Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

December 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Եղբայր Սագոն կը յիշեմ իբրեւ անսպառ կորովի տէր, սրտա՛նց աշխատող եւ «բարոյական յաղթանակներ»-ուն բնա՛ւ հաւատք չընծայող ղեկավար: Թուլութեան, մեղկութեան, կրաւորականութեան, անգործունէութեան, միջակութեան,

Ձախէն աջ Սագօ Սարգիսեան, —-, Յակոբ Եափուճեան, Յարութ Չէքիճեան, նստած` Մովսէս Պարսումեան, Ճօճօ եւ Էլի Գրիգորեան, Դպրեվանք, Պիքֆայա, 1964:

Չքմեղանքներու եւ պատճառաբանութիւններու թշնամին էր ան: Որեւէ ծրագիր կատարեա՛լ պէտք էր ըլլար, եւ իւրաքանչիւրը իր գերագոյն ճիգը պէտք էր ներդրէր աշխատանքի յաջողութեան համար:  Իրեն համար ամէ՛ն աշխատանք յոյժ կարեւոր էր, պզտիկ կամ մեծ չկար:

Ժամանակ մը, ընդհանրապէս` շաբաթ առտուները, քանի մը սկաուտներով իրենց տունը կը հաւաքուէինք, իր եւ եղբօր` Հրայրին հետ գաղափարներ փոխանակելու եւ ծրագիրներ մշակելու համար: Մար Մըխայէլի իրենց այդ ընդարձակ տունը մեր երկրորդ ակումբն էր:

Ոտքի ձախին` Սագօ Սարգիսեան, ծունկի երկրորդը եղբայրը` Հրայր եւ ծունկի աջին Յարութ Չէքիճեան, ՀՄԸՄ-ի Էշրեֆիէի սկաուտական պասքեթպոլի խումբը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ դպրեվանքի սաներուն հետ պասքէթի խաղէն առաջ, 1960:

Սկաուտական խաղերու ընթացքին, երբ երկու խումբերու կը բաժնուէինք, մեր անձկութիւնը նոյնն էր. եթէ ի՛ր խումբէն ըլլայիր, պէտք էր գերազանց խաղարկութիւն ցուցաբերէիր, թէ ոչ… իսկ եթէ միւս խումբէն ըլլայիր, արդէն պիտի «ճզմուէիր»: Երբեք չեմ մոռնար Ռամլեթ Պայտայի ծովուն մեր լողարշաւը, ուր չարքաշութեան փորձեր պիտի կատարէինք: Չէր բաւեր այդ շրջանի բարձր եւ զօրաւոր հոսանքով ալիքներուն դիմադրելը, մէյ մըն ալ Սագոն մէկ առ մէկ իւրաքանչիւրիս գլուխը բռնած շուրջ կէս վայրկեան ջուրին մէջ կը թաթխէր: Երբ կարգը ինծի եկաւ, ի զուր փորձեց գլուխս թաթխել, բնազդաբար, գնդակի նման ետ կը բարձրանայի.առաջին անգամ ըլլալով զինք յուսախաբ ըրի:

Իր սկաուտական «երազներէն» մէկը իրականացուց` երկանիւ, բաւական ծանր, առանց կողմերու` տափարակ սայլ մը շինելով, որուն վրայ բանակումի ապրանքներ բեռցուցած, երէց սկաուտները քանի մը անգամ քալելով բանակում ըրին: Այդ սայլը արդէն հարթ ճամբաներու համար դժուար էր քշելը, ուր մնաց` զառիվեր կամ զառիվայր: Սակայն, այս պարագային, իրեն համար իսկական ֆիզիքական մարտահրաւէր մըն էր, որ հաճոյքով ինք եւ իր խումբը յաղթահարեցին:

Վերջապէս, Սագոն այն ղեկավարն էր, որուն կորովը, կամքը եւ մարտահրաւէրներուն դէմ ճակատիլը վարակիչ էր, միշտ կը ձգտէինք եւ տակաւին կը ձգտինք յուսախաբ չընել զինք: Այս է իսկական ղեկավարի մը կարեւոր յատկանիշներէն մէկը:

16 դեկտեմբեր 2019

Նախորդը

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրէնսդրական Ճանաչման Հակադրելու Փորձը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.