ ազդակ դառնայ նաեւ սուրիական հասարակութեան համար եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու անձայն, անաղմուկ աշխատանքի վերածուի վերջապէս:

Այսօր շրջանի ժողովուրդները, որքան ալ նկատի առնեն դրացի երկրին` Թուրքիոյ հետ իրենց այլազան մերձեցումները, քաջ կը գիտակցին, որ տարածաշրջանի ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջ մեծ էր անոր դերը: Այս տրամաբանութեամբ ալ աւելի յստակ պատկերացում կ՛ունենան ցեղասպանութեան ողբերգութեան ենթարկուած եւ հայրենազրկուած հայ ժողովուրդին կորուստին ու պահանջատիրական պայքարին մասին:

Հայ եւ արաբ, հայ եւ իսլամ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւնները, սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներուն կրած մարդկային թէ հողային կորուստները որոշ տեղ մը զիրենք պայքարի նոյն խրամատին մէջ կը տեղադրեն: Այս տրամաբանութենէն թելադրուած` անհրաժեշտ է արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու տարբեր լծակներ որոնել ու, զգացական պոռթկումներէն անդին, մեր երիտասարդութիւնը մղել գիտական աշխատանքի, նոր միջոցներու օգտագործման, որովհետեւ գիտելիքն ու գիտութիւնն են, որոնք պիտի սահմանեն մեր յարաբերակցութեան եղանակն ու որակը ներկայ աշխարհին հետ:

Եթէ չունենանք մասնագիտացած տարրեր, որոնք քաջածանօթ ըլլան մեր իրաւունքներուն, գիտակցին արդի ժամանակներուն մէջ անոնց ձեռքբերման միջոցներուն եւ ըստ այնմ լծուին աշխատանքի, մեր պայքարը, դար մը ետք իսկ, պիտի բանտարկուի կրկնուող գործընթացներու եւ լոզունգներու ճաղերուն ետին:

Այս իմաստով ողջունելի էր, օրինակ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի` սուրիական վարժարաններու կրթական ծրագիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառելու անաղմուկ նախաձեռնութիւնը, որ աւանդական ձեւերը շրջանցող ու երկրի ներկայ կացութեան մէջ ճշգրիտ պահը լաւապէս օգտագործող արդիւնաւէտ աշխատանքով մը պսակուեցաւ:

Օգտագործելի բազում լծակներ կան Միջին Արեւելքի մէջ` հայ ժողովուրդին շինարար ներկայութիւնը փաստելու, մեր Դատին կրօնական գոյն տալու թրքական կողմին նենգութիւնը իմաստազրկելու եւ անկախ մեր հանրապետութեան հետ շրջանի երկիրներուն գործակցութիւնը արդիւնաւորելու:

Լծակներ, որոնք եթէ չօգտագործուին մեր կողմէ, թրքական կողմին թիրախին մէջ կրնան յայտնուիլ` ազդելով ե՛ւ արաբական հանրային կարծիքին ե՛ւ պատմական Հայաստանի ժառանգութիւնը կրող Միջին Արեւելքի հայութեան ներկայութեան ու դերին վրայ (վերջին տարիներու սուրիական պատերազմին ընթացքին ականատեսը դարձանք շրջանը հայաթափելու եւ Ցեղասպանութեան վկայարանը` Տէր Զօրի յուշահամալիրը քանդելու Թուրքիոյ նկրտումներուն):

Միջինարեւելեան միջավայրերը մեր ինքնութեան պահպանման համար եւս նպաստաւոր միջավայրեր կը համարուին, բայց ինքնութեան յենարանները պահելով զարգացնելու մեր ջանքերը թուլացած, տեղ-տեղ ժամանակավրէպ դարձած են ու նորարարութեան կը կարօտին:

Ուստի արտաքին միջավայրին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կողքին, դէպի ներս, դէպի մեր ինքնութեան արմատներու վերածաղկումին եւս առաջնորդելու ենք մեր հաւաքականութիւնը` ներքնապէս ալ ուժեղանալու եւ Հայ դատին հիմքը հանդիսացող մեր ինքնութեան պահպանման վահանները ամուր պահելու համար:

«Գ.»

Նախորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական . Կը Պահանջենք

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատարագ Մը Եւս Չկատարուեցաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?