Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Տարտն Ու Ցաւը… Մեր Հարցը…

Յունիս 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

Շատեր մեզ հարցասէր, կռուազան, անկիրթ ու անհանդուրժող կը սեպեն, քիչ չեն նաեւ մեզ «չոր գլուխ» համարողները…

Այո՛ այդպէս ենք:

Իսկ մեր հարցերուն հարցը, զուտ, հարիւր տոկոս, մեր ժողովուրդը բարօր, ուրախ, կազմակերպ ու ապահով տեսնելն է:

Մենք կռուազան եւ անհանդուրժող ենք նաեւ իրար մէջ, որովհետեւ երբ կեանքը փորձութեան կը մատնէ մեզմէ ոմանց, եւ մեզմէ ոմանք յղփանալով` կը դառնան հեշտասէր ու շահագործող, իսկ ուրիշներ դառնալով` կը դառնան ոխերիմ, քինախնդիր (երբեմն նաեւ` արդարօրէն դառնալով), մոռնալով, թէ ինչի՛ համար ենք մէկտեղուած, ինչի՛ համար ենք ԴԱՇՆԱԿՑԱԾ, մենք կը կռուինք նաեւ մե՛ր միջեւ:

Մենք երբեք մենք մեզ չենք սրբացուցած, մենք մարդ ենք, ո՛չ հրեշտակ, խորապէս կը գիտակցինք մեր մարդկային խոցելիութեանը.  անոր համար մենք ցկեանս թագաւորներ չունի՛նք մեր գլխուն: Իսկ անոնք, որոնք փորձած են մեզմէ ցկեանս թագաւորել, դուրս շպրտուած են` իրենք իրենցմէ հիասթափուած:

Մենք չե՛նք ներած նոյնիսկ մեր ամենավաստակաւոր ընկերներուն, երբ նկատած ենք, որ մեր ընկերներէն ոմանք սկսած են իրենք զիրենք «աւելի հաւասար»-ներուն դասին դասել, կամ «աւելի հաւասար» դասեր ստեղծել, մոռնալով ժողովուրդի ցաւը` մարդկայնօրէն յղփացած են ու` սայթաքած, մենք այդպիսիք մեր մէջ երկար ատեն չենք հանդուրժած:

Մենք նախ ծառա՛ն, ապա տէրն ենք այս ժողովուրդին, մեր տիրութիւնը կ՛ամրապնդենք մեր ծառայութիւններն ու զոհողութիւնները` բի՛ւր բիւրաւոր անգամ աւելցնելով: Տէրն ենք այս ժողովուրդին այնքան, որքանով որ կը ծառայենք ժողովուրդին:

Մեր յօժարակամ, գիտակցուած ստրկութիւնը, այս հերոսական ժողովուրդին` երբե՛ք չ՛ընկճեր մեր հոգին, մենք ամուր ենք մեր հաւատքով, փա՜ռք Աստուծոյ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ: Մեր տղոց թափած արիւնը աղօ՛թք է առ Աստուած միակ արդար ու բարի: Իսկ մեր ողջ մնացած ընկերներու զոհողութիւնները զրկանքն ու տառապանքը շարական են անլռելի, բայց` շա՜տ լուռ…

Մենք շա՜տ հանդուրժող ենք, շա՜տ երկայնամիտ: Շատերը մեզ կը դատեն շա՜տ մակերեսայնօրէն, հանդէսներէն առնուած տպաւորութիւններով միայն` յաճախ… Իսկ մեր խորքն ու եկեղեցիները քարեղէն չեն:

Մեր եկեղեցիներու, տաճարներու սիւներուն տակ խունկի տեղ արիւն, քրտինք եւ անսպառ զոհողութիւն, տաժանք ու զրկանք կը ծխայ, շարականներուն տեղ ամենակարող Աստուծոյ մեր ժողովուրդին պարգեւած Առիւծ Մհերին, Սասունցի Դաւիթին, Գայլ Վահանին, Սիմոն Զաւարեանին, Նիկոլ Դումանին եւ այսպիսիներու հոգիները կ՛երգեն:

Մեզի մղում տուողը մեր աշխարհով մէկ սփռուած ժողովուրդի անծայրածիր տառապանքն է, մեր ազգի յօշոտուած արժանապատուութիւնն է, մեր տարիներէ ի վեր, վերջերս նաեւ` եռագոյն դրօշի ներքեւ, կեղեքուող, մաշող, համբերատար, հերոսաբար մարտնչող, արի, հայրենաբնակ ժողովուրդն է:

Մեզի ուժ տուողը մեր հերոսական Արցախի հզօր նահատակներու արի որբերուն խո՜ր վշտով ու կարօտով լեցուն հրոտ աչքերն են, սուրբ վշտապատառ որդեկորոյս մայրերու, հայրերու, անմխիթար քոյրերու, եղբայրներու, ա՛լ չհոսող արցունքներն են:

Միջին Արեւելքի հայահոծ թաղերու անկիւններուն հաւաքուած, անգործութենէն յուսահատ, ճարահատ հայ տղոց, աղջիկներու աչքերէն հոսող արդարութեան ծարաւն է մեզ բոցավառողը: Օրուան հացի կարօտ մնացած հայ ընտանիքներու զայրոյթն ու թշուառութիւնն են մեզ մղողը:

Զայրոյթ, արցունք, անարդարութիւն ու տառապանք են մեր սնունդը. մեզ դաշնակցական դարձնողը խոր ցաւն է` մեր ազգի զաւակներուն:

Դաժա՜ն ենք, այո՛… թերեւս նաեւ` «անկիրթ»… Բայց այն համատարած տառապանքն է, որ մեզ մղած է դաշնակցելու, մեզ երբե՛ք չէ դառնացուցած:

Մենք սիրահարներ ենք կեանքի, ազատութեան, արդարութեան, մենք ջատագովներ ենք բարութեան, ազնուութեան, վեհութեան:

Մենք ժողովուրդի տառապանքէն ծնած, ժողովուրդին վիշտը վերցնելու, արդարութիւնը վերականգնելու մոլուցքէն մղուող, ժողովուրդին ծառայ Դաշնակցութիւնն ենք հզօր:

Անվախ քարի տակ չոքողը, անսխալ խփողը, պատիւ ունեցողն ու ազնիւ մտածողը թո՛ղ գան:

27 մայիս 2019
Արագած-Պէյրութ

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Շրջապատուած Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ` Սուրիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հանդիպում ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» Ուսանողական Միաւորի Եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?