Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին
Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով
Օրհնութիւն Բարձրեալին»:
(Մտ 21.9)
Բեթղեհէմէն Գողգոթայ երկարող եռամեայ սրբազան առաքելութեան անկիւնադարձային հանգրուանը, տնօրինական` երկնային ծրագրի ծաղկեպսակը եւ վերջապէս մարդկային կեանքի արհաւիրքներուն, տագնապներուն, ինչպէս նաեւ խնդութեանց ու երջանկութեանց համապարփակ պատկերը կը ներկայացնէ Երուսաղէմ Քրիստոսի փառահեղ մուտքը, որ առհասարակ հայ ժողովուրդին մօտ ծանօթ է Ծաղկազարդ յորջորջումով: Հայ ազգին կողմէ յատուկ անուանում մըն է Ծաղկազարդը: Բնութեան պատկերները հմտութեամբ մեկնաբանող մեր ժողովուրդը առնչութիւն մը տեսած է Քրիստոսի յաղթական մուտքին եւ տարուան գունագեղ եղանակին` գարնան բնութենէն ներս նուաճողական ծաւալումին միջեւ: Դեղնաւուն արտերուն դալար պատմուճան հագնիլը, տերեւաթափ ծառերուն ծաղկազարդուիլը ներշնչման առարկաները դարձած են մեր ժողովուրդին:
Հայ ժողովուրդը հաւատարիմ մնացած է իր աւանդութեանց, բայց երբեք չէ դարձած աւանդապաշտ, որովհետեւ մեր ազգը իր էութեան ճշմարիտ գանձը միշտ փնտռած է մարդկային արժէքին մէջ եւ ոչ` ցուցականութեան, որովհետեւ անցեալը այնքա՜ն կարեւոր է եղած, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ, որովհետեւ տագնապն ու հալածանքը անպակաս եղած են մեր կեանքէն շարունակ, եկեղեցին իր կարգին եղած է ջահակիրը թէ՛ արժէքներու, եւ թէ աւանդութեան: Տարիներ շարունակ հայ եկեղեցին է զարդարուած ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստերով: Ժողովուրդին աւանդութեան արկղը միշտ պահուած է ապահով գանձարանին` եկեղեցւոյ մէջ: Այս պատճառով Սուրբ եկեղեցւոյս սրբազան հայրերը տնօրինած են կատարել Անդաստան Ծաղկազարդի տօնին, որպէսզի երկիրը օրհնուի եւ պահպանուի Սուրբ խաչի նշանով, Աւետարանով ու օրուան շնորհաբաշխ խորհուրդով, կարգաւորած են կատարել մեծաշուք տօնախմբութիւն եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ` ի յիշատակ Իսրայէլի որդիներուն տօնախմբութեան:
Դարեր շարունակ անսացած է մեր ժողովուրդը սաղմոսագրին սոյն կոչին` «Դալար ոստեր բռնած` թափօ՛ր կազմեցէք» (Սղ 118.27): Կազմած ենք թափօր ու ընծայած մեր հոգիները սուրբ խորհուրդին:
Ի՞նչ պատահած էր երկրագունդին այդ փոքր հատուածին մէջ, որուն յիշատակութիւնը տակաւին նոյն խնդութեամբ կը պահէ իր ուժգնութիւնը:
Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ մարգարտազարդ շարականները ի՜նչ հարազատ պատկերներով ներկայացուցած են Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը` հետեւեալ բառերով. «Ծերքն ոստովք ձիթենեօք, եւ տղայքն ոստովք արմաւենեօք»: Ահաւասիկ անզուգական խնդութեան պատկեր մը: ժողովուրդ մը ամբողջ` տարեց թէ երիտասարդ, միահունչ կը դիմաւորէին Տէրը, որ պիտի ազատէր չարին տիրապետութենէն, յոյս պիտի դառնար սերունդներուն եւ լոյս` համայն աշխարհին: 118-րդ սաղմոսին բառերն էին որ կ՛իրականանային: Շրջանի բնակիչները ֆիզիքական աչքերով կը տեսնէին մարդացեալ Աստուածորդւոյն մուտքը Երուսաղէմ: Դարեր ետք Աստուած այցելած էր Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի որդիներուն:
Ծաղկազարդուած ճամբաները առաւել իմաստ կը ստանային, երբ «ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ» (Մտ 21.8): Վերարկու փռելը կամ յանձնելը յատուկ նշանակութիւն ունի ընդհանրապէս արեւելեան մշակոյթի պատկանող ժողովուրդներու մօտ եւ յատկապէս Իսրայէլի որդիներուն քով: Անոնք իրենց վերարկուները փռելով` Քրիստոսի առաջնորդութեան, Անոր իշխանութեան վկայութիւն կու տային (Հմմտ Ես 3.6):
Երուսաղէմի բնակիչները երրեակ օրհնութեամբ կը դիմաւորէին գալուստը երկինքի Արքային: Յովհաննու Աւետարանին մէջ ժողովուրդին կոչը յիշուած է Ովսաննա «Հոշի՛աննա» ձեւով (Յհ 12.13), որ սկզբնական իր իմաստին մէջ` աղաչանքի եւ օգնութեան կանչ մըն է, բայց հետագային փառաբանանքի կերպար ստացած է:
Ահաւասիկ կու գար Ան` որ Մեսիական տեսիլքը թանձրացեալ իրականութեան վերածած էր: Կու գար Ան` որ փրկչական արեամբ պիտի փրկէր համայն մարդկութիւնը չարին կապանքէն: Կու գար Ան` որ աղքատներուն մխիթարութիւն եւ հիւանդներուն բժշկութիւն պիտի ըլլար:
Մարդկային պատմութեան էջերը հազուադէպ վկայած են այսպիսի մեծաշուք տեսարան մը: Եղած են իշխաններ, թագաւորներ, կայսրեր, որոնք երկար պատերազմներէ ետք իրենց գրաւած քաղաքները յաղթական մուտք գործած են` բռնութիւն եւ մահ սփռելու: Սակայն, Քրիստոս իբրեւ փառաց թագաւոր, Երուսաղէմ մուտք գործեց ազատութիւն եւ կեանք շնորհելու:
Հալածեալ Քրիստոսը, գիտնալով հանդերձ իր կրելիք չարչարանքներն ու նախատինքը, քաջութեամբ եւ փառքով մուտք կը գործէր Երուսաղէմ: Ան Երուսաղէմ մտնելով կը փաստէր իր անսասան կամքը եւ հաւատարմութիւնը հանդէպ իր տուած խոստումներուն: Փրկիչը իբրեւ երկնային գառնուկ կու գար մեղքի մուրհակը եւ օրէնքի վարագոյրը պատռելու, որպէսզի մարդ արարածը վերադառնայ իր վաւերական ու իսկական կոչումին:
Երկու հազարամեակ ետք Տէրը դարձեալ կու գայ ծաղկազարդելու, յուսադրելու, լուսաւորելու, ազատագրելու եւ կեանք պարգեւելու իր ժողովուրդին:
Քրիստոսի դիմաւորող ամբոխը մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն մէջ ունի հիմնական մէկ պատգամ, որն է.-
Հաւատքով Դիմաւորենք Յոյս Քրիստոսը Մեր Կեանքին Մէջ
Կ՛ապրինք այնպիսի պայմաններու եւ պարագաներու մէջ, որոնք յուսալքումի կ՛առաջնորդեն մարդս: Այսօր աշխարհը կը տառապի ժահրի մը պատճառով ստեղծուած համաճարակէ: Համաճարակի ազդեցութեան տակ ինկած անձերուն ու երկիրներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Ներկայ աշխարհը իր բժշկագիտական կարողութիւնները ի սպաս դրած է մարդկութեան բարօրութեան ի խնդիր: Սակայն, տեղեկատուական միջոցները յուսադրիչ տեղեկութիւններու փոխարէն կը հաղորդեն տագնապ ու սարսափ: Աշխարհի մէկ երրորդը կը գտնուի տուներուն մէջ` նախազգուշանալով ժահրին ազդեցութենէն:
Այսօր հսկայ շարժում մը, յեղափոխութիւն մը կայ մարդկութեան հոգիին մէջ. կեանքի, հաւատքի ու գոյապայքարի մղող ու դէպի ճշմարտութեան` Աստուծոյ վերադարձ խոստացող: Այսօր կ՛ապրինք ճգնաժամ մը, մարդկային պատմութեան գուցէ մեծագոյն աղէտներէն մէկուն նախօրէին կը գտնուինք եւ աւելի քան երբեք պէտք ունինք Տիրոջ ներկայութեան: Երկու հազարամեակ առաջ հեթանոս բարբարոսութեան դէմ Տիրոջ յուսացող ժողովուրդը «Դալար ոստերով» դիմաւորեց Ազատարարը: Իսկ այսօր մենք ի՞նչ ունինք ընծայելիք` իբրեւ դալար ոստեր:
Մենք ունինք մեր մշտադալար հաւատքը եւ անմար յոյսը, որոնց ընծայաբերումով արժանաւորապէս պիտի ընդունինք Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ: Ան պիտի ըլլայ մեր բժշկութիւնն ու մխիթարութիւնը: Մեր խռոված, գունաթափած հոգիները պէտք ունին ճշմարիտ ծաղկազարդողի` յոյս Քրիստոսի: Յուսահատումը հոգիի ոճիր է: Առաւել` կեանքի կոչուած քրիստոնեայ մարդուն միակ յոյսը Տէրն է:
Աստուածաշունչի սրտառուչ դէպքերէն մէկը եղող երից մանկանց դրուագը այսօր դարձեալ կը կրկնուի, սակայն տարբեր պատկերներով: Հնոցի մէջ նետուած, բայց հաւատքի կրակով այրող ու Տէրը իբրեւ միակ ապաւէն եւ յոյս ճանչցող այդ երեք անձնաւորութիւնները վկայեցին, թէ Տիրոջ յուսացողը եւ անոր հաւատարիմ եղողը ամօթով չի մնար: Անոնք Տիրոջ յուսալով, անոր ապաւինելով եւ ուժգին հաւատքով Մարդու Որդիին հովանիին ներքեւ դուրս եկան կրակէն:
Կը կարդանք, թէ Քրիստոսի հետեւորդները ինչպիսի՛ դժնդակ կեանք մը վարեցին, սակայն միշտ Տիրոջ յուսալով` յաղթահարեցին դժուարութիւնները: Ներկայիս կ՛անցնինք կրակէ մը, որուն անունն է պսակաձեւ ժահր (Քորոնա), սակայն յոյսով եւ հաւատքով պիտի շրջանցենք այս դժուարութիւնը: Ինչպէս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը փրկագործութեան սկիզբը կը համարուի, այսօր եւս Ծաղկազարդի տօնը թող որ մարդկութեան բժշկութեան սկիզբը համարուի: Հիմա պահն է, գէթ երկվայրկեան մը հեռանալով ներկայէն, միանալու անցեալին` Հրէաստանի խանդավառ ժողովուրդին, ժամն է մեր տուները վերածելու փոքր եկեղեցիներու ու հնչեցնելու Քրիստոսի ուղղուած փառաբանութիւնը` ըսելով. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է Ան` որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն Բարձրեալին»: