Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին

April 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Քորոնայի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն համար անցնող շաբթուան ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարուեցան եւ կը կատարուին տակաւին:

Նախազգուշական արշաւի համար սկսած շտապը օրը-օրին մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Պետութիւններ անկարող են կազմակերպելու եւ երեւոյթին դէմ յանդիման կենալու:

Լիբանանահայութիւնը իր կառոյցներով անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով եւ պատրաստակամութեամբ:

Այսօր փաստօրէն 5.000 ընտանիք եւ աւելի կարիքը ունի սնունդի: Շտապը արդէն սկսաւ 3.000 ընտանիքի սննդեղէնի կտրօններ եւ տուփեր բաժնել:

Բոլորին պիտի փորձենք հասնիլ: Ո՛չ կուսակցական, ո՛չ համայնքային, ո՛չ ընտրական եւ ո՛չ ալ այլ նախապաշարումներ կան: Սակայն, զտումը այնպէս մը կ’ըլլայ, որ ընտանիք մը եթէ մէկ անգամ ստացաւ, երկրորդ անգամ չստանայ: Այդ նպատակով ալ ստուգումներ կը կատարուին:

Կաթողիկոսարանէն, Ազգային առաջնորդարանէն, Հայ կաթողիկէ համայնքէն, քաղաքապետութիւններէն օժանդակութիւն ստացողները  բնականաբար առիթ պէտք է տան, որ ուրիշներն ալ ստանան:

Պարզապէս հասկացողութեամբ եւ իրարու օգտակար ըլլալու սկզբունքով օգնենք իրարու:

Այս ուղղութեամբ խօսք մըն ալ նուիրատուներուն:

Նուիրատուներ կան, որ բոլոր առիթներով մեր գաղութի բարօրութեան, կրթական, մարզական, մշակութային, քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական մարզերուն մէջ օգտակար կ’ըլլան միշտ: Շնորհակալութիւն նախ իրենց վեհանձնութեան եւ օրինակելի ընթացքին համար: Առանց դիմելու նուիրատուութիւն ընելը մեզի ուժ եւ կորով կու տայ: Երկրորդ.երեք պատկեր փոխանցեմ. երեքն ալ պատահեցան անձամբ ինծի հետ:

Առջի գիշեր Անգլիայէն հեռաձայն մը ստացայ: Սուրիահայ հայրենակից մը, որ Սուրիայէն պատերազմի օրերուն, 2014-ին, ապաստանած էր Լիբանան, մինչեւ իր Անգլիա գաղթելու թուղթերուն դասաւորումը անհրաժեշտ էր ոտքի անյետաձգելի գործողութիւն մը ընէր եւ մենք այդ դասաւորումը ըրած էինք օրին: Ներկայիս, վեց տարի ետք, երբ դիմատետրով տեսաւ մեր աշխատանքները, հեռաձայնեց` ըսելու համար,  որ 400 տոլարով պիտի օժանդակէ մեր աշխատանքներուն:

Երախտագիտութեան եւ  շնորհակալութեան պատկեր մը, որ տարիներ առաջ կատարուած բարեգործութեան մը փոխադարձ կեցուածքը կը պարզէ:

Երկրորդ` մայր մը 100.000 լ.ո. նուիրեց. գումարը իր պզտիկներուն գանձանակէն հաւաքուած էր: ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ ներկայացաւ` իր երախտագիտութիւնը  յայտնելու եւ  մասնակցութիւնը բերելու համար:

Երրորդ.տարեց հայրիկ մը ներկայացաւ եւ իր կողմէ 50.000 լ.ո. նուիրեց, որպէսզի  ուրիշ տարեցի մը օգտակար ըլլայ:

Եւ այսպէս, մեր գաղութը ինքնուրոյն է իր պահուածքով եւ տոկունութեամբ:

Տակաւին չեմ նշեր հարիւրաւոր կամաւոր տղաքն ու ԼՕԽ-ականները, բժիշկները, դեղագործներն ու հիւանդապահները:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Տունը մնացէ՛ք. մենք ձեզի կը հասնինք:

 

 

 

 

Նախորդը

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

Յաջորդը

Ծաղկազարդը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ Աշխարհի, Եկո՛ւր Եւ Մո՛ւտք Գործէ Հայ Կեանքի Երուսաղէմը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.