Ժիպէյլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում. Ղասսան Շամիի Խօսքը. «Հայոց Յարութիւնը»
Ձեր երեկոն թող առանց թուրքերու եւ ներխուժողներու ըլլայ: Երկա՜ր, ցաւո՜տ եւ ահաւո՜ր դէպքերով ճամբայ մըն էր այն ճամբան, ուրկէ քալեցին հարիւր եւ քանի մը տարի առաջ Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրողները: Այդ ճամբան ահ ու սարսափով եւ արեամբ ներկուած ճամբու մը վերածուեցաւ, նախքան ոմանց Հալէպ, Տէր Զօր, Ռաքքա եւ Պէյրութ հասնիլը... Ի՛նչ կիներ կորսուեցան եւ որքա՛ն կիներ աշիրեթներու միացան: Որքա՛ն այրեր տանջուեցան...



















