Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 1,5 Միլիոնի Սուրբ Ուղին

Մայիս 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

1915 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Պինկէօլ (Բիւրակն) գիւղին մէջ գարնանային օր մըն էր, երբ յանկարծ արեւը կանուխ մար մտնելու կը սկսի եւ, կարծես, խաւարը սուրի նման երկինքէն դէպի երկրի վրայի մարդոց գունաւոր սրտերուն մէջ թափանցելով` խոցելի վէրքեր կը յառաջացնէ: Մինչ այդ թուրք զինուորներ հայ ընտանիքներու տեղահանութեան եւ ջարդի ծրագիրը գործադրելու սկսած էին: Մեծ հայրս եւ իր եղբայրը իրենց հօրը սպանութենէն ետք իրենց մօրը դասաւորումով կառքի մը մէջ յարդի տակ պահուըտելով` կարողացան ազատիլ թուրք զինուորներու բարբարոսութիւններէն եւ Յունաստանէն անցնելով` վերջնականապէս հասան Լիբանան: Հետագային իրենց մօրը  միացան Անթիլիաս հաստատուած որբանոցին մէջ` իրենց ետին ձգելով զոհուած ընտանեկան պարագաներ եւ հողեր:

Իմ նախահայրերուս Պինկէօլի , Մուշի, Մարաշի եւ Խարբերդի պատմութեան նման ամէն մէկ հայ ընտանիք իր տեղահանութեան եւ ջարդի պատմութեան տարբերակը ունի, բայց մեր բոլորը կը միացնեն անօթութեան, զրկանքի, կալուածի եւ ընտանեկան պարագաներու կորուստի անմարդկային չարչարանքներու եւ սպանութեան դէպքերը: Մեր մեծամասնութիւնը նաեւ կը միացնեն մեր նախահայրերուն չյանձնուելու եւ ինքնութիւնը պահպանելու պինդ կեցուածքը, որոնք նոյնիսկ իրենց անձերը զոհեցին` տեղի չտալով թշնամիին առջեւ: Դժբախտաբար, այսօր եթէ մեր նահատակները ներկայ ըլլային եւ մեր նոր սերունդին վիճակը տեսնէին, իրենք զիրենք երկրորդ անգամ սպաննուած պիտի զգային: Վստահ եմ, որ իրենց հոգիները հանգիստ չեն ննջեր, երբ այսօր ձուլման ուղին բռնած շատեր գիտակցաբար եւ յօժար կամքով հեռացած են 1,5 միլիոնի սուրբ ուղիէն եւ հայ ըլլալէ դադրած են այլեւս: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հասակ առնել, նաեւ` նոյնանման մթնոլորտի մէջ զաւակներ դաստիարակել: Այս կամ այն պատճառով օտար դպրոց ուղարկող ծնողներ, որոնք պէտքը չեն զգացած հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դաստիարակութիւնը փոխանցելու իրենց զաւակներուն, կարծէք երկրորդ անգամ սպաննած կ՛ըլլան իրենց նախահայրերը:

Գարեգին Նժդեհի գլխաւոր խօսքերէն մէկը կ՛ուզեմ յիշել. «Հայերի խնդիրը նրանում չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ նրանում է, որ կան թուրքանման հայեր»: Հարկ է յիշել եւ գնահատել այն ծնողները, որոնք օտար դպրոցներ ուղարկելու կողքին, պէտք եղած հայեցի դաստիարակութիւնը կու տան իրենց զաւակներուն: Հայ դպրոցին եւ հայեցի դաստիարակութեան գանձին արժէքը գիտնալը եւ լաւ ձեւով եկող սերունդներուն փոխանցելը ամէն հայու պարտականութիւնն է: Շատ անգամ մեզ հրեայ ժողովուրդին կը նմանցնեն… Դժբախտաբար մենք հայասիրութեան եւ եղբայրասիրութեան դաստիարակութեան պակասը ունենալով` ճիշդ հակառակը կը գործենք եւ շատ անգամ անձնասիրութեան իբրեւ հետեւանք` զիրար կը քննադատենք: Հրեայ ժողովուրդը` իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ, կրցաւ դէմ դնել բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն, իսկ հայերը եղան Քրիստոսէ ետք ընտրեալ ժողովուրդը, երբ 301 թուականին առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը դարձան, իսկ 1915-ին 1,5 միլիոն սուրբեր նահատակուեցան` կառչած մնալով իրենց ինքնութեան եւ կրօնին… Դժբախտաբար այսօր ճերմակ ջարդով հայը իր ձեռքով թուրքին բնաջնջումի ծրագիրը կը գործադրէ` հայ սերունդ չպատրաստելով… Մեր բոլոր կառոյցները վերածնունդի կարիքը ունին, որպէսզի նոր միտքերով, հին միտքերուն զուգահեռ, վերածաղկին եւ ժամանակին հետ քայլ պահելով հանդերձ, ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդեն եւ իրենց շուրջը համախմբեն բոլորը առանց խտրութեան: Նիւթապաշտութիւնը պէտք է քրիստոնէապաշտութեամբ փոխարինուի եւ ընտրեալ քրիստոնեայ հայ ազգի կարեւորութիւնը զգալով` եկող սերունդները ազգասիրութեամբ առաջնորդուին: ժամանակը հասած է արթննալու եւ մեր նախահայրերէն մեզի վստահուած հայապահպանման առաքելութեան պարտականութիւնը կատարելու: Ցեղասպանութենէ ազատած ազգի ամէն մէկ անձի ճիտին պարտքն է այս մէկը…

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արձանագրուած Յաջողութիւններով Լիցքաւորուած` Նոր Նուաճումներու Կը Ձգտինք

Յաջորդը

Մայիս Մէկը` Նոր-Ազատականութեան Կապանքներէն Ազատագրուելու Օր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?