Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարաբանական Հարցեր. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Ընկերային Բարօրութեան Նոր Մօտեցումը` Երրորդ Ուղիի Մահուան Յայտարարութենէն Ետք

June 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Մեր նախորդ յօդուածին մէջ յայտնած էինք արդէն, որ պիտի խօսինք Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընկերային բարեկեցութեան նոր համակարգի տեսլականին մասին: Այդ տեսլականը ներկայացնելու իմաստով ալ այս յօդուածը նախորդին շարունակականութիւնը կը սեպուի:

Ուրեմն, 10 փետրուար 2019-ին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը հրապարակեց երրորդ ուղիէն հրաժարելու եւ ընկերային բարօրութեան նոր տեսլական մը որդեգրելու իր կեցուածքը:

Նմանօրինակ քայլ մը կը համապատասխանէ եւ զուգահեռ կ՛ընթանայ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած թէ՛ առարկայական եւ թէ՛ ենթակայական զարգացումներուն, ինչպէս` մէկ կողմէ ճարտարարուեստականացումը, շուկայի թուայնացման գործընթացի արագ զարգացումը, գաղթականներու մեծ հոսքը, կլիմայական փոփոխութեան վտանգի լրջութիւնը, խստամբերական քաղաքականութիւններու պատճառով յառաջացած դասակարգային անհաւասարութիւնը, իսկ միւս կողմէ ալ` աջակողմեան ամբոխավար կուսակցութիւններու նկատմամբ համակրանքի աճը, կեդրոնամէտութեան (նոր-ազատականութիւն եւ երրորդ ուղի) լճացումը եւ եւրոպական ցամաքամասին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ձախդարձը:

Կ՛արժէ յիշեցնել նաեւ, որ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երրորդ ուղիի որդեգրման առաջին օրերէն իսկ դիմագրաւեց ներքին ընդդիմութիւն, յատկապէս` «Երիտասարդ ընկերվարականներ` Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան մէջ» (Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը) կազմակերպութեան կողմէ, որ իր ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին միշտ ալ կը դատապարտէր երրորդ ուղիէն բխած տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները եւ կոչ կ՛ուղղէր ու բանաձեւեր կ՛որդեգրէր` հրաժարելու այդ քաղաքականութիւններէն:

Ինչ կը վերաբերի ընկերային բարօրութեան նոր ուղղութեան, 10 փետրուար 2019-ին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը «Աշխատանք, համերաշխութիւն, համամարդկայնութիւն. նոր ընկերային բարօր պետութիւն մը` նոր ժամանակի մը համար» նշանաբանով հրապարակեց ընկերային բարօրութեան իր նոր տեսլականը:

Նոր տեսլականի գլխաւոր գլուխներն են` «Յաւելեալ կարելիութիւններ` աշխատանքային շուկային մէջ», «Զօրացնել աշխատանքի արժէքը» եւ «Երեխաներու ապահովագրութիւն»:

Կ՛արժէ ուսումնասիրել յիշեալ գլուխներուն գլխաւոր առաջադրանքները, որոնք հետեւեալներն են.

Ա.- «Յաւելեալ կարելիութիւններ` աշխատանքային շուկային մէջ» գլուխին մէջ ընկերվար- ժողովրդավարներու գլխաւոր առաջադրանքներն են`

1.- Քաջալերել եռեակ համաձայնութիւններու կայացումը` արհեստակցական միութիւններու, գործատէրերու եւ պետութեան միջեւ,

2.- Ֆինանսաւորել աշխատաւորներու կրթական վերապատրաստումը` համապատասխանելու համար ճարտարարուեստականացման եւ թուայնացման մարտահրաւէրներուն:

Բ.- «Զօրացնել աշխատանքի արժէքը» գլուխին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարներու գլխաւոր առաջադրանքներն են`

1.- Նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացնում` 12 եւրոյի,

2.- Աշխատանքի շուկային մէջ կամաւորաբար միութենականացման իրաւունքի ապահովում,

3.- Պետութեան կողմէ շուկայի հսկողութիւն` արդար հարկային համակարգի հաստատումով, յառաջատուական տարբերակով:

Գ.- «Երեխաներու ապահովագրութիւն» գլուխին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարներու գլխաւոր առաջադրանքներն են`

1.- Երեխաներու կրթութեան համար, մանկապարտէզէն մինչեւ դպրոց, պետական ներդրումներ ապահովել ձրիօրէն,

2.- Բարձրացնել երեխաներուն համար ընտանիքներուն մատուցուած նիւթական օգնութիւնները,

3.- Բարձրացնել ընտանիքներու նպաստները:

Փաստուեցաւ, որ ընկերային բարօրութենէն հրաժարումը կամ անկէ հեռանալը գաղափարաքաղաքական ինքնասպանութիւն մըն է ընկերվար-ժողովրդավարներուն համար: Այսօր, Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարները, գիտակցելով, որ շրէօյտըրեան` ծախսերու նուազեցման քաղաքականութիւնները զիրենք հեռացուցին իրենց աւանդական համակիրներէն` աշխատաւոր դասակարգէն ու աղքատներէն, հրաժարեցան երրորդ ուղիէն ու վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը` ընկերային բարօրութեան վեհ նպատակին:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Շահան Սրբազանէն Փոխանցուած Կայծերը…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.