Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատարագ Մը Եւս Չկատարուեցաւ

May 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանրապէս երեկոյեան ժամերուն Լոյսերու քաղաքը միշտ ալ յաւելեալ լուսաբորբոք սարքաւորումներով կ՛օժտուի: Բնականաբար Էյֆէլ աշտարակը երկնաքերի իր կառուցումով եւ դիրքով կը տիրապետէ մօտակայ այլ պատմական կառոյցներուն, որոնց կարգին`  Յաղթանակի կամարին, Քոնքորտի կոթողին (Օպելիսք) եւ անշուշտ` Սուրբ Աստուածամօր, աւելի հարազատ կերպով ներկայացնելու համար` Նոթրը Տամ եկեղեցիին… սրբատեղի մը, որուն կառուցումը տեւած է գրեթէ երկու հարիւր տարի:

Այսպէս, յաւելեալ  լէյզըր  ճառագայթումներով եւ կատարելագործումներով, աշխարհի կեդրոնը նկատուող Փարիզի փայլփլումը իւրայատուկ տպաւորութիւն կը ձգէ այցելուին վրայ:

Սակայն երկուշաբթի, ապրիլ 15-ի երեկոյեան տարբեր էր ստեղծուած  պատկերը Իլ տը Ֆրանսի շրջանին մէջ. բոցավառ Նոթրը Տամ եկեղեցին կը գերազանցէր իր մօտակայ կառոյցներուն լուսագեղ ներկայութիւնը:

Հարիւրաւոր հրշէջներ գործի լծուած` այդ օր հեթանոս ու կրակապաշտ բնութեան դէմ պայքարեցան այս կոթողական կառոյցը փրկելու համար:

Մնացեալը ակնդիրին համար արդէն տեսարան-դիտարաններու շարք մըն է եւ` ցայսօր վառվռուն եւ բոցավառ անցեալ մը:

Հայորդիին համար տարբեր ազդեցութիւն ունեցաւ այս դէպքը: Յատկապէս` տեղւոյն ֆրանսահայուն համար, որ քանի մը օր ետք կը պատրաստուէր յատուկ պատարագով մը նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը այդ նոյն եկեղեցւոյ խորանին շուրջ, սովորութենէ աւելի` պարտաւորութիւն մը:

Պատմութիւնը տարբեր պայմաններու մէջ կը կրկնուէր: Շա՜տ ու շա՛տ անգամներ հրկիզուած են հայկական եկեղեցիներ: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն պատահած տասնեակներով հրկիզումներն ու սրբապղծումները եթէ նոյնիսկ պատմութեան անցած են, կը մնան պարզ ու մեկին «անլռելի զանգակատուն»: Դեռ աւելի՛ն.  միշտ ալ թարմ են Նախիջեւանի խաչքարերու հետեւողական քանդումը, Թիֆլիսի մէջ շտապ վերակառուցման կարիքի տակ գտնուող, սակայն դիտմամբ լքուած եկեղեցիները: Բացառութիւն են Վանայ ծովու Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիներու վերանորոգումն ու վերակառուցումը: Այսուամենայնիւ, բոլորովին ոչնչացման սեմին հասած է Արեւմտահայաստանի գրեթէ երկու հազարի շուրջ հասնող եկեղեցիներու մնացորդացը` սկսելով հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք Անիէն:

Վերջերս նշուեցաւ, որ 8-11 դարաշրջաններուն կառուցուած պատմական Վարագայ վանքը նոյնիսկ կարելի պիտի չըլլայ նկատելը` Վարագայ լերան փէշերուն:  Բոլորովին անճանաչելի դարձած է այս կառոյցը: Իսկ վերջին մտահոգիչ տեղեկութիւնը Խարբերդի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վիճակին մասին: Զ. դարուն հիմնուած  այս եկեղեցին տարածաշրջանի կարեւորագոյն վանական համալիրներէն էր: Այցելող հաւատացեալներէն զրկուած` եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր գանձախոյզներու թիրախը դարձած է:

Պատարագներ չեն կատարուիր այս սրբատեղիներուն մէջ: Մէկ մասը անճանաչելի եւ անգործածելի է, այլ կառոյցներ փակ են:

Այս կիսափուլ եկեղեցիներուն նման` Փարիզի Սուրբ Աստուածամօր պարագային ալ այս տարի պատարագ կարելի չեղաւ կատարել…

 

Նախորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Պայքարի Ժամանակակից Եղանակներ

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ճանաչումէն Հատուցում, Ազգային Դաւանանքի Կենսագործումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.