Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ Իր Երկրորդ Հունձքը
Երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը: Ձեռնարկին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ, 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքները 2015-2016 տարեշրջանին ստացան եռամեայ ծրագիրի կերպար:...




















