ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահր կամ «Քորոնա» ժահր: Մինչեւ վերջերս մարդկութեան համար ոչինչ նշանակող այս անունը դարձած է եօթը հազարամեայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը ի դերեւ հանող գոյացութիւն: Ժահրը` ըլլայ ան բնածին, թէ արհեստական, այսօր դուրս է մարդ արարածին վերահսկողութենէն, եւ յստակ չէ, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ կանգ կ’առնէ: Համամարդկային չարիքի վերածուած այս համաճարակը բացայայտեց մարդկութեան անզօրութիւնը որեւէ աներեւոյթ չարիք դիմագրաւելու, մինչ մարդիկ լծուած են միմեանց հանդէպ դաւեր հիւսելու, միմեանց կողոպտելու, խաբելու եւ միմեանց ոչնչացնելու գործին: Սակայն, այս աներեւոյթ գոյացութեան պատճառով, մարդիկ վերածուած են անզօր, անօգնական եւ փխրուն էակներու, որոնք կարօտ են գութի եւ կարեկցանքի:
Իսկ ո՞ւր են մոլորակի եօթը գերհզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիրները` իրենց «անսահման» կարողութիւններով: Ո՞ւր են աշխարհի զարգացած ու յառաջադէմ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, Ճափոնը եւ այլն:
Ո՞ւր են անոնց գիտահետազօտական, արհեստագիտական եւ այլ հիմնարկները` իրենց արդիական սարքաւորումներով, գիտական աշխատակազմերով:
Ներկայիս Բրիտանիոյ թագուհի Էլիզապեթն ու վարչապետ Պորիս Ճոնսընը մեկուսացուած են: Ճոնսըն իր մեկուսացուած վայրէն դիմելով ժողովուրդին` կոչ ուղղեց ըսելով` ձեր հարազատներուն եւ միմեանց հրաժեշտ տուէ՛ք: Անդին Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա փակած են իրենց օդային տարածքները օդանաւային երթեւեկութեան դիմաց:
Առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ քսան գերտէրութիւններ իրենց ժողովը առցանց կը գումարեն: Համայն աշխարհը կաթուածահար պատկեր կը պարզէ, առկախուած են միջազգային մարզական մեծ մրցաշարքեր, թատերական ու շարժապատկերային ներկայացումներ: Զանց առնուած են համերգային ու ժամանցային միջոցառումներ: Երկար ժամանակէ ի վեր փակ են դպրոցներու, համալսարաններու եւ այլ կրթական օճախներու դռները: Կաթուածահար վիճակի մէջ են երկաթուղային կայարանները, օդակայանները, մարդատար եւ բեռնատար երթեւեկութեան միջոցները:
Համաշխարհային տնտեսութիւնը արագընթաց քայլերով դէպի փակուղի կ’ընթանայ: 1996 թուականի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը գերազանցող տնտեսական ճգնաժամի ակնկալիքը բաւական աղէտալի պատկեր մը կը պարզէ:
Արդիւնաբերութեան աճի դանդաղումը, որուն իբրեւ հետեւանք վառելանիւթի եւ այլ մետաղական հանածոներու գիներու անկումը աւելի կը խորացնէ տնտեսական ճգնաժամը: Երկիրներու մէջ համընդհանուր մեկուսացման պատճառով գործարաններու դռները փակ են, գործատէրերը` սնանկացման եզրին, իսկ բանուորներու պետական փոխհատուցման ակնկալիքները` առկախուած: Հաւատքի տուները, սրբավայրերը եւ պաշտամունքային այլ հաստատութիւնները փակ են հաւատացեալներու դիմաց` Հռոմէն մինչեւ Երուսաղէմ, Մեքքայէն մինչեւ Թաճ Մահալ: Պահը օրհասական է, իսկ մարդիկ ապշահար` ձեռնուիլը արգիլուած, իսկ համբուրուիլը` ոճիր: Հաւաքները մահաբեր են, իսկ ինքնամեկուսացումը` գնահատելի: Աշխատանքը անմտութիւն է, իսկ ծուլութիւնն ու անգործութիւնը` խրախուսելի:
Եւ այս բոլորը ո՛չ թէ մոլորակի վրայ հիւլէական կամ քիմիական պատերազմի, կամ այլ մոլորակային յարձակման հետեւանք են, այլ մարդկային սովորական, անզէն աչքին անտեսանելի ժահրի մը կողմէ ինքնադրսեւորման հետեւանք է: Ժահր, որուն դիմաց անզօր են «ամենազօր» երկիրներու գերզգայուն ալեհաւաք սարքաւորումները որսալու, գերարդիական թնդանօթները չէզոքացնելու, ալեհաւաքներու կողմէ անտեսանելի օդանաւերը ոչնչացնելու համակարգերը: Ժահր, որուն դիմաց մարդկային բոլոր տեսակի զէնքերը կը վերածուին մետաղական ջարդօնի:
Ցեղային, կրօնական, դաւանանքային պատերազմներու, երկու աշխարհամարտերու, պաղ պատերազմի եւ այլ ձեւի հակամարտութիւններու աղբիւր հանդիսացող մարդկային ագահութիւնը արդեօք սահմաններ չունի՞ ու մարդկութիւնը ինքնակործանմա՞ն պիտի հասցնէ, թէ ի վերջոյ մարդկային առողջ բանականութիւնը սահման պիտի դնէ իր այդ անզուսպ կիրքին:
Պահը օրհասական է:
Յուսանք, որ մարդկութիւնը պատուհասած այս սարսափելի աղէտը առիթ կը հանդիսանայ մարդ էակին` ինքզինք վերաքննելու եւ իր վայելած բարիքները վերագնահատելու ու ինքնակործանման իր ընթացքէն հրաժարելու:
Հալէպ



