Յօդուածներ

Լրատուական Կամուրջ Արաբական Երկիրներու Հետ.  Արմէնփրես»-ը Կ՛ընդլայնէ Համագործակցութիւնը

Imagine, there’s no newsroom… Լրատուամիջոցները Համավարակից Յետոյ

Արամ ԱՆԱՆԵԱՆ Արմենփրես լրատուական գործակալութեան տնօրէն Եթէ չլինէին լրատուամիջոցները, համացանցը եւ հեռահաղորդակցութիւնը, կարող էր թուալ, թէ յետ ճարտարարուեստական  մարդկութիւնը վերադարձել է խորը միջնադար: Աւելի ճիշդ՝ միջնադարի այն հանգրուանը, երբ մարդու տեղաշարժը սահմանափակուած է իր բնակավայրի (շատ երկրների դէպքում` իր բնակարանի) տարածքով: Մի քանի ամիս առաջ ոչ ոք անգամ ամենասարսափելի մղձաւանջում չէր կարող պատկերացնել, որ «սոցիալական հեռաւորութիւն»  առօրէական բառակապակցութիւնն իրական կեանքում նկարագրելու է մարդկային շփումների ասոցիալացումը:...

Ակնարկ.  Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Ակնարկ. Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Շ.Գ. Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրի առաջին վարակակիրի հաստատման լուրը անմիջապէս մտածել կու տայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի կայացման կամ չկայացման հաւանականութիւններուն մասին: Բնականաբար, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը, պետութեան գլուխի լիազօրութիւնները կը շարունակէ վարել պաշտօնավարման շրջանը աւարտող գործող նախագահը: Այստեղ կայ անշուշտ սուր հարց, այն առումով, որ պսակաձեւ ժահրին  պատճառով  երկրորդ փուլի հետաձգումը կամ առկախումը կրնայ թուականի անորոշութեան տանիլ ընդհանրապէս ընտրութեան...

Պարկը

Պարկը

ՆԱՆՈՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Երբ ոեւէ անձ տեսնէ այս պատկերը, անկասկած պիտի հարցնէ` «ի՞նչ կայ մէջը»: Մարդիկ պիտի պատասխանեն` մէկ քիլօ ձաւար, երկու քիլօ  շաքար, աղ, բրինձ, կաթ, ձէթ, թաշկինակ... Իսկ ես պիտի ըսեմ` այստեղ կայ հաւաքական աշխատանքի աննկարագրելի երեւոյթ,  հայ գիւղացիին նեցուկ կանգնելու բարձր գիտակցութիւն, սկաուտական միշտ պատրաստ ոգի, ԼՕԽ-ականի անձնուէր պատրաստակամութիւն, ԼԵՄ-ական երիտասարդի եւ կուսակցական ընկերոջ գաղափարապաշտական միասնակամութիւն, քաղաքապետարանի ենթամարմիններու...

Պսակաձեւ Ժա՞հր, Թէ՞ Մարդկային Խոցելիութիւն

Պսակաձեւ Ժա՞հր, Թէ՞ Մարդկային Խոցելիութիւն

ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Պսակաձեւ ժահր կամ «Քորոնա» ժահր: Մինչեւ վերջերս մարդկութեան համար ոչինչ նշանակող այս անունը դարձած է եօթը հազարամեայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը ի դերեւ հանող գոյացութիւն: Ժահրը`  ըլլայ ան բնածին, թէ արհեստական, այսօր դուրս է մարդ արարածին վերահսկողութենէն, եւ յստակ չէ, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ կանգ կ'առնէ: Համամարդկային չարիքի վերածուած այս համաճարակը բացայայտեց մարդկութեան անզօրութիւնը որեւէ աներեւոյթ չարիք դիմագրաւելու, մինչ...

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ Լրագրող Նայիրի Հոխիկեան կը շարունակէ ուսումնասիրել, թէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական ժառանգութենէն ի՞նչ մնացած է, որո՞նք կ’ապրին մեր հարեւանութեամբ՝ մեր պատմական հողերուն վրայ, միայն թիւրքերն ու քիւրտե՞րը, թէ՞ հայկական արմատները կը շարունակեն ծիլեր տալ… Սփութնիք Արմենիան հրատարակած է Լրագրող...

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխարհն ամբողջ տագնապի մէջ է: Տագնապի մէջ էինք արդէն Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր «Քորոնա»-ի աղէտը գլեց անցաւ ամէն նախատեսութիւն: Անկախ պետական մակարդակի նախաձեռնութիւններէն, փաստօրէն իւրաքանչիւր համայնք կամ կազմակերպութիւն ինք եւս շնորհակալ գործ կը կատարէ` հասնելու ժողովուրդին եւ թեթեւցնելու անոր  պարտադրուած բեռը: Հայ համայնքը եւս իր կազմակերպուածութեամբ, սահմանափակ կարելիութիւններով առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ հասնելու իր զաւակներուն: Համայնքային...

Սեդան Եւ Մարալը

Սեդան Եւ Մարալը

2020-ը սկսաւ համաշխարհային դժնդակ պայմաններով: Իսկ 2020-ի ապրիլ ամիսը դարձաւ աւելի դաժան, երբ մահը եկաւ խլելու երկու սիրելի ընկերուհիներ` քանի մը օր տարբերութեամբ: Երկուքը` «Ազատամարտ»-ական: Երկուքը` ընտանիքիս մտերիմ բարեկամներ: Երկուքը` հաւատաւոր դաշնակցականներ: Երկուքը` նուիրեալներ, Սեդան` ԼՕԽ-ին, Մարալը` կրթական մարզին: Երկուքը` համեստ, նոյնիսկ իրենց թաղման արարողութիւններով... Հրաժեշտ տուին այս կեանքին` ճգնաժամային օրերու, երբ արտօնելի չէին համախմբումներ: Երկուքը սպասող ունէին անդենականին մէջ`...

Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Գրագէտ Բենիամին Նուրիկեանէն Յամեցող Տաքուկ Շունչ Մը…

Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Գրագէտ Բենիամին Նուրիկեանէն Յամեցող Տաքուկ Շունչ Մը…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հայերէն գիրքերու այս արտասովոր վաճառքին կողքին, փարիզաբնակ նամակագիրը դեռ կու տայ ուրիշ շահեկան լուրեր ալ, որոնք կ’առնչուին նիւթական անխոստովանելի գործառնութիւններու. – Գերմանական գրաւման ընթացքին մերիններէն շատեր գիտցան օգտուիլ պատեհութենէն եւ խոշոր հարստութիններ շինեցին։ Սեւ շուկայի բոլոր ճիւղերուն մէջ հայերը առաջին գիծի վրայ էին, քաջալերուած՝ հրեայ տարրին բացակայութենէն, եւ, որքան ալ պատուաբեր չըլլայ ըսել, զանոնք գերազանցեցին ամենամեծ համեմատութիւններով։ –...

Հայուն Հաւաքական Կերպարը Եւ Ինքնութիւնը

Հայուն Հաւաքական Կերպարը Եւ Ինքնութիւնը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ արուեստագէտներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ ու ստեղծագործել. անոնց անունը դուրս կու գայ իրենց ապրած երկրին սահմաններէն, հասնելու համար տարբեր երկիրներ ու ցամաքամասեր: Անոնք ոչ միայն չեն ժխտեր իրենց ազգութիւնը, այլ հպարտօրէն կը նշեն իրենց արմատները եւ կը սատարեն ՀԱՅ մարդու կերպարին բիւրեղացման. օտարներուն համար: «Հայը» անծանօթ, լաւագոյն պարագային՝ մշուշոտ կերպար մը...

Ինչպէ՞ս Զօրացնել Մեր Մարմինին Դիմադրողականութիւնը

Ինչպէ՞ս Զօրացնել Մեր Մարմինին Դիմադրողականութիւնը

ՇԱՂԻԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Սննդագէտ Օրերս աշխարհը կը տառապի պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն: Այս համաճարակին դէմ դնելու համար խիստ կարեւոր է զօրացնել մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը։ Կան բազմաթիւ ազդակներ, այլ խօսքով՝ հիւանդութիւններ, որոնք կը նուազեցնեն մարմինին դիմադրողականութիւնը: Կենսանիւթերու նուազումին հետ կապ ունեցող ազդակներուն հիմնականը սխալ սննդառութիւնն է։ Խօսքս կը վերաբերի ոչ միայն շատ նիհար կամ սովէ տառապող շրջաններու մէջ ապրող անձերուն, այլեւ գէրերուն, որոնք...

Ակնարկ.   Դէպի Բնականոն  Կեանքի Հուն

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային  պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը: Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Կեցուածք. Քանատա Պէտք Է Բացատրութիւն Տայ, Նաեւ՝ Պաշտօնազրկէ Թուրքոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները խժալուր արձագանգներ ստեղծեցին արեւմտեան որոշ շրջանակներու մէջ. Եւրոպական Միութեան արտայայտած՝ որոշ չափով զգուշաւոր ու վերապահ անբաւարարութենէն ետք, Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանը քանի մը քայլ անդին գնաց եւ յայտարարեց, որ «Քանատա չի ճանչնար այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», զանոնք կը նկատէ «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին խաղաղարար ճիգերուն վնաս բերող», ու աւելին՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը «աջակից...

Մինչեւ Ե՞րբ

Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քորոնայի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն համար անցնող շաբթուան ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարուեցան եւ կը կատարուին տակաւին: Նախազգուշական արշաւի համար սկսած շտապը օրը-օրին մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Պետութիւններ անկարող են կազմակերպելու եւ երեւոյթին դէմ յանդիման կենալու: Լիբանանահայութիւնը իր կառոյցներով անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով եւ պատրաստակամութեամբ: Այսօր փաստօրէն 5.000 ընտանիք եւ աւելի կարիքը ունի սնունդի:...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Ուշացած Շնորհակալութիւն

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Տագնապ  կ'ապրի  աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան  ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ  անզօր մնացած է  արհեստագիտական նուաճումներով   յոխորտացող  քաղաքակրթութիւնը: Բոլորս ակամայ  բանտարկեալ  դարձած  ենք  մեր  բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք «Քորոնա» ժահրի  գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան  ամէնօրեայ  թիւերուն: Դադրած են օդային,  ցամաքային, ծովային   հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը:  Համայն աշխարհ  դարձած է  այս...

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

Աշխարհը… յատկապէս քաղաքակրթուած ու կատարելոգործուած աշխարհը սովորաբար օրինակներ կը քաղէ Եւրոպայէն, ուր ընդհանրապէս ազատութիւն, ժողովդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ այլք շատ աւելի յառաջդիմած են, քան այլուր։ Միշտ ալ օրինակելի եւ նախանցելի եղած է Եւրոպան, յատկապէս քաղաքական բնագաւառէն ներս, իր ողջմտութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Խոցելի կէտեր ու վիճակներ ստեղծուած են եւ պատմութեան սլաքը ետ տանելով՝ կարելի է նշել պարագաներ։ Սակայն, նիւթը այդ պատմութեան ընդմէջէն...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Անիծեալ «Քորոնա»ն Եւ Մենք

  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հրահանգ է եւ վերջ: Տնեցիք ինծի բացարձակապէս արգիլեցին տունէն դուրս գալ: Իրաւունք ունին: Որովհետեւ… անէ՛ծք չար սատանային…որովհետեւ ա՛յդ «քորոնա» ըսուած ե՛ւ վախազդու, ե՛ւ մահացու որակուած անկոչ «հիւրը», մեր ապրած ա՛յս հայահոծ քաղաքն ալ հասած է: Ինծի համար մերիններուն այս կեցուածքը, պարզապէս արտայայտութիւնը եւ արձագանգն է իրենց մտահոգութեան եւ միեւնոյն ժամանակ իրենց հոգածութեան ցուցանիշը՝ հանդէպ տան մեծին, տարեցին,...

Խմբագրական Գանձասարի. Արցախահայութեան Վճռակամութիւնը

Խմբագրական Գանձասարի. Արցախահայութեան Վճռակամութիւնը

  Մինչ աշխարհի տարբեր պետութիւններ դադրեցուցած էին իրենց աշխատանքներուն մեծ մասը եւ կաշկանդուած՝ պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու աննախադէպ ջանքերով,  31 Մարտ  2020-ին Արցախի ժողովուրդը  կը շարունակէր իր պետութեան ամրապնդման գործընթացը։ Հանրապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենային վեցերորդ նախագահական եւ եօթերորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ընտրութիւններուն արդիւնքով թեկնածուներէն ոչ ոք յաղթահարեց քուէներուն յիսուն առ հարիւր առաւել մէկ տոկոսին սահմանը, որուն համար ալ ընտրութիւններու երկրորդ փուլի թուական...

Դէպի Ներս

Դէպի Ներս

ՍԱՐԻՆ ԱԳՊԱՇ Ժահրը պատեց աշխարհը եւ դժուարաբարոյ մարդ արարածը անզօր՝ մտաւ տուն։ Կարօտ մնաց արեւածագին եւ ամէն ինչ պայծառացաւ։ Տեսաք չէ՞, որ բնութիւնը ալ աւելի գեղեցկացաւ, օդը մաքրուեցաւ, կենդանիները ազատօրէն սկսան շրջիլ իրենց տան մէջ։ Մեր մեկուսացումը, մեր «բանտարկումը» բացի մեզմէ այս աշխարհի բոլոր էակներուն ուրախութիւն եւ ազատութիւն պարգեւեց։ Բայց մենք՝ ինչպէս միշտ, գանգատելով, տրտնջալով այս բոլոր իրադարձութիւնը «անարդարութիւն» եւ...

Թէ Ինչպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Պայքարի «Քորոնա»-ի Համաճարակին Եւ Անոր Հետեւանքներուն Դէմ («Ժումհուրիա»-ի Հարցազրոյցը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հետ)

Թէ Ինչպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Պայքարի «Քորոնա»-ի Համաճարակին Եւ Անոր Հետեւանքներուն Դէմ («Ժումհուրիա»-ի Հարցազրոյցը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հետ)

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այն միջոցներուն եւ գործադրուած քայլերուն, որոնք կ՛որդեգրուին Պուրճ Համուտի մէջ «Քորոնա» ժահրին եւ անոր հետեւանքներուն դէմ պայքարելու: Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին շրջագիծին մէջ, կարելի է ըսել, որ քաղաքապետութեան աշխատանքը կեդրոնացաւ «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական արշաւներ կազմակերպելու, շրջանը հականեխելու եւ ընկերային հեռացումը գործադրելու: Ան...

Յոյսին Յաղթական Մուտքը Երուսաղէմ

Յոյսին Յաղթական Մուտքը Երուսաղէմ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով Օրհնութիւն Բարձրեալին»: (Մտ 21.9) Բեթղեհէմէն Գողգոթայ երկարող  եռամեայ սրբազան առաքելութեան անկիւնադարձային հանգրուանը, տնօրինական` երկնային ծրագրի ծաղկեպսակը եւ վերջապէս մարդկային կեանքի արհաւիրքներուն, տագնապներուն, ինչպէս նաեւ խնդութեանց ու երջանկութեանց համապարփակ պատկերը կը ներկայացնէ Երուսաղէմ Քրիստոսի փառահեղ մուտքը, որ առհասարակ հայ ժողովուրդին մօտ ծանօթ է...

Page 512 of 1112 1 … 511 512 513 … 1,112

Արխիւներ