Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ. Թրամփ Առաջադրուած Է Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակի…

Յունիս 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճափոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճափոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք` նախագահ Թրամփ, պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամէնէն գեղեցիկ նամակին, զոր ինք ուղարկած է բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն Նոպելեան մրցանակ կոչուող պարգեւը»:

Ճափոնական «Ասահի» թերթը հաղորդած է, որ նախագահ Թրամփ ինք խնդրած է Շինծօ Ապէէն` իր թեկնածութիւնը առաջադրել: Ապէ հրաժարած է հաստատելէ թեկնածութեան առաջադրումը` յղում ընելով Նոպելեան յանձնախումբի քաղաքականութիւնը` չբացայայտել թեկնածուն մինչեւ մրցանակը ստանալէն 50 տարի ետք: Երբ խորհրդարանին մէջ Ապէի հարցուցին, թէ արդեօ՞ք հաւաստի է լուրը, ան պատասխանեց. «Ես չեմ ըսեր, թէ ատիկա ճիշդ չէ»:

Յունիս 2018-ին երկու նորվեկիացի օրէնսդիրներ արդէն առաջադրած էին Թրամփի թեկնածութիւնը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին:  Հետաքրքրական է, որ փետրուար 2018-ին, Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ նախագահ Թրամփի համար  Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի երկու առաջադրումները կեղծ են: Աւելի՛ն. անցեալ տարի Քոնկրեսի 18 հանրապետական  անդամներ միացեալ նամակ յղած էին Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբին` առաջադրելով Թրամփի թեկնածութիւնը 2019-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին:

Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի առաջադրումը քաղաքական մեծ իրարանցում յառաջացուց շրջանակին մէջ` ներքին ընդդիմութեան առաջնորդներու, որոնք կը բողոքէին  Շինծօ Ապէի ըրածին դէմ: Ճափոնի Սահմանադրական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող օրէնսդիր Ճունիա Օկաւա քննադատեց նախագահ Թրամփի` Փարիզի կլիմայի պայմանագիրէն եւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէ հեռացումը, նաեւ անոր որոշումը` դադրեցնելու միջին հեռաւորութեան միջուկային  հրթիռներու  պայմանագիրը  եւ Իսրայէլի մէջ` անոր կողմէ ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ: «Այս գործողութիւնները,- ըսաւ Օկաւա,- անկարելի կը դարձնեն անոր առաջադրումը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի, եւ ասիկա ամօթալի է Ճափոնի համար»:

Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրման պատճառը այն էր, որ Ճափոնի ղեկավարը հասկցած էր` շողոքորթութիւնը լաւագոյն միջոցն է Թրամփի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Ըստ երեւոյթին, միասին անցուցած  կոլֆի անհամար խաղերը բաւարար չէին եղած: Ճափոն երեք խնդրանք ունի նախագահ Թրամփէն.

1) Ձգտիլ Թրամփի աջակցութեան, որպէսզի Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի եւ Ճափոնի վարչապետին միջեւ հանդիպում մը կազմակերպուի` «անվերապահ» ապամիջուկայնացման քննարկման համար: Ասիկա կարեւոր խնդրանք է Ճափոնի համար, քանի որ վերջերս Հիւսիսային Քորէայի հրթիռները ինկած էին Ճափոնի տարածքային ջուրերուն մէջ կամ` մերձակայ շրջանները, կամ ալ անցած էին Ճափոնի տարածքին վրայէն` խուճապի մատնելով բնակչութիւնը:

2) Համոզել Թրամփը` հրաժարելու իր յաճախակի սպառնալիքներէն` կիրարկելու ամերիկեան մաքսավճարներ ճափոնական արտածուող ապրանքներու, հիմնականին մէջ` ինքնաշարժներու վրայ. բան մը, որ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ճափոնի տնտեսութեան վրայ եւ խոչընդոտել Շինծօ Ապէի վերընտրութիւնը:

3) Ստանալ Թրամփի զօրակցութիւնը` 1977-1982 թուականներուն Հիւսիսային Քորէայի կողմէ առեւանգուած Ճափոնի քաղաքացիներու տունդարձի շուրջ բանակցութիւններու մէջ:

Այսուամենայնիւ, Շինծօ Ապէի կողմէ Թրամփի թեկնածութեան առաջադրումը «անսպասելի էր` հաշուի առնելով Թրամփի  յարձակողական` «Ամէնէն առաջ Ամերիկան» արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արհամարհական  վերաբերումը միջազգային բազմակողմանի համագործակցութեան հանդէպ: Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւններու տապալումէն ետք … Նոպելեան  մրցանակի յօժարումը  կը թուէր ամբողջովին անտեղի», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:

Մինչ Ճափոնի վարչապետը կրնայ ծանրակշիռ պատճառներ ունենալ նախագահ Թրամփը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրելուն մէջ, Նոպելեան յանձնախումբը սակայն աւելի լաւ պատճառներ ունի հրաժարելու դիմումէն` իր հեղինակաւոր մրցանակը չանարգելու համար, զայն յանձնելով թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս նման շառլաթան, ստախօս եւ խաբեբայ անձնաւորութեան մը: Թրամփ վիրաւորած է այլ ազգեր եւ կրօններ, վատ վերաբերած է փոքրամասնութիւններու եւ ներգաղթեալներու հետ եւ հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն ու միջազգային պայմանագիրները պահպանելէ:

Եթէ ոմանք կը կարծեն, որ իմ հակառակութիւնը Թրամփի առաջադրման` կողմնակալութիւն է, պէտք է յիշեցնեմ, որ երբ նախագահ Պարաք Օպամա 2009-ին Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստացաւ «արտասահմանեան դիւանագիտութեան եւ մարդոց միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման արտասովոր ջանքեր ցուցադրելուն համար», ես խմբագրական մը գրեցի` արտայայտելով ընդդիմութիւնս Օպամայի տրուած պարգեւին: Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը Օպամային շնորհուած էր անոր նախագահութեան առաջին տարուան ընթացքին, ինչ որ շատ կանուխ էր անոր նուաճումներուն մասին դատելու համար: Թրամփ քննադատած էր Օպաման` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստանալուն համար, եւ ոմանք կ՛ըսէին, որ ան կը փափաքի ստանալ նոյն պարգեւը, ինչ որ ստացած է Օպամա, քանի որ կը նախանձէր անոր: Թրամփ ըսած էր. «Անոնք մրցանակը յանձնեցին Օպամայի, իսկ ան նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ի՛նչ բանի համար ստացած է զայն: Օպամա մօտաւորապէս 15 վայրկեան հոն  էր  եւ ստացաւ Նոպելեան մրցանակը»: Բացի Օպամայէն` Միացեալ Նահանգներու երեք այլ նախագահներ` Թէոտոր Ռուզվելթ, Վուտրօ Ուիլսըն եւ Ճիմի Քարթըր արժանացած են Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի:

Թրամփի պարագային, ան արդէն երկու տարի ծառայած է իբրեւ նախագահ, եւ պարզ է, որ արժանի չէ որեւէ մրցանակի, ա՛լ չխօսինք Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի մասին: Իրականութեան մէջ ան նոյնիսկ արժանի չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ ինքնահռչակ  «չափազանց կայուն հանճար»-ի մը գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները աւելի եւս իրարու կը թշնամացնեն բազմաթիւ մարդիկ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, այնպէս ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ: Ինչպէս որ լորտ Աքթոն խորիմաստաբար գրած է. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»:

Զարմանալի չէ, որ նախագահ Թրամփ շարունակած է իր հակասական վարքագիծը` շարք մը թուիթներ ուղարկելով Ճափոն գտնուելուն առաջին իսկ օրուան առաւօտեան: Իր թուիթներէն մէկուն մէջ ան երեք սխալ կամ անճշդութիւն թոյլ տուած է.

1) Ան համաձայնած է Հիւսիսային Քորէայի բռնապետ Քիմ Չեն Ընի հետ այն մասին, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական առաջատար թեկնածու Ճօ Պայտըն «ցած IQ ունեցող անձնաւորութիւն» է` այսպիսով խախտած ըլլալով ներքին տարակարծութիւններու մասին արտերկրի մէջ չխօսելու հին սկզբունքը:

2) Ան Պայտընին անունը սխալմամբ գրած էր «Պիտան»:

3) Ան հակասած է ազգային ապահովութեան հարցերով իր խորհրդականներէն Ճոն Պոլթընի եւ Ճափոնի վարչապետի յայտարարութեան, ըստ որուն, Հիւսիսային Քորէայի վերջին հրթիռներու արձակումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու խախտում է:

Վերջապէս, նախագահ Թրամփ խոստովանած է, որ ինք հաւանաբար երբեք չստանայ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ: Առաջին անգամ ըլլալով ես համաձայն եմ իրեն հետ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ապագան` Գետնին Տակ

Յաջորդը

Սլաք. Թրամփ Ինչո՞վ Ետ Կը Մնայ Ուրիշներէ…

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?