Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Իսլամական պետութիւն հրոսակախումբը ի յայտ գալով` որոշ չափով բազմացան կին ահաբեկիչները, կամ այդ կազմակերպութեան անդամագրուող պարմանուհիներ, նոյնիսկ` եւրոպական երկիրներէն: Բնականաբար անոնց մեծամասնութիւնը խաբուած է, զանազան հանգամանքներով, աւելի ուշ ոմանք զղջացած են, բայց ետդարձի քաջութիւնը կամ միջոցները չեն ունեցած: Այժմ, երբ ՏԱՀԵՇ բացայայտօրէն գետին կը կորսնցնէ, այդ կիներէն շատեր կը գտնուին շատ մեծ դժուարութեան դիմաց: Բայց ի՞նչ բան մղած է այդ պարմանուհիները` միանալու ծայրայեղական, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.» հրատարակած է հետաքրքրական յօդուած մը:
Ն.
Շամիմա Պեկում. Ինչո՞ւ Կիները
Ահաբեկչութեան Գաղտնի Զէնքերն Են

Երբ կիները լուրերու հաղորդումներու նիւթ կը դառնան ահաբեկչութեան պատճառով, լուսարձակները յաճախ կը կեդրոնանան անոնց դերակատարութեան վրայ` իբրեւ զոհեր կամ հաւանական դաշնակիցներ սպառնալիքները դիմակայելու համար:
Ընդհակառակը, այն կիները, որոնք մաս կը կազմեն կամ կը զօրակցին ծայրայեղականութեան, երբեմն անտեսուած են:
Ասիկա փոխուեցաւ, երբ փախստական պարմանուհի Շամիմա Պեկումը նկարագրուեցաւ իբրեւ «որմազդի աղջիկ»` Իսլամական պետութեան համար, սուրիական գաղթակայանի մը մէջ յայտնաբերուելէ ետք:
Չորս տարի առաջ երկու ընկերուհիներու հետ ան լքեց Բրիտանիան` միանալու համար ՏԱՀԵՇ-ին, բայց կը պնդէ, որ ինք պարզապէս «տանտիկին մըն է»:
Այդուհանդերձ, Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը զայն զրկեց բրիտանական քաղաքացիութենէ` ըսելով. «Եթէ դուն կը զօրակցիս ահաբեկչութեան, հետեւանքներ պէտք է ըլլան»:
Անոր փաստաբան պիտի յատկացուի բողոքարկելու համար որոշումը:
Կիներ` ծայրայեղականութեան մէջ
Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուսումնասիրութիւններու արքայական սպասարկութիւններու հետաքննութիւնները կը հաստատեն, որ Ափրիկէի մէջ զինուորագրուած ծայրայեղականներուն 17 առ հարիւրը կիներ են, իսկ անկախ ուսումնասիրութիւններ կը նշեն, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ անդամագրուած օտարազգի տահեշականներուն 13 առ հարիւրը իգական սեռին կը պատկանի:
Ճշգրիտ թիւերը կը մնան անորոշ եւ կրնան շատ աւելի բարձր ըլլալ:

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուսումնասիրութիւններու արքայական սպասարկութիւններն ու այլ մասնագէտներ հետաքննած են կիներու դերակատարութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի եւ Էլ-Շեպեպի (Ափրիկէի մէջ ամէնէն վայրագ զինեալ հրոսակախումբերէն մէկը) կազմակերպութիւններուն մէջ:
Ուսումնասիրողները հարցազրոյց ունեցած են կիներու հետ, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն մասնակցած են Էլ-Շեպեպի գործունէութեանց` յայտնաբերելու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս անդամագրուած են, եւ` վայրագ գործունէութեան մասնակցելու ազդեցութիւնը կիներու վրայ:
Աշխատանքը կատարած են Քենիոյ մէջ ակադեմականներ, որոնք իրենց տարիներու փորձառութեամբ եւ հանրութեան մէջ ցանցերով յայտնաբերած են արմատականացման, ծայրայեղականացման վտանգը:
ՏԱՀԵՇ ընդդէմ Էլ-Շեպեպի
Կիներու դերակատարութիւնը կը տարբերի հրոսակախումբերու միջեւ:
Էլ-Շեպեպի անդամակցած կիները յաճախ կը ստանձնեն աւելի աւանդական դերակատարութիւն` իբրեւ կռուողներու կիներ: Անոնք երբեմն նոյնպէս կը ծառայեն իբրեւ սեռային յարաբերութեան համար ստրուկներ:
Այդ կիները նոյնպէս կ՛օգնեն նոր անձեր անդամագրելու:
Քենիոյ մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ կիներ հրապուրուած են այն մարդոցմէ, որոնք խոստացած էին աշխատանք, դրամ եւ խորհրդատուութիւն:
Օրինակ` Հիտայա (անոր իսկական անունը չէ) դերձակուհի մըն է, որ անդամագրուած է յաճախորդի մը կողմէ, որ անոր խոստացած է ներդրում կատարել եւ ընդարձակել գործը: Ան Հիտայան համոզած է ճամբորդել սահմանային շրջան, ուրկէ զայն փախցուցած են Սոմալի:

Շամիմա Պեկումի պարագային, անոր անդամագրութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կրնայ նկատուիլ իբրեւ քարոզչութեան յաղթանակ` հակառակ Շամիմայի այն պնդումներուն, որ ինք Սուրիոյ մէջ շատ քիչ բան ըրած է` իր ամուսինին եւ երեխաներուն հոգ տանելէ բացի:
ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ եղող կիներուն կ՛արտօնուի ծառայել իբրեւ բժշկուհիներ եւ հիւանդապահուհիներ` որոշ սահմանափակումներով, մինչ հրոսակախումբը ունի կիներէ բաղկացած կնոջական բարոյականութեան ոստիկանական ուժեր:
Վերջերս, երբ հրոսակախումբը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կորսնցուց իր տարածքները, կ՛ուզէ կիներուն առաջին ճակատին վրայ դերակատարութիւն տալ` օգտագործելով իր թերթը` «Նապա»-ն` կիները ժիհատի (սրբազան պատերազմի) կանչելով եւ անցեալ տարի հրապարակելով տեսերիզ մը, ուր կ՛երեւին Սուրիոյ մէջ կռուող կիներ:

Այդուհանդերձ, տարբերութիւնները հրոսակախումբերու միջեւ հետզհետէ աւելի աղօտած են, երբ կազմակերպութիւնները սկսած են իրարմէ «ներշնչուիլ»:
Սոմալիի մէջ, ուր Էլ-Շեպեպ հրոսակախումբը կը փորձէ հաստատել իսլամական պետութիւն մը, որ կառավարուի շարիայով, առաջին ճակատին վրայ կին կռուողներ եւ անձնասպանական գործողութիւններ կատարող կիներ նշմարուած են:
Էլ-Շեպեպի անձնասպանական գործողութիւններու ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է, որ 2007-2016 թուականներուն տեղի ունեցած գործողութիւններու հեղինակներուն 5 առ հարիւրը կիներ են:
Այս է պարագան նոյնպէս Ափրիկէի այլ վայրերուն, ինչպէս` Նիկերիոյ մէջ, ուր իսլամական զինեալ հրոսակախումբը` Պոքօ Հարամ վայրագութիւններ կը գործէ:
Ինչո՞ւ կիներ կը միանան ժիհատական խումբերու
Քանի մը գործօններ կան, որոնք կիները կը մղեն անդամակցելու այս հրոսակախումբերուն:
Կը թուի, թէ որոշ չափով մը այն բաները, որոնք կը դրդեն այրերը, նոյնպէս կը գործեն կիներուն համար, օրինակ` գաղափարախօսութիւնը եւ դրամական շահերը:
Թէեւ նոյնպէս բացայայտուած է յատկապէս կիներուն ուղղուած մարտավարութիւն մը, ինչպէս վերադարձը` դէպի կիներու աւանդական սեռային դերակատարութիւնը:
Ուսումնասիրութիւններէն մէկը հաստատած է, որ Էլ-Շեպեպի անդամագրողները իրենց «որսերուն» խօսած են իսլամ կիներու անապահովութեան մասին. կարգ մը իսլամ երիտասարդ կիներ կը վախնան, որ բարձրագոյն ուսումը կրնայ իրենց ամուսնանալը ուշացնել:
«Եթէ ես գտնեմ մարդ մը, որ պիտի ամուսնանայ ինծի հետ եւ զիս պիտի պաշտպանէ, ինչո՞ւ ես ինքզինքս չարչարեմ ուսանելով», ուսումնասիրողներուն հարցուց Նայրոպիի համալսարանին մէջ ուսանողուհի մը:
Կը թուի, որ ուրիշներ հիմնականին մէջ հրապուրուած են աշխատանքներու, դրամի եւ այլ կարելիութիւններու խոստումներով:
Սակայն այդ հրոսակախումբերուն միանալու անոնց դրդապատճառները դժուար է հասկնալ:
Ուսումնասիրողներուն հետ հարցազրոյց ունեցած կիներէն շատեր կը պնդեն, որ իրենք անդամագրուած են հակառակ իրենց կամքին:
Ինչպէս` Շամիմա Պեկունը, ոմանք կը նշեն, որ իրենք գործուն չէին հրոսակախումբերու մէջ, կամ ալ գործած են իրենց կամքին հակառակ:
Ոմանք կ՛ըսեն, որ իրենք զոհեր են: Թէեւ ոմանք ձեւով մը պարտադրուած են, պատասխանատուութիւնը մերժելը օգտակար միջոց է` աւելի ընդարձակ հասարակութեան ետ համարկուելու:
Վերահաստատումի ճամբան
Հանրութեան մէջ վերահաստատումի համար կան շարք մը մօտեցումներ, որոնք կը կիրարկուին նախկին կամ վերադարձող կռուողներու պարագային:
Քաղաքականութիւն մշակողները եւ անվտանգութեան ծառայութիւնները պէտք է հաշուի առնեն մասնայատուկ հարցերը, որոնք կը վերաբերին ծայրայեղական կազմակերպութիւնները լքող կիներուն, երբ կը նախաձեռնեն վերահաստատման եւ վերահամարկման մարտավարութիւնը մշակելու:
Օրինակ` շատեր երեխաներով պիտի ըլլան, իրենց կռուող ամուսինները` մեռած կամ բացակայ, իսկ ուրիշներու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ խնամք եւ փափկանկատ խորհրդատուութիւն` բռնաբարութեան եւ սեռական բռնութեան պատճառով յառաջացած հոգեխոցութեան շրջանցման համար:
Կենսական է, որ պետութիւնները այս խնդիրներով զբաղին, երբ քննարկեն վայրագ ծայրայեղականութեան մէջ կնոջ դերակատարութիւնը:
Ասիկա կրնայ սկսիլ` աւելի լաւ հասկնալով, ինչպէ՛ս սեռային տարբերութիւնները կը հրահրեն ահաբեկչական հրոսակախումբերու կիներու ներգրաւման եւ իրենց կեանքերուն վրայ ատոր յատուկ ազդեցութեան:
Ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ իրենց շրջանակներուն` կառավարելով վտանգը, որ անոնք այժմ կը ներկայացնեն եւ` արգելք ըլլալու, որ աւելի շատ կիներ անդամակցին ծայրայեղական հրոսակախումբերու: