Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձախողեցաւ Ան, Որ Գրաւ Դրաւ Այս Ժողովուրդի Բնաջնջման» Շեշտեց Սօսի Սարգիսեան

Ապրիլ 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց 50 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիր մը, որ կ՛անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններուն, յատկապէս կեդրոնանալով Լիբանան հասած որբերուն եւ որբանոցներուն թղթածրարին վրայ:

Լիբանանի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Սօսի Սարգիսեան յայտագիրին ընթացքին շեշտեց, որ պատմութեան մէջ արձանագրուած թուրք դահիճներուն հրահանգները, որոնք կը վերաբերին հայ ժողովուրդի բնաջնջման, շօշափելի փաստեր են, զորս կը ժխտէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

Ան մանրամասնութեամբ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնները` շեշտը դնելով որբացած հայ երեխաներուն թրքացումի եւ իսլամացումի քաղաքականութեան հետեւանքներուն վրայ:

Ս. Սարգիսեան հաստատեց նաեւ, որ հայ որբերուն մեծ մասը Սուրիոյ անապատներէն փոխադրուեցաւ Լիբանան:

Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսագրութիւն մը, որուն մէջ Սօսի Սարգիսեան այցելեց «Թռչնոց Բոյն», ուր յստակ կերպով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հայ որբերը հասած են Ժիպէյլ եւ հոն ապրած` ի վերջոյ սորվելով արհեստներ եւ դառնալով ինքնաբաւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:

Սօսի Սարգիսեան տուաւ նաեւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ապա նկարահանում կատարուեցաւ նաեւ Այնթուրայի որբանոցին մէջ, ուր ամբողջական կերպով ներկայացուեցաւ հայ որբերուն ապրած տառապանքները` հասնելով 1994-ին, երբ որբանոցի կից շրջափակին մէջ գտնուեցաւ անոնց հաւաքական գերեզմանը, որ աւելի ուշ վերածուեցաւ դամբարանի եւ խաչքար մը կանգնեցուեցաւ հայ որբերուն յիշատակին:

Նոյն անդրադարձը կատարուեցաւ նաեւ Օպէյի որբանոցին մասին:

Այս շրջագիծին մէջ Սօսի Սարգիսեան իր հարցազրոյցը աւարտեց մաղթելով, որ լիբանանեան դպրոցներու պատմութեան դասապահերուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասեր տրուին, որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին այլ ժողովուրդներու պատմութիւններուն մէջ:

«Ո՛վ որ գրաւ դրաւ, որ պիտի բնաջնջէ այս ժողովուրդը` ձախողած է, եւ հայ ժողովուրդը իր ինքնութիւնը կը շարունակէ պահել այնքան ատեն որ հայութեան ուղին շարունակող գէթ մէկ հայ երիտասարդ կայ», եզրափակեց ան:

Յայտագիրին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, հայ ժողովուրդէն ներում հայցելու եւ անոր բարոյական ու նիւթական հատուցում տալու պարտաւորութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան կապուած իր անձնական օրինակին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մեծ մայրս ամբողջ կեանքին սեւ հագած է, որովհետեւ 1915-ին թուրքերը մեծ հայրս սպաննած են: Հայրս` որբացած, 9 տարեկանին հասած է Լիբանան: Մեծ հօրս լուսանկարն իսկ չեմ տեսած, ընտանիքն ալ չեմ ճանչնար, որովհետեւ անոնք Ցեղասպանութեան նահատակներէն են: Ասիկա իմ պատմութիւնս է, եւ ինծի նման հարիւր հազարաւոր հայ ընտանիքներ նման պատմութիւններ ունին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայ դատի պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ անոր արդար լուծումը:

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտագիրին ընթացքին անդրադարձաւ որբերուն եւ որբանոցներուն դրութեան, խստիւ դատապարտելով հայ քրիստոնէութենէն զանոնք անջատելու ճիգը:

Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը նոր իմաստ եւ նոր պատգամ ստացած է` հաստատելով, որ հայ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին երկու առանցք ունեցած է` կեանքի վկայութիւն եւ արեան վկայութիւն:

«Մեր նահատակները սուրբեր են, եւ սրբութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ ամէն ընտանիքի մէջ սուրբ մը կամ սրբուհի մը կայ: Այսօր հայ ըլլալը կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ մեր սուրբ նահատակներու կտակին եւ այդ կտակը ապրիլ ու ապրեցնել, նաեւ զայն փոխանցել մեր յաջորդ սերունդներուն` անքակտելի կապ մը ստեղծելով մեր պատմութեան` 1915 թուականին եւ մեր յաւերժութեան հետ», շեշտեց Նարեկ սրբազան:

Յայտագիրը ընդգրկեց հայկական շարականներ` երգեցողութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի:

 

Նախորդը

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայերը» Շեշտեց Ցոլեր Թալաթինեան

Յաջորդը

«Առանց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու` Թուրքիա Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Յառաջդիմել» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?