Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

December 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, դեկտեմբեր 8-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայացած Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնին տարեկան 2-րդ ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ աւելի քան 2,2 միլիոն տոլար գոյացնել:

Թանգարանին գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան արտայայտուեցաւ թանգարանի ծրագիրին կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու եւ անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն` հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն:

Իր կարգին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին առաջին իսկ օրէն զօրակցող նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ յատկապէս թանգարանի «Հիմնադիրներու շրջանակ»-ի անդամներուն, հիմնադիր բարերարներուն եւ «Ժառանգութեան խորհուրդ»-ին: Ապա Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ իր ելոյթին մէջ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ նահանգապետ Կեւըն Նիուսըմ նահանգին 2019-2020 ամավարկին մէջ հաստատեց թանգարանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու որոշումը:

Իր կարգին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ դրուատեց թանգարանի ծրագիրը` շեշտելով, որ անիկա պիտի հանդիսանայ այն վայրը, ուր տարբեր ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու ամերիկահայ համայնքին ունեցած յատկանշական ներդրումներուն:

Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ թանգարանը ոչ միայն հայոց պատմութեան մատուցման հարթակ մըն է, այլ նաեւ` կրթական կեդրոն, որ կարեւոր դեր պիտի կատարէ հայապահպանման գործին մէջ:

Այնուհետեւ մեծարուեցան յայտնի իրաւագէտ Քենեթ Լ. Խաչիկեանը, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրը եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար ամերիկահայ Փոլ Ինկնէյշըսը:

Նախորդը

Տխուր Երգիծանք. «Ականջ Տուէք Նոր Աշխարհի Պահանջներուն»

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.