Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայուն Բարի Աւանդութեան Շարունակութիւնը…

Դեկտեմբեր 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Նախակրթարանի առաջին տարիներու աշակերտ էի հաւանաբար, խաղի ու անմեղութեան աշխարհիս փոքր պատուհանէն սկսած էի դիտել կեանքի իրական աշխարհը, ուր երեւոյթները բաւական տարբեր էին իմ ընկալմանս կարելիութենէն: Այդ օրերու յիշատակները բազմաթիւ են, սակայն յատկանշականները` սակաւաթիւ:

Լաւ կը յիշեմ, որ ամէն օր հայրս իր առօրեայ ուտելիքներուն կողքին, մօրս կողմէ գուրգուրանքով պատրաստուած փոքրիկ տոպրակ մը ձեռքին` կ՛ուղղուէր Տորայի իր կօշկակարի խանութը: Այս «արարողութեան» այդքան ալ հաշտ աչքով չէի նայեր երբեմն, մանաւանդ երբ շատ սիրած մէկ ճաշիս տեղաւորուիլը տեսնէի այդ տոպրակին մէջ զետեղուելու կոչուած ամաններուն մէջ: Իմ ամէնէն սիրած տուրմով պատուած կարկանդակիս վերջին շերտին ուղարկուիլը բաւարար եղաւ, որ ես` բողոքող սրտէս բխած հարցումը ուղղէի հօրս.

– Պապա՛, մենք շատ ճաշ չունինք արդէն, ինչո՞ւ ամէն օր մեր ճաշէն եւ անուշեղէնէն կը տանիք Վիքթորիա մամիկին…

Անակնկալի եկած հայրս, որմէ կ՛ակնկալէի բարկանալ եւ խրատել, որ մեծերուն գործերուն միջամուխ չըլլամ, մեղմ ժպիտով նայեցաւ աչքերուս, առաւ զիս իր տաքուկ եւ լայն գիրկը, համբուրեց, ապա գիրկը նստեցնելով` ըսաւ.

– Մենք շա՜տ ճաշ ունինք աղջիկս, անուշեղէնն ու կարկանդակը անպակաս են մեր տունէն, թերեւս ձեզի յաճախ նոր հագուստ ու կօշիկ, խաղալիք չենք կրնար բերել, բայց` փա՜ռք Աստուծոյ, մենք ունինք այնքան, որ կրնանք մեզմէ նուազ ունեցողին կամ ընդհանրապէս չունեցողին տալ:

Օրին գլուխս շարժեցի ու միացայ խաղալիքներուս, բայց պատասխանը դրոշմուած մնաց մտքիս մէջ, որ օրին լաւապէս չընկալեց իրեն փոխանցուած պատգամը, բայց պահպանեց զայն թանկագին մասունքի նման:

Այդ օրէն ետք այլեւս տարօրինակ չէր թուեր միայնակ այդ մամիկին գացած ճաշերուն «տողանցքը», նոյնիսկ մայրս երբեմն կը մղէր, որ ես պատրաստէի անոր ճաշամանը եւ յանձնէի հօրս:

***

Քաղաքացիական պատերազմի օրերը, ինչպէս բոլորին համար, նաեւ եւ քիչ մը աւելի դաժան ու դժուար եղան ընտանիքիս համար, որովհետեւ մեր տան դիրքը` Քարանթինայի մայրուղիին զուգահեռ, թէ՛ ապահովական առումով չափազանց վտանգաւոր էր եւ թէ՛ անջատուած էինք հայկական շրջապատէ: Արդարեւ, մեր շրջանին մէջ չկային արթուն պահակ տղաք, ռմբակոծուած շէնքերուն բնակիչներուն օգնութեան հասնող կամաւորներ, հաց մատակարարող երիտասարդներ, որոնց մասին աւելի ուշ հպարտութեամբ պիտի կարդայի թերթերէն եւ յուշագրութիւններէն, այլ, ձեւով մը, ձգուած էինք մեր ճակատագիրին: Չորս յարկանի մեր շէնքը պատսպարան չունէր, այլ երկրորդ յարկին վրայ գտնուող մեր բնակարանը ապահով ապաստան կը նկատուէր նաեւ շէնքի միւս հայ ընտանիքին անդամներուն, որոնք, յատկապէս գիշերները, մեր մնայուն հիւրերն էին: Հաւանաբար ապահով զգալու այս երեւոյթին մէջ տիրական էր հօրս ներկայութիւնը, որովհետեւ ան միակ տղամարդն էր շէնքին: Այդ ընտանիքին մեծ մայրը` Անժել նէնէն, շէնքին կից ունէր նպարավաճառի փոքրիկ խանութ մը:

Պատերազմը սկսաւ, ռումբերը անձրեւի նման կը տեղային` մեզ ամբողջովին անջատելով ընդհանրապէս միւս շրջաններէն: Մայրուղին հատելով դէպի Մար Մըխայէլ երթալու միտքն անգամ համազօր էր անձնասպանութեան, որովհետեւ արձակազէններու թիրախ էր մայրուղին: Պէտք է մեր հացի խնդիրը լուծէինք մայրուղիին այս կողմը մնալով, ուր ընդհանրապէս խանութներ ու փուռեր չկային:

Անժել նէնէն էր հօրս մտմտուքը փարատողը.

– Ինչ որ կայ խանութս, կը բերեմ, միասին կ՛ուտենք:

Բայց չէ՞ որ ան, իր կարգին, իր ճիտին ունէր երեք աղջնակներ, ինչպէ՞ս հայրս պիտի համաձայնէր անոնց բերնի հացը բաժնեկցիլ:

Հօրս մտածումներուն պատասխանելով` սիրելի մեծ մամիկը շարունակեց.

– Միասին, քիչն ալ շատ կը նկատենք, միասին կ՛ուտենք եւ միասին կը գոյատեւենք:

Տարիներ առաջ հօրս փոխանցած պատգամը այս անգամ այլ ձեւով կու գար փորագրուելու մտքիս ու խղճիս մէջ:

***

Լիբանանահայութիւնը յաջողութեամբ դրամահաւաք իրականացնելու հպարտալի աւանդութիւնը ունի: Տարբեր առիթներով, տարբեր նպատակներու համար կատարուած ռատիոթոններուն արդիւնքը միշտ ալ պատուաբեր եղած է: Գաղութը հասած է բոլորին, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օգնութեան ու զօրակցութեան ձեռք երկարած է իր քոյր-եղբայրներուն` միշտ հաւատալով, որ խօսքը պէտք է գործի վերածուի:

Ոմանք կը կարծեն, թէ օրերու փոփոխութիւնը կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ աւանդութիւններու ու մօտեցումներու փոփոխութեան: Արդարեւ, թէեւ մեծ թերահաւատութիւն կար լիբանանահայութեան այս աւանդութեան նկատմամբ` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները, սակայն 18 դեկտեմբերին Հայկական երեսփոխանական պլոքին կազմակերպած ռատիոթոնին, որուն խորագիրն էր «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը», լիբանանահայութիւնը` նուիրաբերելով 137.573.000 լ. ոսկի, կրկին եկաւ հաստատելու, որ տէրն է իր աւանդութեան, որ հաւատարիմ է նուիրելու իր բարի սովորութեան: Մարդիկ զարմացան, որ ինչպէ՛ս կարելի է լիբանանահայէն ակնկալել օգնել այլ լիբանանահայու մը, երբ բոլորը նոյն տագնապին գիրկը ինկած են: Սակայն, ինչպէս հայրս ըսաւ, միշտ ալ աւելի քիչը ունեցող կամ երբեք չունեցող կայ, իսկ բաւարար ունեցողը կոչուած է անոնց բաժին հանելու: Չէ՞ որ միասին երբ բաժնեկցինք պայքարը, միասին ալ կը յաջողցնենք ու կը շրջանցենք:

Նախատեսուածէն աւելի մեծ գումար հաւաքուեցաւ` պատի՛ւ լիբանանահայութեան, ծրագրուածէն աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ պիտի ուրախանան` շնորհակալութիւն իր քիչէն իր եղբօր բաժին հանող լիբանանահայուն, նուիրաբերելու, Դաշնակցութեան վստահելու, «հացը փռապանին յանձնելու» համոզումով նուիրատուութիւնը հասցէագրուած կատարելու բարի աւանդութիւնը պահպանուեցաւ ու պիտի պահպանուի` ի հպարտութիւն այս գաղութին եւ ի հեճուկս բոլոր կասկածողներուն ու անհաւատներուն:

Թիւերը փաստ են, պատգամ են, սէր են ու բարի կամեցողութիւն, գործնական դրսեւորում այն մեծ հաւատքով ու խոր համոզումով, որ տագնապը միասնաբար շրջանցելով, կրկին ոտքի պիտի կանգնինք միասին` շարունակելու պատուաբեր երթն ու նորանոր դրամահաւաքներով ժպիտ եւ ուրախութիւն սերմանելու այլ հայորդիներու դէմքին վրայ ու սրտին խորերը:

Լիբանանահայութիւն` կեցցե՛ս:

 

 

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?