ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Սփիւռքի պայմաններու մէջ փոփ մշակոյթի ստեղծումը ապացոյց է մշակոյթին եւ երիտասարդութեան երկխօսութեան մէջ մտնելուն: Պուրճ Համուտ իր իւրայատուկ փոփ մշակոյթը ունեցած է, որ, ծուռ նստինք` շիտակ խօսինք, շատեր այդ կը համարեն ստորակարգեալ` մոռնալով, որ Պուրճ Համուտ եղած է մեր հայկական մշակոյթին բննօրանը` իր վարժարաններով, եկեղեցիներով, ակումբներով, մշակութային կեդրոնով, թատերասրահներով, պատկերասրահներով, եւ, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ կօշկակարներու եւ ոսկերիչներու եւ այլ արհեստներու աշխատանոցներով: Ասոնք բոլորը հիմա այլեւս գրեթէ գոյութիւն չունին. նոր մշակոյթ մը կայ Պուրճ Համուտի, որ չեմ գիտեր` ի՛նչ որակեմ, բայց այնուամենայնիւ, «փառքի օրերուն» փոփ մշակոյթը ստեղծողներէն կամ անոր ծաւալմանմաս կազմողներէն ոմանք տակաւին մեր շուրջը կը գտնուին, եւ կ՛արժէ անոնց կեանքը յանձնել պատմութեան:
Թորոս Հելվաճեան անոնցմէ մէկն է: Եռանդուն, կատակասէր եւ թեթեւ հոգիով Թորոսը, որ քառասուն տարի առաջ, երբ տակաւին միայն 13 տարեկան էր, զինք առաջին անգամ պիտի տեսնէիր բեմին վրայ, Սեդրակ Էսմէրեանի հեղինակած եւ Յովհաննէս Հելվաճեանի բեմադրած «Հայ մօր կամքը» ներկայացման մէջ, «կ՛ուխտենք եւ կ՛երդուենք» տողը արտասանած պահուն: «Հաւանաբար ատիկա իմ իսկական ուխտս եղաւ թատրոնին հանդէպ», ըսաւ Թ. Հելվաճեան մեր զրոյցին ընթացքին: Բայց Հելվաճեանին թատրոնի հանդէպ սէրը աւելի հին է, քան` իր բեմի առաջին փորձառութիւնը: Ան կը պատմէ. «Դպրոցական օրերուս սրահին ետեւի դուռէն փախստական մտնելով` գրեթէ բոլոր թատրոններն ալ կը դիտէի: Կիրակի օր մըն էր, երբ այս անգամ մամաս արգիլեց տունէն դուրս ելլել` յաջորդ օրը դպրոց ունենալուս պատճառով. այս պատիժ մըն էր ինծի համար, քանի որ պիտի զրկուէի այդ օրուան թատրոնէն: Եւ մամաս` որպէս իր «որոշումին ստորագրութիւն», կօշիկներս պահեց, որպէսզի չհամարձակիմ պրծիլ: Սակայն, հակառակ այս արգելափակումներուն, այդ օր ես գուլպաներով փախայ տունէն, գացի «Տէր Մելքոնեան», սովորականին պէս ետեւի դուռէն գաղտագողի մտայ ներս ու բազմեցայ առաջին շարքին վրայ: Անշուշտ տուն վերադարձիս աղուոր մըն ալ ծեծ կերայ թատրոնի սիրոյն եւ ատանկ անկողին մտայ»:
Թորոս Հելվաճեան զիս տպաւորած է առաւելաբար Էսմէրեանի հեղինակած եւ Օննիկ Գանթարճեանի բեմադրած «Մէկ հարսնցու երեք թեկնածու» (1987) ներկայացման մէջ իր ստանձնած դերով` «Միսիօ Ռեմոն», որուն արտասանած տողերը մինչեւ այսօր մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ընթացքին, յարմար պահերուն, կը վերարտասանենք տուեալ իրավիճակ մը զաւեշտի վերածելու միտումով: Հաւանաբար միայն մեր ընտանիքը չէ, որ կիրակի օրերուն խորովածի սեղանին կը միացնէր հայկական թատրոնի մը, տեսերիզը, աւելի ուշ` խտասալիկը, ու նաեւ կ՛երեւի այդ է պատճառը, որ մեր ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած են զանազան թատրոններէ տարբեր տողեր, որոնք կը վերարտադրենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ` մշակութային ձեռնարկները դարձնելով մեր կեանքին մասնիկը:
Գաղութը «ժամանակին», ինչպէս մեծերը կը սիրեն ըսել, կ՛եռար թատերախումբերու մրցակցութեամբ եւ ներկայացումներու խճողումով: Թորոս հայկական մշակոյթի այս վերելքին մէջ, որ տեղի կ՛ունենար Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, մեծ ներդրում ունեցած է: «Այս քառասուն տարուան ընթացքին խաղացած եմ աւելի քան 50 ներկայացումներ` զանազան խումբերու հետ: Խաղացած եմ եղբօրս` Յովհաննէս Հելվաճեանի հիմնած «Կոմիտաս» թատերախումբին հետ շուրջ 35 ներկայացումներ, որոնց երկար ցանկէն կարելի է նշել` «Թաղականին կնիկը», «Սիրոյ միջնորդը», «Մէկ գիշեր սարսափելի կնոջ մը հետ», «Պատերազմը արդեօք վերջացա՞ւ», «Անխելք մարդը», «Ամուրիներու միութեան ժողովը», «Գիւղէն իջնող ղազարներ», «Օթելլօ»: Դերեր վերցուցած եմ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ «Փլրեցի Եփփէն»-ին մէջ, Մուշեղ Մուղալեանի «Դիմակի թատրոն»-ին հետ` «Նազարը Պանանիստանի մէջ», «Մոռնալ Հեռոսդատին» եւ այլ ներկայացումներու մէջ: Բեմ բարձրացած եմ Զոհրապ Եագուպեանի «Փորձառարական թատրոն»-ին, ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան»-ին եւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին հետ եւ այլն»:
«Ամէնէն շատ սրտիս խօսող ներկայացումը եղած է Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», ուր վերցուցած էի կեդրոնական դերը: Հիմնական դերեր յաճախ խաղացած եմ, ինչպէս` «Կոմիտաս» թատերախումբին ներկայացուցած «Օժիտով փեսացու»-ն: Եղած եմ նաեւ Վիգէն Ստեփանեանի բեմադրութեամբ մանկապատանեկան թատրոնի մը մէջ` «Պարոն լրտեսին վերջին գործը»` լրտեսի դերով, որ նոյնպէս սրտիս խօսած է»:
Թորոս Հելվաճեան մասնակցած է նաեւ Համազգայինի կազմակերպած գեղարուեստական մրցանքներու եւ 1982-1983 տարեշրջանին տիրացած ոսկեայ մետալի` Յ. Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» բանաստեղծութեան արտասանութեան համար:
«Ներկայիս, գործի պայմաններուն բերումով, չեմ կրնար ժամանակս տրամադրել թատրոնի փորձերուն, որ անցեալին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը կատարէինք, բայց երբեմն կը տեսնես զիս բեմին վրայ` «Շնորհալի» երգչախումբին մէջ երգելով, կամ` վերջերս «Կոմիտաս» թատերախումբին հետ, իսկ ասոնցմէ զատ` մասնակցած եմ ուսանողական կարճամեթրաժ Ժապաւէնի մը նկարահանման»:
Ի դէպ, Թորոս բեմէն ալ դուրս պահած է իր դերասանական յատկութիւնները, եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛այցելեն կաթողիկոսարան, որուն բարապանն է ան, անպայման կը տեսնեն թատրոնի արտացոլացումը իր աչքերուն մէջ, մանաւանդ երբ գաղութի մէջ ներկայացում մը դիտած ըլլայ: Իր մօտ չի պակսիր տուեալ թատրոնի մը թէ՛ քուլիսներու աշխատանքին գնահատումը եւ թէ՛ գործին նկատմամբ առողջ նշումները, որովհետեւ ինք եւս այդ նո՛յն բեմին նո՛յն տախտակամածին հարազատ զաւակն է:
«Պատերազմին ընթացքին թատրոնը կեանք ունէր, եւ ներկայացումները կը վխտային: Մրցակցութիւն մը կար: Թատերասրահին վարչութիւնը մեզի սահմանափակ թիւով օրեր կը տրամադրէր, որովհետեւ մեզմէ առաջ եւ մեզմէ ետք արդէն գրաւած կ՛ըլլային այլ թատերախումբեր: Շատ արտադրութիւն կար: Թատրոնի եռուզեռ կար, եւ թատրոն սիրող ժողովուրդ կար: Հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր ատիկա գաղութին մէջ: Ժողովուրդը ներկայ կ՛ըլլար տարբեր ժանրի ներկայացումներու` դասական, ազգային նիւթերով, երգիծական, եւ բոլոր ներկայացումներ ալ յաջողութիւն կը գտնէին»:
«Ինծի դէպի թատրոն տանողը եղբայրս եղած է, եւ ամէն մէկ թատրոն, որ կը դիտէի, անոր դերասանները ինծի համար առեղծուածային կը թուէին փոքր տարիքիս` բեմին վրայ մէկ դէմքով, բեմէն վար տարբեր դէմքով տեսնելովս: Բացի անկէ, որ բեմի շպարը կը փոխէ անձը, բայց անոնց խաղարկութիւնն էր, որ ուշադրութիւնս կը գրաւէր աւելի շատ: Ինծի երբեմն հարց տուած են, որ ինչո՛ւ թեքնիք խաղարկութեամբ չեմ խաղար, պատասխանս այն եղած է, որ եթէ ապրումով եւ սիրելով չխաղամ, իմաստ մը չունին մնացածները: Ինչ դերի մէջ որ յարմար տեսած են ինծի, ես այդ ըրած եմ առանց նախապայմաններու եւ սիրայօժար, անշուշտ` դերս սիրելու պայմանով»:
Խօսելով լիբանանահայ թատրոնի ներկայ իրավիճակին մասին` Թ. Հելվաճեան կ՛արտայայտէ իր տագնապն ու ափսոսանքը ներկայ պայմաններուն գաղութին սահմանափակ կարելիութիւններ տալու գծով: «Զարկ պէտք է տրուի տեղական թատրոնին: Լիբանանահայ թատրոնը լիբանանահայ դերասանը կը պահէ: Լաւ է, որ դուրսէն հիւր թատերախումբեր կը հրաւիրենք, ըլլայ Հայաստանէն կամ այլուր, սակայն մեր ուժականութիւնը հոս է: Ճիշդ չէ անտեսել տեղական տաղանդները: Ես կը ճանչնամ երիտասարդ դերասաններ, որոնց կը պակսին առիթը` զարգանալու եւ թռիչք ունենալու: Եթէ նստինք եւ խօսինք, օրերով կրնանք առաջարկներ ունենալ թատրոնի ներկայ կացութիւնը վերաշխուժացնելու համար, բայց մեզի կը պակսին միասնական աշխատանքի նախաձեռնութիւնը եւ հետեւողականութիւնը»:
Թորոս Հելվաճեան 40 տարի առաջ անձնուիրաբար, առանց ակնկալութիւններու, բեմ բարձրացաւ ապրելու համար իր երազը, տաղանդը եւ այսպիսով ներդրում ունեցաւ հայ մշակոյթին մէջ, որուն Լիբանանի մէջ ծաւալումը մեր գաղութը դրաւ հայապահպանման պատնէշին վրայ:
Վարձքը կատար Թորոս Հելվաճեանին:
Վարձքը կատար Թորոսը դէպի բեմ տանողներուն:
Վարձքը կատար սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ մշակոյթը կենդանի պահողներուն:



