Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը` Վերագտնել Հաւատք, Յոյս Եւ Անձը» Գիրքի Ներկայացում-Քննարկում

Դեկտեմբեր 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2019-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ եւ իրենց կեդրոնատեղիի մէջ` Ժընեւ, Զուիցերիա, տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անգլերէն լեզուով աստուածաբանական-աստուածաշնչական գիրքի` «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը` վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» գիրքին ներկայացում-քննարկումը: Դոկտ. Ճէպէճեանի այս հատորը յունիս 2019-ին եւ Աթէնքի մէջ կայացած Աստուածաշունչի միացեալ ընկերակցութիւններու միջազգային մէկ համագումարին արժանացած է լաւագոյն մրցանակին` մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Փիթըր Փրով` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային կապերու վարիչ-տնօրէնը: Ան ներկայացուց դոկտ. Ճէպէճեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը` ընդգծելով անոր միջեկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած բազմաթիւ ծառայութիւնները եւ ի մասնաւորի անոր Աստուածաշունչի առաքելութեան մէջ իր տածած տարիներու գործունէութիւնը աստուածաշունչի ընկերութիւններուն մէջէն:

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը` սկսելով Ծոցի տարածաշրջանի աշխարհագրական ու ընկերային եւ տնտեսական իւրայատկութիւններէն եւ ընդգծելով, որ շրջանը տարբեր հաւաքականութիւններ համախմբող երկիրներ են, ուր աւելի քան հարիւր եւ յիսուն  ազգութիւններ կ՛ապրին: Ան խօսեցաւ նաեւ մեծ թիւով բանուորներու ներկայութեան մասին` այս տարածաշրջանի մէջ եւ մեկնելով նոյն այս երկիրներուն բնական հարստութիւններու կարելիութիւններէն, ինչ որ մեծ գործառնութիւններու կարելիութիւն կը ստեղծէ, եւ որուն պատճառով կայ կարիքը այս բանուորներուն, որոնք առաւելաբար կու գան ասիական եւ ափրիկեան երկիրներէ: Ան նաեւ ներկայացուց այս բանուորներու ոչ բարւոք եւ արդար կեանքի ու աշխատանքի իրավիճակները այս երկիրներուն մէջ:

Գարլա  Խիճոյեան` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարիչ-համադրողը կատարեց եզրափակիչ վերլուծում-համադրումը եւ առիթը տուաւ ներկաներուն, որպէսզի իրենց հարցումները ներկայացնեն: Տեղի ունեցաւ քննարկում եւ խորհրդածութիւն` գիրքի բովանդակութեան, բայց նաեւ տարածաշրջանին ընկերա-քաղաքական ու յատկապէս քրիստոնէական իրավիճակներու մասին:

Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում:

Նախորդը

Պայքար, Բրտութիւն Եւ Իշխանութեան Ձգտում` Լ. Շանթի Թատերախաղերուն Մէջ

Յաջորդը

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?