Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծայրայեղ» Ընկեր Րաֆֆիին

Յունիս 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Սիրելի՛ Րաֆֆի,

Թաղումէդ վերադարձիս ճիգ կը թափէի  փորձ մը ընելու եւ հասկնալու, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահեցաւ… Շատ բան ունէի դեռ քեզի ըսելու, բայց, ափսո՜ս, որ ալ ժամանակ չկար դժբախտաբա՛ր. «ծայրայեղօրէն» արագ մեկնեցար: Որոշեցի անհաւատալի մահուանդ քառասունքին առիթով, հակառակ անոր որ ոչ մէկ ատեն հրապարակային գրութիւն մը ստորագրած եմ, գրել այն բաներուն մասին, որ կրնամ: Իսկ չըսուելիքը` մեր 2-րդ հանդիպումին…

Գիտես, Րաֆֆի, մեր ծանօթութիւնը կու գայ «Ն. Դուման» ակումբէն: Քսանչորս տարիներ առաջ, երբ միասին գրեթէ օրական դրութեամբ կը հանդիպէինք, մեզմէ առյաւէտ բաժնուած շատ սիրելի ընկերներուդ` Ժան Պէլեանին, Կարօ Մըթըրպեանին ներկայութեամբ, կը խօսէինք մեր առօրեայ հոգերուն մասին, որոնք եւ այլ մտահոգութիւններ մեզ համախմբող հասարակ յայտարարներ կ՛ըլլային: Դժբախտաբար շա՜տ ու շա՛տ հարցեր մնացին անլուծելի, իսկ վերջին տարիներուն «Աղբալեան» ակումբին մէջ աշխատանքի բերումով գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կապի մէջ էինք, իսկ ընտրական աշխատանքի օրերուն ուշ գիշերները յոգնած ու սպառած` շունչդ «Աղբալեան» ակումբը կ՛առնէիր եւ քեզի յատուկ պահանջկոտութեամբ հարց կու տայիր օրուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն մասին եւ անհաշիւ կը հետապնդէիր ամենայն լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, որպէսզի ոչ մէկ հայրենակիցի քուէն փախչէր մեզմէ:

Սիրելի՛ Րաֆֆի,

Շատեր պիտի զարմանան քեզ «ծայրայեղ» որակելուս համար, բայց քեզ մօտէն ճանչցողները վստահաբար պիտի հաստատեն, որ դուն «ծայրայեղ» էիր քու ընկերասիրութեանդ, անկեղծութեանդ, ծառայասիրութեանդ, համեստութեանդ, ազնուութեանդ,  պահանջկոտութեանդ եւ պարկեշտութեանդ մէջ:

Կը յիշեմ, երբ քու պարտականութեանդ բերումով դիմէինք քեզի հայրենակիցի մը ծառայութիւն մը կատարելու խնդրանքով, ոչ մէկ ճիգ կը խնայէիր քու կապերդ հաստատելու եւ անպայման լուծում մը գտնելու, եւ երբ շնորհակալութիւն յայտնէինք քեզի, իւրայատուկ ոճովդ կ՛ըսէիր` «Եա խայի, ինչո՞ւ պիտի չընենք», եւ կը շարունակէիր` «Պարտականութիւնս է, դաշնակցական եղած ենք ծառայելու համար»:

«Այո՛, ընկե՛ր, 45 տարի ծառայեցիր պաշտելի կուսակցութեանդ ընդմէջէն` Պատանեկան միութեան եւ ԼԵՄ-ի շարքերէն մինչեւ բարձր այլ պարտականութիւններ ստանձնելով, մի՛շտ ներկայ եղար ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետութենէն մինչեւ ֆութպոլի յանձնախումբ եւ պասքեթպոլի ընդմէջէն, բոլոր մրցումներուն ներկայ գտնուեցար, որպէսզի չ՛ըլլայ, որ հայու մը քիթը արիւնի, պահելով դաշտի անդորրութիւնը: Համազգայինի Ճեմարանի որպէս աշակերտ` քու ամբարած գիտելիքներդ ի սպաս դրիր հայ աշակերտին ծառայելու` երկար տարիներ մաս կազմելով Ազգային Աբգարեան վարժարանի խնամակալութեան` որպէս գործունեայ անդամ:

Սիրելի՛ Րաֆֆի,

Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ մահուանդ այս 40 օրերուն ընթացքին զանազան առիթներով դիմացս ելան հետեւեալ բանաստեղծութեան տողերը, զորս կը մէջբերեմ այս տխուր առիթով.

«Մահէն ետք տարուած ծաղիկը ալ հոտ չունի
Ինչ որ ընես իր բուրմունքը չի տարածեր,
Մահէն ետք ըսուած խօսքն ալ ուժ չունի
Որքան ալ գոռաս, հանգուցեալը չի լսեր:
Մահէն ետք տրուած հացը համ չունի
Հացկերոյթէն անոր բաժին չի հասնիր
Մահէն ետք երկինքն ալ գոյն չունի
Ինչպէս որ նայիս, աչքիդ սեւը կը զարնէ:
Մահէն ետք ափսոսանքն ալ գին չունի,
Չխոստովանած, ուշացած սէրն ալ իմաստ չունի,
Մահէն ետք սիրտն ալ զարկ չունի
Աչքերը` յուզում, ժպիտն ալ ջերմութիւն չունի…
Մի՛ սպասեր, որ մարդը մեռնի, յետոյ յարգես
Ծանրացած հողը ծաղկած այգիի վերածես,
Մի սպասեր, որ գինը հասկնաս, երբ որ կորսնցնես»:

Վերջապէս, սիրելի՛ Րաֆֆի, ճակատագիրին ստիպուած ենք ենթարկուելու, Աստուծմով մխիթարուելու, սակայն համոզուիլը, որ մարդկային երեւոյթ է, դեռ շատ ժամանակի կը կարօտի…

Կը մնայ մեզի վարձքդ կատար ըսել եւ` յիշատակդ անթառամ:

 

 

Նախորդը

Փոխան Ափ Մը Հողի. Ռուբէն Պարսումեան Հնագէտն Ու Թատերագէտը

Յաջորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Բողբոջ Դասարանի Նոր Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?