ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Իրաքահայոց Ազգային իշխանութեան
նախկին փոխատենապետ
Հաւաքավայրերու Մէջ
Առաջին հաւաքավայր` Պաքուպա

Այսպէս, Վասպուրականէն վերջին նահանջողներուն համար, դառն ճակատագրով, Իրաքը դարձաւ հերոս ժողովուրդի կեդրոնական հաւաքավայրը եւ առաջին կայանը` Պաղտատէն արեւելք 45 քիլոմեթր հեռու` Պաքուպա կոչուած գիւղաքաղաքին կից, Տիալա գետի աջ ափին ընդարձակ անապատը, ուր իրար ետեւ բարձրացող անգլիական զինուորական մեծ վրաններու տակ շարան-շարան եկող բազմահազար հայ եւ ասորի տարագիրները տեղաւորուեցան:
Անգլիացիք Իրաքի մէջ ժողովուրդները զանազան տեղեր տեղաւորելու կամ ի մի հաւաքուած պահելու կարգ մը տարբերակներ նկատի առնելէ ետք, որոշած էին հայերն ու ասորիները մէկ տեղ կեդրոնացնել` ապագային անոնց վերաբերմամբ ըլլալիք կարգադրութիւններու ատեն դժուարութեան չհանդիպելու համար:
Սկզբնական շրջանին կարգ ու կանոն չըլլալով` ուժասպառ բազմութիւնները խառն ի խուռն կը լեցուին պատրաստուած վրաններուն մէջ: Չ՛ուշանար, սակայն, անգլիացիներու դասաւորումները, անոնք նախ հայերը ասորիներէն կը զատեն երկու վրանաւաններու մէջ: Գաղթականներուն թիւը կը հասնէր 75 հազարի (25 հազարը հայ եւ մնացածը` ասորի):
Իւրաքանչիւր վրանաւան բաժնուեցաւ քանի մը քեմփերու, ամէն քեմփ իր պատասխանատու անգլիացի սպայով եւ քանի մը հնդիկ զինուորներով: Սպաները ենթակայ էին աւանի կեդրոնական գրասենեակին, որ կը տնօրինէր բարձրաստիճան սպայ մը` իր օգնականներով եւ գրագիրներով: Կեդրոնի գրասենեակի պարտականութիւններն էին հսկել նպաստի բաշխումներուն եւ տարագիրներու կարգապահութեան:

Ամէն մէկ քեմփի կեդրոնը շինուած էր համայնական խոհանոց մը` օճախներու վրայ կերակուր պատրաստելու իւրաքանչիւր ընտանիքի կողմէ ու վրանի տակ ուտելու: Վրանը կը պատսպարէր մէկէ աւելի ընտանիքներ: Խոհանոցի մէջ թոնիրներ ալ շինուած էին` ընտանիքներու համար հերթով հացը թխելու: Նմանապէս կային երկաթեայ ջրամբարներ, որոնց ծորակներէն դարձեալ հերթով ջուր կ՛առնուէր: Նաեւ կային հանրային զուգարաններ, որոնց համար վարձուած էին յատուկ մաքրողներ` պէտքերը վառելու եւ արտաքնոցները հականեխելու:
Գալով նպաստին, երկաթուղիով կը բերուէր կայարան` մթերանոց, ուրկէ քեմփի պատասխանատու սպաները ստանալով` փոխադրել կու տային իրենց քեմփի բաշխման վայր, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք ներկայանար անձամբ ստանալու իր բաժինը:
Խնամատարական գետնի վրայ ալ անգլիացիք դարմանատուն, հիւանդանոց, բաղնիք եւ առողջապահական արգելարան (քարանթին) բացին համաճարակներու դէմն առնելու համար:
Վրանաւանի անգլիացի իշխանութիւնը, առողջ ու երիտասարդ գաղթականներէն աշխատողներ հաւաքելով, լծեցին տեղական զանազան աշխատանքներու` Տիալա գետի եզերքը ջրանցքներ փորելու, երկաթուղիի մթերանոցի պարէնը տեղաւորելու ու փոխադրելու, աւանի ճամբաները հարթելու, մաքրելու եւ այլն: Անոնք թէեւ իրենց լաւագոյնը կ՛ընէին, սակայն հիւանդութիւնները եւ բնական մահերու թիւը կը մնային բարձր, անցեալի ամիսներու տառապանքի, ճամբաներուն կրած դժուարութիւններու, յոգնածութեան եւ անսովոր անապատային կլիմային պատճառով:
Այս ծանր վիճակին կ՛աւելնար նաեւ այն, որ զիրար լրիւ չէին հասկնար լեզուագիտութեան պակասի պատճառով, եւ կարգ ու կանոնի խստիւ գործադրումը աստիճանաբար դառնութիւն կը բերէր ժողովուրդին` դէպի խնամատարները: Այսպիսի պայմաններու տակ, Եղեռնի արհաւիրքներէն ազատած, ինչպէս` աշխարհով մէկ ցրուած ցեղակիցները, ուր որ ալ հաստատուեցան, առաջին հերթին մտածեցին եկեղեցի ունենալու մասին: Առ այդ, անգլիական բանակի օգնութեամբ առժամեայ եկեղեցի մը կը կառուցուի պաշտամունքի համար:
1918-ի վերջերը անգլիական բանակը գրաւած ըլլալով Մուսուլը, Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր կողմերէն գաղթական փոքր հոսանքներ Տէր Զօրի եւ Ռաս Ուլ Այնի սպանդանոցէն ու արհաւիրքներէն ազատած, կը հասնէին Մուսուլ: Ազգային առաջնորդարանի խնդրանքով անգլիացիները կ՛արտօնեն հայի այս բեկորներու Պաքուպա փոխադրութիւնը, ուր կը տեղաւորեն զանոնք Վանէն եկողներու քեմփի արեւելեան կողմը: Պաքուպայի վրանաւանին մէջ հայ տարագիրներուն թիւը այսպէս բազմացաւ:

Հայ գաղթականութեան այս հաւաքը Պաքուպայի մէջ, անգլիացիներու կողմէ, մղեց իրաքահայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը` տարագիրներու մանրամասն արձանագրութեան ձեռնարկելու եւ անգլիական իշխանութեան պաշտօնական արտօնութեամբ, օրուան առաջնորդ Մուշեղ արք. Սերոբեանը այցի գալով տառապած ժողովուրդին` հոգեկան մխիթարութեան համար պատարագ մատուցեց եւ կրօնական գործերով զբաղելու համար գաղթականներու մէջ գտնուող 18 կղերականներէն ընտրեց հետեւեալները` որպէս Կրօնական ժողովի անդամներ.
Վահրամ ծ. վրդ. Կանաչեան` նախագահ, Յովհաննէս քհնյ. Սիմոնեան` քարտուղար, Ստեփան քհնյ. Ստեփանեան եւ Մարտիրոս քհնյ. Եղեազարեան` անդամներ: Հետագային այս մարմինին նախագահութիւնը ստանձնեց Սահակ ծ. վրդ. Մարմետցին, ապա` Յովհաննէս ծ. վրդ. Հիւսեանը:
Նոյն տարին` 1918-ին, անգլիական իշխանութիւնը ընթացք տուաւ առաջնորդարանի դիմումին` իր որբահաւաքի ծրագրով որբանոց բանալու արձանագրուած 1500-է աւելի երկսեռ որբերու համար: Որբանոցի տնօրէն նշանակուեցաւ Արսէն Գօրկիզեանը (Համատանէն), ուսուցիչներ` տարագրուած վանեցի ուսեալ երիտասարդներէն` Գեղամ Վարդանեանը, Մարտիրոս Խերանեանը, Համազասպ Պետրոսեանը, Տրդատ Սօրոյեանը եւ Սենեքերիմ Սիմոնեանը:
Պատուելի տնօրէնի բողոքական քարոզչութիւնը շուտով դժկամութիւն պատճառեց, նախ` ուսուցչութեան, ապա` ժողովուրդին, որուն պատճառով Ազգային իշխանութեան կազմած Տարագրելոց յանձնախումբի ատենապետ Մարտիրոս Գույումճեանը Պաքուպա գալով` պարտն ու պատշաճը տնօրինեց գաղթակայանի պատասխանատու` հրամանատար Օսթինի արտօնութեամբ, որբանոցի տնօրէնութիւնը ժամանակաւորապէս յանձնելով գաղթական վանեցի սպայի մը` փաստաբան Համբարձում Մելքոնեանին, մինչեւ որ թեմի Քաղաքական ժողովին որոշմամբ որբանոցի տնօրէն ղրկուեցաւ Սարգիս Շիրվանեան անունով կրթուած եւ բարեկիրթ անձ մը: Քաղաքական ժողովին կողմէ մայրապետ մըն ալ վարձուած էր, որ ստանձնեց որբերու հագուելիքի եւ անկողիններու հայթայթումը եւ մաքրութեան հսկողութիւնը:
1918-ին Իրաք աքսորուած Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք. Եղեայեանի եւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Սերոբեանի կողմէ Մուսուլի մէջ բացուած որբանոցի 327 որբերն ալ իրենց ուսուցչուհի-մայրիկ Խոսրովիդուխտի հետ 1919 յունիս 24-ին փոխադրուեցան Պաքուպա:
(Շար. 2)


